Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԳԻՍՏԸ


Պարտասած գեղեցկութիւնը տակաւին կը հանգչէր իր ծերութեան վրայ՝ քարէ ճերմակ աղաւնիին պէս, որ հինաւուրց զանգակատունին կատարը կը թառի մշտնջենաւորելու համար անոր երիտասարդութիւնը, ու բարեպաշտի հանդարտութիւնը՝ որ իր ամբողջ անձին վրայ կը թեւածէր՝ անապատական միանձնուհիի մը երեւոյթը կու տար Հաճի—հօրքուրիս։ Ժամանակին ատելութիւնը, որ ապառաժին կատարները կը քրքրցնէ, ամէնէն սուրբ բաներն ալ աղտոտելով, իր հոգիին անուշ բան մը կը հաղորդէր ու անդորրաւէտ ճաճանչում մըն ալ դէմքին՝ իբր թէ անծանօթ ու անըմբռնելի այլակերպութիւն մը իրեն նոր կուսութիւն մը տար, անարատ ու երկնային կաթի մը մէջ լոգցնելով աղուորցնէր, մանկացնէր զինք։

Հաւատքի օրերուն ծնած, առաջին գիտակցութենէն երբ աչքը երկինքի կապոյտն ի վեր առաջին աղօթքովը կը նայի՝ կարծես նայուածքն ու աչքին լոյսը հոն մոռցած ըլլար եւ ա՛լ զրկուածի կոյրի ահեղ յամառութեամբը՝ այդ խելացնոր բարձրութենէն զատ տեղ չի գիտեր, ուրիշ բանի ակնարկ չի դարձներ։ Ու այդ ծաւի, մշտնջենապէս անթառամ երկինքը իր յաւիտենական կուսութեամբ իր կրօնքին խորհրդապատկերն էր եղեր, թափելով վերէն մոգական խորհուրդը իր վրայ, կանչելով զինք իրեն, փայփայելով ու սանտրելով իր վիշտերը, իր միամիտ զգացումները։

Երբեք չեմ ճանչնար կնոջ հոգի մը, որ այնքան յարատեւ նայած ըլլայ երկինքն ի վեր։

Անոր համար իր պերճանքին ու անկարօտ ճոխութեան մէջէն, ոսկիին ու մարգարիտներուն բոլոր արժող առատութեան վրայէն ճգնաւորի արհամարհանքովը անցած էր երկանքը մեծ օրերուն, հպարտ ունեւորի վեհանձնութիւնը պտըտցնելով անոնց ամէնուն երեսին՝ իր սեւ լաչակովն ու սեւ ամղանովը [1], ազնուական կնոջ մեծանձնութեան շնորհքովը։ Աջին ու ձախին բուռ—բուռ տուած էր, ժամին ու ժամկոչին, տէրտէրին ու վարդապետին, ժամուն աղքատին ու ժամուն ճնճղկան ալ, կարելի անձնուիրութիւնը ամփոփելով մէկ կէտի վրայ՝ իր պաշտած գաղափարին հասնելու համոզումով, ա՜խ՝ եկեղեցին, որուն սալերէն ու փոշիին սրբութենէն ալ խորին երկիւղածութեամբ կը պատկառէր, մեր Ս. Կարապետը եթէ լեզու ելլէ՛ր ու այդ կնկան հոգեկան զմայլանքին, բոլոր ալեկոծուող պաշտամունքին ու վշտակոծ երկրպագութիւններուն մէկ ներբողականն ըսէր։

