Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷՄԻՐ—ՂԱՅԱ


Քամին հանդարտեցաւ։ Երեւի այնօր ալ մենք ծովուն վրայ պիտի գիշերէինք։ Երկկայմանի սրընթաց նաւը մէկ կողմէն միւսին վրայ կը ճօճէր ծուլօրէն։ Բացուած էին թաց առագաստները։

Սպիտակ մառախուղը ամբողջովին շրջապատեց նաւը։ Ո՛չ աստղ կ՚երեւի, ո՛չ երկինք, ո՛չ ծով եւ ո՛չ ալ գիշեր։

Ա.

«Զինք կը կոչէին Տէմիր—Ղայա, մեր լեզուով կը նշանակէ Երկաթեայ Ժայռ։ Այդ անունը անոր համար էին տուեր իրեն, որովհետեւ ո՛չ վիշտ, ո՛չ ամօթ եւ ո՛չ ալ ահ կը զգար ան։

Իր խումբով աւազակութիւն կ՚ընէր թէ՛ Ստամպուլի շրջակաները, թէ՛ պանծալի Թեսալիոյ մէջ, թէ՛ ժայռոտ Մակեդոնիոյ մէջ եւ թէ՛ պուլկարական ամպածրար արօտատեղիներուն վրայ։

Իննսունինը մարդ մեռաւ անոր ձեռքէն, որոնց մէջ կային կին, ծեր ու մանուկ։

Եւ ահա, օր մը, լեռներուն մէջ զինք շրջապատեց փատիշահի թող Ալլահը երկա՜ր ընէ անոր կեանքը ուժեղ զօրքը։ Երեք օր Տէմիր—Ղայան ետ—ետ մղուեցաւ, ինչպէս շուներուն ձեռքն ինկած գայլը։ Չորրորդ օրուան առտուն, անիկա պատռեց թշնամիին շղթան, բայց… մինակ։ Ընկերներուն մէկ մասը ինկաւ կատաղի հետապնդման ժամանակ, մնացածներն ալ գլխատուեցան Ստամպուլի լայն հրապարակին վրայ։

Բ.

Անմատչելի քարայրին մէջ, խարոյկին մօտ՝ պառկած էր վիրաւոր եւ արիւնաթաթախ Տէմիր—Ղայան, ուր իրեն ապաստան էին տուեր լեռնային հովիւները։

Եւ ահա, կէս գիշերին, իրեն յայտնուեցաւ լուսափայլ հրեշտակը՝ բոցեղէն թուրով։ Տէմիր—Ղայան ճանչցաւ մահուան լրաբեր եւ երկինքի առաքեալ Ազրայէլը եւ ըսաւ.

Թո՛ղ կատարուի Ալլահին կամքը. ես պատրաստ եմ։

Բայց հրեշտակը պատասխանեց.

Ո՛չ, Տէմիր—Ղայա, դեռ քու ժամդ չէ հասեր։ Լսէ՛ Աստուծոյ կամքը։ Մահուան անկողինէն ելլելուդ պէս, կ՚երթաս գետնէն կը հանես քու գանձերդ ու ոսկիի կը վերածես զանոնք։ Յետոյ կը քալես դէպի արեւելք. կ՚երթաս, այնքա՜ն կ՚երթաս՝ մինչեւ որ հասնիս այն տեղը, ուր եօթը ճամբայ իրարու կը միանան։ Հոն տուն մը կը շինես զով սենեակներով, լայն բազկաթոռներով ու մաքուր ջուրի շատրվաններով՝ լուացուելու համար, ուտելիք—խմելիքով՝ ճամբորդներու համար, եւ անուշաբոյր սուրճով ու հոտաւէտ նարկիլէով՝ յոգնածներուն համար։ Կանչէ՛ այն բոլոր մարդիկը, թէ՛ հետեւակ, թէ՛ ձիաւոր, որոնք կ՚անցնին քու տանդ մօտէն եւ ծառայէ անոնց, յետին ստրուկի մը նման։ Թող քու տունդ ըլլայ նաեւ անոնցը, քու ոսկիդ՝ անոնց ոսկին, եւ քու աշխատանքդ՝ անոնց հանգստութիւնը։ Եւ գիտցի՛ր, որ կու գայ ժամանակ, երբ Ալլահը կը մոռնայ քու մեծ մեղքերդ եւ կը ներէ իր զաւակներուն արիւնը։

Ի՞նչ նշանով ցոյց պիտի տայ Տէրը, որ ներած է իմ մեղքերուս, հարցուց Տէմիր—Ղայան։

Հրեշտակը պատասխանեց.

