Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՐՆԱՆԱՄՈՒՏԻ ԴԱՇՏԱՆԿԱՐ


Դաշտին վրայ, որուն մէջտեղէն բլուրներու սապատող ողնաշար մը կ՚երկննայ, անձրեւին տրտմութիւնը բռներ կեցեր է։ Հանդարտ, միապաղաղ տրտմութիւն մը որ երկնքէն վար կախուելով՝ կը հասնի մինչեւ վարի հերկերը, աշնանացանները, վարի գեղերն ու տուները։ Ու դաշտը, հեռաւոր գերեզմաննոցի մը անաղմուկ լռութեամբը, կ՚ամփոփուի, կը տեղաւորուի այդ տրտմութեան մէջ ինքնակամ անձնատուութեամբ, կարծես վայելելով իր վրայ ցօղուած այդ տխրութիւնը, հաճոյանալով անոր տակ, իր կողմէն անոր մօտենալու ջանք մը ընելով։

Իր երկայնութիւնը շրջափակող լայնանիստ, ձիւնազարդ լեռնաշղթային իւրաքանչիւր իրանը՝ որ առանձին լեռ մըն է, մեծանիստ ու բարձրագագաթ, վեհաշուք հպարտութիւն մը կ՚արձանացնէ եւ այդ մառախլապատ տրտմութեան կը մօտեցնէ իր ճակատը՝ մեծաշուք պսակադրութեան մը հանդիսաւոր կեցուածքին մէջ։

Ամպերը այդ բարձունքներուն աւելի մօտ են, իրենց շրթունքը կը դպնայ գրեթէ անոնց, մինչդեռ վարի տափարակ համեստութիւններուն վրայ իրենց մրուրը կը մաղուի միայն։

Այս խոնարհ ու արտասուաթոր տրտմութիւնն է որ աղօթքի մը պէս կը ծնրադրէ դիւրահաղորդ արտերուն վրայ, կը խառնուի համաչափ ակօսներուն եւ սուրճի գոյնով փխրուն հողին հետ, որպէս զի կենսագործէ յառաջիկայ գարնան ուռճալից ընձիւղները, ծիծաղկոտ ու ցնծուն ծլարձակուները, առատալիր բուսականութեան մը դալարաւէտ զարթնումը։ Հազարաւոր բազուկներ պիտի քաղեն բոլոր այդ հարստութիւնը, պիտի ամբարեն, դեռ պիտի տան ասոր ու անոր. բազմաթիւ նախիրներ իրենց բաժինը պիտի առնեն ու կոշտ կտնամբարով թռչուններ երամովին պիտի ճախրեն հրճուագին՝ հունձքով ու պտուղներով բեռնաւոր գետնին վերեւէն, պիտի երգեն լիահագագ ամէնքն ալ իրենց յատուկ մեղեդիները…

Սակայն ի՜նչ փոյթ, ահա հորիզոնին վրայ ամպերը կը խռուանան, գորշագոյնները կը մղեղտուին ու տափակ երկայն սանտրի մը պէս իրենց ատամները ճերմակին մէջ կ՚անցնեն. քիչ մը վերօք թխագոյն գօտի մը կ՚երկըննայ սպառնագին, վերջանալով ձուկի պոչով մը։

Եթէ երկնքէն անտարակուսելի լոյսը վտարուած է, բայց եթէ արեւը կը շարունակէ իր կարմիր տաքութիւնն ու ոսկի շողարձակութիւնը, անոնք ամէնքն ալ անտեսանելի ոլորտներու մէջ թառած, այդ սեւ գօտիէն ու այդ համապարփակ յուսահատութենէն անդին տեղ մը կը սպասեն. կը սպասեն գարունը գրկած, որպէս զի մարտն իր կատաղի թոքերուն անսպառ կարծուած փքոցը դատարկէ, որպէս զի ապրիլն իր լալկան աչքերուն բոլոր սուգը քամէ եւ այս քաղցրանուշ տրտմութիւնը հասունցնէ հողն ու քարը, կեղեւն ու ոստը, ակերուն երակներն ու գետերուն ստինքները։

