Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՐՈՏԵՑ ՏՂԱՔԸ
(ՀԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ)
Ա


Մեր քաղաքին մէջ տուները եսական, ամրափակ պատերով տարամերժօրէն առանձնացած չեն՝ ինչպէս մեծ քաղաքներուն մէջ, այլ կուշտ կուշտի տուած, կռնակով իրարու կռթնած՝ գրեթէ ամէնքն ալ միեւնոյն ձեւով ու յարմարութեամբ, կարծես մէկ որմադիրի ու մէ՛կ հիւսնի ձեռքէն ելած։ Միեւնոյն վարպետին, այո՛, քանի որ թաղին բոլոր տուներուն երբ աչքդ դէպի վեր, սենեակին առաստաղին շտկես՝ միեւնոյն յիշատակագիրն ու զարդանկարը կը տեսնես սեւածիր բոլորագծով մը ու ստորագրութեամբ՝ Գրիչ՝ Գրիգոր Վարժապետի. «Շինեցաւ տունս այս արդեամբ Զաքարի ի վայելումն իւրեան եւ որդւոցն Ղուկասի, Կարապետի եւ Սիմաւոնի, որ եւ Աստուած վայելումն տացէ»։ Գրիգոր վարժապետն ու իր գրիչը յաւերժական խորհրդանշանն են, որ կը կախուին ամէն ձեղունէ, որոնց կը հանդիպիս բոլոր համրուած մեծատուններուն ու աղքատին ու ամէնուն տանը առաստաղին վրայ։ Ինքն է, որ ատենին խելացին ու իմաստունն է եղեր, սերունդներ իր փայտին ու թաթիկին տակէն եկեր անցեր են, ծնրադրեր են իր առջեւ, իր անառիկ ու անմատչելի գիտութեանն առջեւ, Նարեկին ծովածաւալ իմաստութենէն լողացեր են, յետոյ բարեւագիրն ու րախեմը [1] սորված՝ կրցեր են բաւականութիւնն ունենալ ու իրենց կարգին ընտանիքներ մշտնջենաւորել։

Այդ Գրիգոր վարժապետը՝ որ իմ հօրս ալ վարժապետն էր եղեր՝ տեսայ ես ալ. արագիլի կտուցի պէս քիթ մ’ունէր՝ բերնին վրայ կռացած, կորացած. խռչափողին սուր մասը ցցուած՝ դուրս տնկուած, կարճուկ, նիհար մարդ մը, աւելի նիհար վիզով մը ու մանկական ձայնով մը՝ որուն կշռաւորութիւնը միշտ այն տպաւորութիւնը կը թողուր թէ՝ գրաբար քերականութեան մէկ անունը կը հոլովէ կամ մէկ բայը կը խոնարհէ։ Ունեւորներու, հացալից հաճաղաներու էշիկները զգուշաւոր ոտիցով կոխող, հաճոյակատարութեան անթերի վարժութիւնը ձեռք բերած ձրիակերի նկարագիրը՝ միացած իր փանաքի երկու—երեք թիզ մարմինին ճկունութեանը՝ թոյլ տուած էին, որ պատի մէջի անունը կախէին իր ետեւէն, ինչ որ մուկ բառին այլաբանութիւնն է, խորհրդանշա՜ն դիւրաթեք կեղծաւորութեան եւ առնական ուժի անհամեմատ փոքրութեան։ Ու Գրիգոր վարժապետը իր բարեւագրին խրթնագիծ գեղեցկագիտութեան հետ՝ հարկադրեց անշուշտ իր աշակերտներուն այն սակաւապէտ բարոյագիտութիւնը, ճաշակը եւ ժուժկալ աշխարհայեցողութիւնը, որոնք իրմէ ետքն ալ դեռ շարունակեցին ապրիլ։ Այսպէս էր, որ ահա Գրիգոր վարժապետն իրեն դաստիարակ ունեցող սերունդը, ունեցաւ նաեւ հասարակաց որմադիրն ալ, անունով վարպետ, դուք հասկցէք իր տեղին ճարտարապետը, որ շատ գոհ արուեստով մը շինեց քաղաքին տուները յաւիտենապէս անփոփոխ յատակագծի մը վրայէն, օրինակի համար՝ իբրեւ առաջին յարկ՝ ախոռը, դորդան [2], կրակտունն ու սուֆան, երկրորդ յարկն ալ շահնիշիրին մը, այվանը [3] ու ճաղերով տանիքը։