Վերցո՛ւր քովդ մխացող խարոյկէն սա այրուած, սեւցած կիսայրեացը եւ ցցէ՛ հողին մէջ։ Երբ անիկա կեղեւով ծածկուի, ծիլեր արձակէ ու ծաղկի, այն ատեն գիտցի՛ր որ հասեր է փրկութեան ժամդ։

Գ.

Այդ ժամանակէն անցաւ քսան տարի։ Փատիշահին թո՛ղ Ալլահը երկա՜ր ընէ անոր կեանքը ամբողջ երկրին մէջ տարածուած էր եօթը ճամբաներու հիւրանոցին փառքը, որ կը գտնուէր Ճիտտէէն Զմիւռնիա տանող ճամբուն վրայ։ Մուրացկանը անկէ կը հեռանայ՝ ուռուպիա մը ձգած իր ճամբորդական պայուսակին մէջ, անօթին՝ կուշտ, յոգնածը՝ աշխոյժ, վիրաւորը՝ առողջացած։ Քսան տարի, քսան երկա՜ր տարիներ՝ Տէմիր—Ղայան կը նայէր, ամէն իրիկուն, իր բակին մէջ ցցած այդ զարմանալի փայտի կոճղին, բայց անիկա դեռ սեւ էր ու չոր։

Խաւարեցան Տէմիր—Ղայայի արծուատես աչքերը, կորացաւ անոր ուժեղ իրանը եւ գլխուն մազերը սպիտակացան՝ նման հրեշտակի թեւերուն։

Անգամ մը, առաւօտուն շատ կանուխ, լսելով ձիու դոփիւն, դուրս վազեց ճամբան ու տեսաւ ձիաւոր մը, որ կը սուրար արիւն—քրտինք մտած ձիու մը վրայ։

Տէմիր—Ղայան հասաւ, բռնեց ձիուն սանձը եւ խնդրեց ձիաւորէն.

Ո՜վ իմ եղբայրս, հրամմէ՛, մտի՛ր իմ տունս։ Զովացո՛ւր երեսդ ջուրով, ամրապնդէ քեզ ուտելիքով ու խմելիքով ու քաղցրացուր շրթունքներդ անուշաբոյր թամպաքիով։

Իսկ ճամբորդը պոռաց բարկութեամբ.

Թո՛ղ զիս, ծերո՛ւկ, թո՛ղ։

Ու թքաւ անիկա Տէմիր—Ղայայի երեսը եւ մտրակի կոթով ալ հարուած մը տալով անոր գլխուն, առաջ անցաւ։

Բորբոքեցաւ Տէմիր—Ղայայի աւազակային հպարտ արիւնը։ Գետնէն վերցուց ծանր քար մը, նետեց անարգողին ետեւէն ու փշրեց անոր գանկը։ Երերաց ձիաւորը թամբին վրայ, բռնեց իր գլխէն ու ինկաւ ճամբու փոշիին մէջ։

Սարսափահար՝ անոր քով վազեց Տէմիր—Ղայան եւ վշտահար ըսաւ անոր.

Եղբա՜յր իմ, ե՛ս սպաննեցի քեզ։

Մեռնողը պատասխանեց.

Ո՛չ թէ դուն, այլ Ալլահին ձեռքը սպաննեց զիս։ Լսէ՛։ Մեր վիլայէթին փաշան դաժան, ընչաքաղց ու անարդար մարդ մըն է։ Ընկերներս անոր դէմ դաւադրութիւն նիւթեցին։ Ես ուզեցի մատնել զանոնք։ Եւ ահա, երբ կը շտապէի երթալ, ամբաստանել զանոնք՝ քու քարդ կանգնեցուց զիս։ Այսպէս կ՚ուզէ Աստուած։ Մնա՜ս բարով։

Դ.

Տէմիր—Ղայան վշտահար վերադարձաւ տուն։ Բարութեան եւ զղջման այն սանդուղը, որուն վրայ ամբողջ քսան տարի արագօրէն կը բարձրանար ինք, կոտրեցաւ իր տակը եւ ամառուան առտուան մը մէջ փլաւ մէկ ակնթարթէն։

Յուսահա՜տ, ակնարկը դարձուց այն կողմը, ուր միշտ սովոր էր տեսնել սեւ ածխացած կոճղը։ Եւ յանկարծ ո՜վ հրաշք տեսաւ, որ, իր աչքին առջեւ, չոր ծառը ծիլեր կ՚արձակէ, բողբոջներ կու տայ ու կը ծածկուի նուրբ ու դեղին ծաղիկներով։

Այն ատեն Տէմիր—Ղայան ծունկի եկաւ եւ ուրախութենէն լացաւ, որովհետեւ հասկցաւ, թէ մեծ եւ ամենաողորմած Ալլահը, իր անասելի իմաստութեամբ, ներեր էր իր կործանած իննսունինը կեանքերուն, մէկ մատնիչի մահովը։