Օրը որքան որ կը տարաժամի, վերջալոյսը որքան որ կը փութայ, համատարած տրտմութեան մէջէն այնքան որոշ պայծառութիւն մը կը թափանցէ, եթերային տարտամ ժպիտ մը որ վերի անտեղիտալի տժգունութիւններէն անցնելով կը ցրուի, կ՚ընդլայնուի ու կը մեծնայ։

Չէ՛, վախնալու բան չկայ սակայն. պատուհաններու երկաթներէն, ծառերու ճիւղերէն, ծխնելոյզներու եզերքներէն եւ օդին մէջ առկախ այս բիւրաւոր կաթիլները մօտալուտ յուսահատական վախճանի մը վրայ լացող արցունքներ չեն. աշնան հոտը չի գար բոլոր ասոնցմէ։

Գահավէժ տրտմութիւն չէ ասիկա, որուն ետեւէն մարդ վախն ունենայ սպասելու որ բնութեան ձմեռնային աղէտները պայթին տեղէ մը։ Առաջաւոր գարնան քնքուշ, ցօղաթուրմ տրտմութիւնն է որ թեւաբաց առեր կայներ է դաշտին երեսը, կարօտալից գեղերուն գլխին վերեւ։

Այս մոխրագոյն բեհեզէ վրանին խորը մայիսի գեղեցկութիւնն իր հարսանեկան արդուզարդը կ՚ընէ, գանգուրներուն մէջ շարելով կարմիր վարդերը, դեղին վարդերն ու ճերմակ վարդերը, ետեւի ծամերու հիւսկէններուն մէջ՝ խնկաւէտ մանուշակներու թերթիկներ մէջքը, կապելով փափկամետաքս կանաչ տերեւներէ գօտին, քամելով լանջքին վրայ ճերմակ շուշաններու կաթը. մայիսի գեղեցկութիւնն հիմա ինքզինք կ՚օծէ հմայիչ անուրջներու լոյսովը, օրօրող հեշտանքներու, երգերու, անհանդարտ սէրերու, դեռ շատ մը ցնորեցուցիչ յափշտակութիւններու բուրմունքովը։

* * *

Եթէ տրուած ըլլար ո՛եւէ հոգիի արձագանգելու օր մը բոլոր այն սիրանուագ ու փափկավանկ եղանակները՝ որ վաղը գարնան թռչունները պիտի բերեն իրենց հետ դայլայլելու անծանօթ հեռաւոր հորիզոններէ, եթէ տրուած ըլլար ոեւէ սրտի՝ իր յուռթի ածուներուն վրայ ծաղկեցնելու այն բոլոր գունագեղ ու թարմ զգացումները՝ ինչպէս վաղը պիտի փթթին հիւթեղ ծաղիկները, ա՜խ, եթէ այդ հոգիներուն ու սրտերուն մէջ ինծի ալ մասնակցութեան մը բաժինը վիճակուած ըլլար՝ երախտագիտութեամբ պիտի կենայի բազկատարած դէպի այսօրուան գարնան տրտմութիւնը որ կը նստի ահա դէմի բլուրներուն ու արօրադրուած դաշտին երկայնքն ի վար։ Ասոր մէջէն ցաւակոծ ու մահաբոյր հեծեծանք չի սուրար, ինչպէս տրտմութենէն որ կը պրկէ բնութեան բազմաձայն քնարին թելերը ու կը խորտակէ զանոնք. ասիկա աւերիչ հանգամանք չունի, որուն հաղորդակցութիւնը ցամքեցնէ կաթ տուող ծիծերն ու դադրեցնէ կենսալից բաբախումները։ Զինքը ծննդաբերող ամպերուն ետեւ արդէն գարնան հրեշտակին տաւիղը կը լսուի մեղմաձայն ու քաղցրահնչուն, որ վաղը գետին պիտի իջնէ, պիտի բաշխուի ամէնուն, գեղացիին ա՛լ աւելի, գեղի աղբիւրներուն շատ աւելի։