Եւ ահա տուները՝ ոմանք բարձր, ոմանք ցած, քարաշէն կամ աղիւսէ պատերով՝ հոգ չէ, բայց ամէնքն ալ պինդ փարած իրարու, ամէնքն ալ եղբայրաբար իրենց թիկունքը մէկ—մէկու միացուցած՝ կը կազմեն ընտանութեան ու սրտակցութեան աշխարհ մը։ Անոր համար մէկ տանիքէն կարելի է քսան—երեսուն տանիք կոխել անցնիլ ու դեռ այս ալ անբաւական, մէկ միջնորմով բաժնուած երկու դրացի տան օտարութիւնը հաշտեցնելու համար դռոտներ [4] կամ խօսարան ծակեր բացեր են, որոնց միջոցով ձմեռ գիշերներուն մանաւանդ իրարու ձայն կու տան, անվերջանալի ձանձրոյթը կը սպաննեն՝ խօսելով ասկէ—անկէ, կատակներ, հէնէքներ փոխանակելով զոյգ ընտանիքներու այս ու այն անդամին հետ։ Դրացին՝ մարդուն եղբայրն է, քոյրն է, դրացին՝ մարդուն ցաւակիցն ու նեղ օրերու ընկերն է. մէկ տունէն ծխացող վիշտը կ՚ոլորուի միւսին կ՚երթայ, ինչպէս նոյն օճախին համար ճենճերացող խունկը՝ խնկամանէն դէպի մօտաւոր տունն ու օճախն ալ կ՚օրհնէ եւ կը սրբագործէ. աչքդ բացեր՝ դրացիիդ մանուկին հետ ես եղբայրացեր, նոյն պատերն ու բուխերիկն ես տեսեր, նոյն դէմքերն ու ընտանիքը, որոնց ձայնը, որոնց հազը հետեւեր է քեզի երկար տարիներ, անոնց հետ նոյն երկինքին արեւին ու լուսնկային ես նայեր, մէկ աղբիւրէ ջուր ես խմեր, եւ ասոնք ամէնքը աննիւթական բայց հզօր երազի մը փոխուելով՝ միացեր են հոգիիդ ու դարձեր են շատ անուշ, շատ սիրելի։

Այն դրացիները՝ որ կը շրջապատէին մեր տունը՝ դուռի կողմէն ու տանիքի կողմէն՝ ընդհանուր մեծամասնութեամբ աղքատ էին, քիչերը պատառ մը հաց ուտող կամ հաւատացէք, շատ քիչերուն ձեռքը դիւրութեամբ բերանին հասնող։

Աղքատ, սակայն անհանդուրժելի, ծանրատար ու յարձակողական չարութիւն մը ունի այս բառը, կծու բան մը՝ որուն համար ամէնէն պարկեշտ դժբաղդն ալ կ՚ուզէ ականջները գոցել մատովը։ Բայց ո՞վ կը լսէր իմ դրացիներուս ձայնն ու գանգատը, ո՞վ կը գիտնար, թէ չոր հացով կը պառկին գիշերը ու իրենց ճրագը առջի գիշերէն կը մարէին։ Իր տարտը ուրիշին առջեւ լալը մահ մըն է. այս պատճառով ամէն աչքէ կը ծածկէին կարօտութիւնն ու չքաւորի շապիկը. այդ աղքատ անունը պիտի չառնէին իրենց վրայ՝ եթէ ութը օր, ութը գիշեր հող ուտէին ու արիւն ալ փսխէին։

  Եւ սակայն աղքատ էին անոնք, մէկը գտած ատեննին հազարը ձեռք չէր անցներ, շապիկն եղած ատենը՝ շապկընկերը չկար, երեսն եղած օրը՝ աստառը կարճ կը մնար. բան մը կար վերջապէս, որ պակաս կը մնար յաւիտենապէս. բայց ի՜նչ հոգ, հերիք էր, որ մանկական տեսակ մը կախարդիչ պատրանք իրենց աչքերուն դիւթական ծարիր մը կը քաշէր՝ ծածկելով սեւ իրականութիւնը, իրենց վիճակին յուսահատ դառնութիւնը. հերիք էր, որ ուրիշները չքաւորի աչքով չէին նայեր իրենց եւ յայտնի չէին տար այդ աղքատ անունը իրենց համար։ Գոհութի՜ւն տուողին, այսօրուան գտածնին կ՚ուտէին, վաղուան ալ Տէրն իր ողորմութեան ուրիշ մէկ դուռը կը բանար անշուշտ, բաւական էր, որ հոգինին ողջ էր ու ձեռքերնին, ոտքերնին տեղը։

Բայց, ապահովաբար շրջապատի բոլոր այդ խեղճ ընտանիքներէն ամէնէն թշուառը, ամէնէն չքաւորը Մրոտենք էին, անոնց վիճակը անպայման անտանելի էր։ Հեռաւոր աղէտալի տնօրինութիւն մը պորտէ պորտ սեւ երկինքի մը պէս մրրկեր կեցեր էր անոնց օճախին վրայ ու վաղնջական չքաւորութիւն մը փոխն ի փոխ յաջորդաբար եկեր հասեր էր երկար տարիներէ. Մրոտե՛նք ըսեր էին անոնց, որովհետեւ արհեստով կողպարար ըլլալով՝ մուրն անպակաս էր տղոց դէմքին վրայ, մանաւանդ քիթին երկու կողմերը. մրոտ էին անոնց տան առիքին դարձեկները, գերաններն ու ճռասոնները. մրոտ էին անոնց վրայ—գլուխն ալ. ու եթէ աղքատութիւնն երկինքէն էր՝ քիչ մը անփոյթ անհոգութիւնն ալ իրենց կողմէն՝ այդ ճակատագրական սեւ խարանը կ՚ամբողջացնէր ու կը մեկնաբանէր. նոյնիսկ լուացքէն ետք՝ տանիքին վրայ չորնալու փռուած ճերմակեղէններն անգամ խանկռած [5], թուխ գոյն մ’ունէին։

Խաչեր աղբարը՝ հայրն այդ ընտանիքին՝ չոփ—չոր, երկայնահասակ մարդ մըն էր, ձախ աչքը արդէն աւրուած ու կէս մը փճուք, դէմքը նիհար, շատ նիհար, այտոսկրները ցի՛ց եւ ճակատն ու երեսները վաղաժամ խորշոմներով թախծալից ու մրոտ, միշտ մրոտ։ Տարիքն առած չէր, բայց արդէն կսկծագին քայքայումի մը դառն նշանները կային ամբողջ անձին վրայ։ Քիչ անգամ դուրս կ՚ելլէր ներքնատունէն՝ որ իր աշխատանոցն էր։ Կիրակիները միայն, ան ալ եկեղեցիէն ետքը՝ հացը կ՚ուտէր ու տանիքը կ՚երեւար պտտելու, ձեռքերը զպունին կողմնակի գրպաններուն մէջ՝ ցուիքներուն շրջանը կ՚ընէր կամաց—կամաց. քիչ մը հոս կը կենար՝ դար—վար կը նայէր, քիչ մը հոն կը կենար՝ ոտիցին ծայրով գետնէն խախտած մէկ խիճը կը նետէր, կամ ճեղքերը կը գոցէր՝ ոտքը քսելով, քիթին տակ երգի մը կամ շարականի մը մէկ եղանակը կը մռլտար, յետոյ ներս կ՚երթար կ՚երկննար զով տեղ մը, կը քնանար։ Շատ չէր ուզեր խանութը բանիլ, ուր կը մնային միշտ Համբարձումն ու Աւետիսը։ Համբարձումը մեծ տղան էր, չափահաս, երեսունը անցուկ, որմէ վար տակաւին կային երեք հատ ալ, ու եթէ այդ չորս եղբայրներուն վրայ աւելցնէք երկու աղջիկներ ալ՝ կը տեսնէք թէ Խաչեր աղբարը հարուստ էր զաւակներով։ Աստծու տուածը մեր աչքին ու գլխուն վրայ, ո՞վ անօթի մեռեր է. միայն թէ ո՛ղջ մնային, քարէ պզտիկ չէին, մարդէ պզտիկ էին, վաղը մէկալ օր կը հասնէին կը հասուննային։

Ու Խաչեր աղբարը առտուն կանուխ՝ բարի լուսին հետ աղօթքը ընելէ ետք՝ կը ծալլուէր կը նստէր աշխատութեան օջախին առջեւ ու փո՜ւֆ—փո՜ւֆ Միքայէլ տղան փքոցը կը փչէր, ինքն ալ կը քերէր, կը խարտէր, կը ծեծէր. կէսօր՝ փո՜ւֆ—փո՜ւֆ, իրիկուն՝ փո՜ւֆ—փո՜ւֆ, այսօր՝ փո՜ւֆ, վաղը՝ փո՜ւֆ , բայց անիծեալ աշխատութիւնը փոր չէր կշտացներ նորէն, երեկ ալ աղքատ, այսօր ալ։

Հետաքրքիր տղայ՝ յաճախ կ՚երթայի Խաչեր աղբօր աշխատանոցը ինծի համար զմելի մը ապսպրելու կամ պարզապէս հասարակ պատրուակով մը։ Քաղցրաբարոյ, դիւրահաղորդ էր Խաչեր աղբարը ու հայրական աննման բարութիւն մ’ունէր։ Կը դիտէի իր աշխատութիւնը ու կը հետեւէի իր ձեռքերուն։ Որքան ալ որ փոքր ըլլայի, բայց վերջապէս օտար հանդիսատես մըն էի հոն, իրեն քով, անոր համար Խաչեր աղբարը վարպետի մը պաշտօնական դժուարահաճ դիրքը կ՚առնէր եւ ճարտար շարժուձեւեր կը փորձէր. հրամանները կտրուկ ձեւով մը լակոնական ու տիրական շեշտով մը կ՚ուղղէր Միքայէլին. քիչ մը բարկացկոտ ու խստապահանջ կը դառնար, ցոյց տալով յայտնապէս, թէ արհեստը դիւրին չէր, շատ նուրբ պայմաններով շրջապատուած էր ու ինքը փորձ վարպետի մը դիւրաթեք հմտութիւնը կ՚արդիւնաւորէր։ Խե՜ղճ մարդ, բայց տակաւին իր պատկերը մինչեւ հիմա աչքիս առջեւ է. կէս մէջքով աղեղած սալին վրայ, մէկ աչքը արդէն կոյր, միւսն ալ հիւանդոտ, ոչ այնքան յստակատես՝ որ միշտ կը թարթուի, որուն թարթիչները օճախէն ելած փոշիներովը ծանրաբեռնուեր են ու ճերմկեր. կը խարտէ դանակի մը կոթը կամ երկաթի կտոր մը՝ որուն ձեւ պիտի տայ ու բերնին անկիւնը կը ծռէ, լաւ տեսնելու համար՝ աչքը կը մօտեցնէ, կը մօտեցնէ ձեռքերուն, որ կը վախնաս՝ թէ երկաթին դպնայ կամ խարտոցին ծայրին հանդիպի յանկարծ. կը մենախօսէ հարցական բառերով՝ որոնք կա՛մ աշխատութեան յաջողութիւնը կը հաստատեն, կամ լաւագոյն ձեւի մը գործադրութեան պարագաները ճշդել կ՚ուզեն։ Ու ահա մէկ կողմ կը դնէ գործիքները, ծխախոտին քսակը կը հանէ ու սիկար մը կը փաթթէ, յետոյ բարի ժպիտով մը կը նայի ինծի՝ ըմբոշխնելու համար իմ մանկական հիացումս իր արհեստին վրայ, որ, կ՚երդնում ձեզի, մխիթարութեան մը լայնանիստ խաղաղութեամբը կը հանգչի սրտին մէջ, ու կը կատակէ այլեւայլ չնչին բաներու վրայ։

