ՈՎ
ՈՐ
ՍՈԻԼԹԱՆ
ՄԸ
ՈԻՆԻ
ԻՐ
ՀՈԳԻԻՆ
ՄԷՋ
Ա
Հեռաւոր
այն
դարուն,
Խուտէվէնտ
թագաւորը
կ՚իշխէր
Իրանի
վրայ,
ինչպէս
արեւին
հրեղէն
զօրութիւնը
աւազներու
ովկիանոսին
վրայ,
խստութեամբ
ու
սաստկութեամբ:
Մեռա՜ն
աստուածները
Խուտէվէնտ
թագաւորին
իշխանութեանը
սահմաններուն
մէջ,
ոմանք
խեղդամահ,
ոմանք
անձնասպան,
եւ
ուրիշներ՝
կաթուածահար:
Մեռան
բոլո՜ր
աստուածները,
երկրային
ու
երկնային,
ամէ՜նքը,
ամէ՜նքը.
ե՛ւ
անոնք՝
որոնց
օթեւան
կը
ծառայէին
աղօթքի
մեծակառոյց
տաճարները,
ե՛ւ
անոնք
որ
կը
գահակալէին
սիրտերու
ամպհովանիին
տակ
ու
խղճմտանքներու
սրբարանին
մէջ:
Եւ
մարդիկ
օտարացան
ուրախութեան
հետ,
որովհետեւ
ժպիտը
ցամքեցաւ,
անջուր
աղբիւրի
մը
պէս,
Համատանի
մէջ
անգամ՝
ուր
երկինքը,
տարուան
ամէն
եղանակին,
իր
լուսածիծաղ
շատրուաններէն
զուարթութիւն
ու
ցնծութիւն
կ՚առուահոսէ:
Երբ
գարունը
կու
գար,
ու
Շիրազի
վարդաստաններուն
մէջ
պիւլպիւլները՝
արբեցած
սիրոյ
գինիէն,
կ՚ալեխօսէին
կեանքի
բերկրապատառ
օրհնութիւնը,
Խուտէվէնտ
թագաւորին
հպատակները
կը
հարցնէին
իրարու.
–
Ա՜խ,
այս
որքա՜ն
տրտում
է
երգը,
որ
կը
հեծեն
սոխակները,
եւ
այս
ինչքա՜ն
դառնահամ
է
մեղեդին
անոնց
հագագին
մէջ…: