Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԵՔ ԽՐԱՏ
Ա


Ամիրխասն ալ ուզեց Խիկարին իմաստութիւնը լսել եւ անոր հացը վայելել։ Եւ ահա օր մը, իրիկուան դէմ, Ամիրխաս ներս մտաւ Խիկարին մեծ դռնէն, էշը առջեւը ձգած։

Հեռու տեղէ կու գար Ամիրխաս եւ երկար ճամբայ էր քալեր։ Էշը անօթութենէ հազիւ ոտք կը փոխէր եւ տէրն ալ կարծես ուժ չունէր «չո՜շ, չո՜շ» ըսելու։ Երկուքն ալ ծածկուած էին փոշիով։

Էշը տարին ախոռը եւ առջեւը գարի լեցուցին, իսկ հիւրն ալ առաջնորդեցին Խիկարին քով։ Կերաւ, յագեցաւ օտարականը. հանգստացաւ եւ օրհնեց Խիկարը։

Այդ գիշեր, Ալթուն թագաւորին պալատը խնճոյք կար։ Խիկար մտմտուքի մէջ մնաց. չէր կրնար օտարականը տունը ձգել ու ինք խնճոյքի երթալ. հիւրասիրութեան դէմ բան էր ասիկա։ Հիւրին պատճառով ալ չէր կրնար տունը մնալ. ուստի լաւ սեպեց, որ հիւրն ալ հետը տանի։ Չէ՞ որ ամէնէն շատ այս տեսակ մարդիկ ուրախութեան ու խնճոյքի կարօտ են։

Սիրելի՛ս, ըսաւ Խիկար, հիւրն Աստծունն է եւ ես շնորհակալ եմ որ Աստուած քեզ ղրկեց իմ տունս։ Այսօր միասին կ՚երթանք թագաւորին պալատը խնճոյքի։ Դուն թագաւորի պալատ չես գացեր. մեծամեծներու եւ իշխաններու հետ սեղան չես նստեր. բայց վնաս չունի, մի՛ քաշուիր, մի՛ ամչնար, միայն լսէ իմ խրատներս. լսէ՛, եւ շատ գոհ սրտով տուն կը դառնաս խնճոյքէն։ Քեզի երեք խրատ պիտի տամ, զանոնք միտքդ պահէ ու պիտի չզղջաս։

«Տեղդ ճանչցի՛ր. վերը մի՛ նստիր, որ հետզհետէ վար չիջնես, վարը նստիր՝ որ վեր բարձրանաս։

Մէջ մի՛ իյնար ուրիշին խօսակցութեանը, եւ երբ քեզի հետ խօսին՝ տասը լսէ՛, մէկ պատասխան տուր։

Մինչեւ քեզմէ բան մը չուզեն, մէջ չիյնաս ու չտաս»։

Լսեց Ամիրխաս այս խրատները ու ըսաւ.

Շնորհակա՜լ եմ, տէ՛ր, քու խրատներուդ համար. ըսածիդ պէս կ՚ընեմ։

Եւ սաստիկ ուրախացաւ, որ թագաւորին պալատը խնճոյքի կ՚երթայ։