Կ’երեւակայեմ տակաւին այդ ողբալի աշխատանոցը՝ որ մթնշաղ էր ու քիչ մըն ալ խոնաւ, եւ որ ամառուան տաք օրերուն զով ըլլալու միակ առաւելութիւնն ունէր։ Վերը խոշոր երդիք մը կար, ուրկէ լոյսը կ՚իջնէր ուղղակի աշխատողներուն գլխուն վրայ եւ կը լուսաւորէր ծխալից պատերուն շուրջը մէկ քանի հատ հին բղողներ, կոտրտած կճիճներ, անկիւններուն մէջի ու առաստաղին սարդի ոստայնները, փքոցին հանած մոխիրն ու փոշիները՝ որ թառեր են ամէն կողմ, Խաչեր աղբօր հնամաշ, ճերմկոտիկ ֆէսին ու Միքայէլին բաց գլխուն, մազերուն վրայ։ Ամէն բան շուրջս՝ մանաւանդ այն բղողներն ու կճիճները կը հաստատեն թէ մառան մըն է, որ աշխատանոցի վերածուեր է, դատարկ, աղքատ ու գոյութենէ դադրած մառան մը, ուր տանտիկինին ձեռքն ու ոտքերը խարխափելու չեն գար՝ հացալից կարասներուն մօտենալու համար, ուր շատ—շատ կատու մը ողբալից մլաւիւնով մը կու գայ կ՚անցնի ու անկիւն մը՝ դրացիին տունէն գողցած ոսկորն ուտելու կը նստի։

Խաչեր աղբար կը հանգչի պահ մը, սիկարը կը հատնի արդէն, ծխափողին վրայ հազիւ նշմարելի քիթ մը կը դառնայ ու կծու հոտ մը կ՚արձակէ. վերջապէս կը նետէ զայն՝

Հայտէ, Միքայէլ, փչէ քէօրիւկը…։

Ու Միքայէլը՝ տժգոյն, տժգոյն, մեծաբաց աչքերով, հօրը պէս կմախային, ոսկրուտ, դնդերէ ու ճարպէ իսպառ զուրկ տղայ մը՝ կը փչէ դժկամութեամբ քէօրիւկը, ածուխը կը հրահրի, կը շառագունի ու կը փայլի. երկաթը կը տաքնայ եւ նորէն մուրճը կը սկսի ծեծել, խարտոցը կը խռկայ անընդհատ, անդադար։ Մետաղին չոր ու կարծր հնչիւնը կը լեցնէ ներքնատունը, մուրճը չի մաշիր, ոչ ալ սալը, բայց զանոնք ծեծող ձեռքերը կը յոգնին կը թուլնան, ու բերանը՝ որուն համար կ՚աշխատին՝ երբեք օր մըն ալ կուշտ չէ սակայն, աւա՜ղ։


[1]        Ստորագրութիւն։

[2]        Գաւիթ։

[3]        Պատշգամ։

[4]        Կից տուները միացնող անցք պատին մէջ։

[5]        Գոյնը կորսնցուցած, գոյնը աւրուած։