Հոգին, սիրտը ժամուն հետ կապած, կէս գիշերուան ալ քունը պիտի մոռնար՝ եթէ պատահումով ժամկոչը կանուխ արթնցած՝ երկինքը ամպոտ գտնէր ու առաւօտը մօտ կարծելով զանգակին չուանը քաշէր, ու արդէն թրթռացող մետաղին արձագանգը չմարած հանդարտ խաւարին վերջին կամարներուն մէջ, քահանայէն առաջ վերնատունն էր իր տէօշէկին վրայ կայնած, համբուրելով գետինը, համբուրելով հողը։ Մթնշաղ սրբարանին կիսաստուեր հանդիսաւորութիւնը, երկար սիւներուն ու վերամբարձ պատերուն վրայ օրօրուող նշոյլներուն ու ստուերներուն խորհրդաւորութիւնը կը հմայէին զինք երկնային տեսիլի մը պէս, նշմարել կարծելով անոնց մէջ թափանցիկ, աննիւթական խորհուրդներու թեւածելը, իր վաղազարթոյց հոգին արշալոյսէն բխող մաքուր լոյսի, մաքուր յուզման ու մաքուր ներշնչման յանձնած։ Քահանային քնաթաթաւ բամբ ձայնը թափառելով խորանին, սիւներուն ու թափուր անմարդութեան մէջէն կը հասնի իրեն ու կը լացնէ զինք, որ երկինքի հզօր բաղձանքովը յափշտակուած՝ մեղաւոր կ՚երեւակայէ ինքզինք, մեղքի շալակը կռնակին, փղձկելով խիղճին հետ, որ տղու մը պէս երեսը կը կախէ ու կ՚արտասուէ։

Տիրական երկիւղածութիւն մը, խղճահար զգուշաւորութեան մը մոլեռանդ հալածանքը՝ վանականի խստակեաց նկարագիրը տուեր էին իրեն, այնպէս որ օտարին տանը մէջ կիսուած կտոր մը հացը, խմած պուտ մը ջուրը անիրաւողի յանցաւորութիւնը կ՚երեւնար այդ միամիտ կնոջ խստապահանջ դատողութեան, ու այն պարագային, որ աշխարհը իր հոգիին մէկ փեղկէն գրկելով իր ուզած կերպովը կը հասկնար զայն, աշխարհն ալ զինք չէր կրնար ըմբռնել ու հպարտ անունը կու տար իրեն։ Այսպէս, հասարակաց տեսութիւնը երբեք չկրնալով բացատրել եզական կնոջ մը հոգեկան տրամադրութիւնները, տեսնելով զայն իր մշտական սգաւորի լաթերով, որ կը զատուի ամէնուն անցած ճամբէն ու բաժան անհատականութեան մը գիտակցութիւնը կը տանի միշտ ամբոխային տափակ ու հետեւակ ընկերութեան մէջէն, հպարտ, այսինքն իր նկարագրովը խրոխտ ու մտածումներովը անկախ կը կոչէր զայն։

***

Մրեղած, մրշած օճախի մը, աւերակ ու ամայացած ընտանիքի յետնորդը մնաց վերջը—վերջը, շտապով անցնող կարաւանէ մը մոռցուած այն անտէր ճամբորդին պէս, որ թափառայած կը սպասէ իր անմարդաձայն ճամբուն վրայ՝ որ ինքն ալ լքուած է շատոնց եւ ուրկէ մարդ չ’անցնիր ու մէկը պիտի չգայ փնտռելու ետեւ մնացածը։ Տան կատուն մնաց միայն իր հետ կենդանի շունչ, պտըտելով իր քղանցքին բոլորտիքը, ոտքերուն քսելով երեսը, հետեւելով իրեն, ու առիքի դարձիկներուն մէջ ալ փայտոջիլներուն սուր, անընդհատ ու կրճտող սղոցումը, որ կը կրծէ հաստ գերաններուն ծուծը, յայտնելով թէ կեանքը հատած է հոն ալ, տխուր, մորմոքիչ քայքայում մը կը տարածուի ամէն կողմ ու կորովի, կենդանութեան ձայնը ողբագին աղմուկի մը կը փոխուի՝ փոշիացնելով ամէն բան։ Եւ աղօթքը, լռակեաց ու աղքատ այդ սուրբը՝ յամրաքայլ, հիմա ազատ ներս կը մտնէր եկեղեցիէն այդ տունը, զանոնք միացնող դռոտէն, մատուռի մը փոխակերպելով ամէնը հոն, որուն տէրը այդ խորհրդաւոր կինը, հարիւրամեայ պառաւն էր։

Ազգ, ազգական չունէր, ինք պտուղ երբեք չէր պտղած ու այն սերունդն ալ, ուրկէ կ՚իջնէր, բազմանդամ ընտանիքի մը պատմութիւն ունէր, որոնցմէ ոմանք ասդին—անդին մեռած էին, քիչերն ալ ընտանեկան գերեզմաննոցը թաղուած։

Հարիւր տարեկան ու գուցէ աւելի էր՝ երբ ցնդեցաւ, մտքի պայծառ գիտակցութիւնը պղտորեցաւ ու մառախլապատ յիշողութեանը մէջէն բողբողջեցան իր մեռած սիրելիները, վերկենցաղելով իր հին արենակիցներու պատկերները՝ մահուան մոգական մէկ գաղտնիքովը, եւ սկսաւ կսկծագին պատրանքով մը իր սրտին հինաւուրց անուշ անունները տալ շուրջը գտնուողներուն, շփոթելով զանոնք արդէն մեռած գացածներուն հետ, կարծելով թէ կ՚ապրին տակաւին անոնք, թէ հին օրերու արեւովը կը տաքնայ ու կեանքը նոր ծայր կու տայ հօրենական տանը մէջ։

Բայց բոլոր արհաւրալից այս քայքայումին մէջ չմոռցաւ աղօթքը, Աստուածը, իր անմահ գաղափարականը, թէեւ արեւելքը արեւմուտքին հետ շփոթէր ու չգիտնար, թէ երեսը ո՛ր կողմ դարձնելու էր աղօթելու պահուն, երբեք չմոռցաւ խնամով հաւաքել մազերուն թնճուկները ու կտրած եղունգները՝ զանոնք պատանքին մէջ իր հետ թաղելու կանխահոգութեամբ։

Ու իր սնտուկը, մեծափոր խոշոր ամբար մը, կոտրտած ու աւրուած փականքով մը ապահովուած՝ միակ անմոռանալի առարկան մնաց իր միտքին մէջ, հնամաշ կտոր բրդուճ լաթերուն, կապոցներուն վրայ գուրգուրալով, օրը երկու—երեք անգամ զանոնք քակել բանալով՝ ապահովելու համար, թէ մարդ չի գողնար ետեւէն ու անվթար կը մնան իրենց տեղը։

Վերջապէս, է՛ն ետքը, իր հպարտ ու խրոխտ կնկայ նկարագիրը ճմռթկուեցաւ, աղճատուեցաւ, կարծես յուսահատեցուցիչ մշուշ մը կը կլլէր, կը հատցնէր, կ՚ընկլուզէր ամէն պայծառ բան անոր սրտին ու հոգւոյն մէջ, լոկ կեանքի բնազդական գիտակցութիւն մը, շունչ մը թողլով որ կը տեւէ, որովհետեւ այդպէս կ՚ուզուի։

***

Այսպէս, վերջացող այս տարուան աւերակ պատերուն տակ չեմ գիտեր ինչո՞ւ միտքս կ՚իյնայ այս հէք կնիկը, իր լուսաշող ու խաւար օրերով, իր ցաւագին երկար հոգեվարքին ու գերեզմանին հետ՝ որուն տեղը ո՛չ ես գիտեմ, ո՛չ քահանան կը յիշէ։ Ահա, գերեզմանային ուրուացուցութիւն մը նորէն կը պատկերէ զինք ինծի իր սեւերուն մէջ, լաչակը մինչեւ բերանը ու գլխուն չիթը քիթին վրայ, ուսը քիչ մը առջեւօք հակած, իր բարի ժպիտովն ու բարի կեցուածքովը, եւ տարին որ կ՚անցնի, երթալով թանձրացող խաւարը՝ կը վրդովէ ու կը խռովէ զիս, բերելով աչքիս առջեւ հանգիստ քնացողները, որոնք ինծի հետ կաղանդը տօներ են, այս գիշերը լուսցուցեր են ուրախ—զուարթ եւ հիմա չկան…

Քնացողնե՜րը, որ չեն արթնար ա՛լ։



[1]        Կանացի վերարկու, կրկնոց։