Ո՞վ
է
գիշերուան
այս
ուշ
ատենին
որ
ճրագ
կը
վառէ
սա
անտառին
մէջ,
ուր
խաւարը
իր
արհաւիրքը
վազցուցեր
է
եւ
ուր
կաղնին,
մացառները
մինակ
ըլլալու
էին։
Ո՞վ
կը
խանգարէ
գիշերուան
քունն
այս
րոպէին,
ուր
ճպուռը
իր
ձայնը
կը
լսեցնէ
ու
մողէզները
քարերուն
տակ
իրենց
գլուխը
կը
պահեն։
Կարմիր
ցոլքեր
թափեր
են
կանաչ
տերեւներուն
վրայ
եւ
ծառերու
բունին
մէջ
փայտփորիկին
բունն
ալ
լոյս
առեր
է։
Ո՞վ
պիտի
ըլլայ
այս
անկոխ
տեղերը
մարդու
հետք
բերողը
եւ
գիշերն
իր
դիւթական
քօղին
տակ՝
լերան
արջերուն
եւ
գայլի
ոռնուքներուն
խռովողը։
Այդ
անծանօթ
տեղերը
աստղերն
հմայիչ
աչքերով
կը
նային
եւ
անուշ
քթթումներով
ոսկի
նայուածքներ
կը
կախեն
թանձրախիտ
ու
հոծ
սաղարթներու
մէջէն.
հովը
քունէն
փախչող
ծիծեռնակի
թեւեր
կը
զարնէ
տերեւներուն
եւ
անտառին
մինչեւ
ներսը
չհասկցուած
երգ
մը
կը
վազէ։
Բայց
ո՞վ
է
որ
կու
գայ
թափառական
այս
տեղերէն,
կ՚անցնի
գիշերուան
այս
երկիւղալի
պահուն
ու
կրակ
կը
վառէ
անտառին
մէջ։
Ահա
փոսուռաները
կը
թռին
կրակի
ծամեր
քաշելով
աղջամուղջին
մէջէն
ու
զեփիւռը
զանոնք
ներսերը,
խորունկը
կը
տանի։
Հովի՞ւ
մըն
է
արդեօք
որ
իր
հօտը
պառկեցուցեր
ու
կրակ
է
վառեր
իրեն
համար.
սակայն
ի՞նչ
քաջութիւն,
այս
մայրիներու
եւ
շոճիներու
աշխարհին
մէջ
տապարի
վրայ
երդուըննալ
ու
գայլերու
դրացի՝
նախիր
բոլորել,
քուն
ըլլալ
թաղիքը
գլխին
քաշած։
Անցո՞րդ
մըն
է
արդեօք
որ
ճամբէն
մոլորած՝
գիշերն
իր
վրայ
հասեր
է
ու
հիմա
այս
արհաւրալի
տեղերը,
ամայի
անտառին
ներսը
պիտի
քնանայ,
եւ
կամ
ճգնաւո՞ր
մը
որ
անմարդաբնակ
այս
վայրերուն
մէջ
կը
կենայ
վրան
մաշկեակ
մը,
երկայն
մազերը
աչքերուն,
ուսերուն
վրայ
թափած,
մենաւոր,
կերկերաձայն
իր
խաղաղ
աղօթքի
մրմունջները
անտառին
խուլ
ու
փոթորկալի
խարշափներուն
միախառնելով
եւ
անոնց
հետ
օրհներգը
դաշնաւորելով
իր
աստուծոյն,
բնութեան
աստուծոյն։
Ո՞վ
է
այս
ուշ
ատենին
որ
անտառը
իր
քունէն
կ՚արթնցնէ՝
ու
անոր
նիրհը
արիւնի
կարմիր
գոյնով
կը
խռովէ։
Ո՞վ
է
հոտ
այսպէս
ուշ
ատեն,
ո՞վ
ճրագ
կը
վառէ
այս
անտառին
մէջ։
Հալածական
նայադնե՞ր
են
արդեօք,
որ
փախեր
այս
տեղերը
եկեր
են
սիրային
տօն
մը
կատարելու,
որ
խուսափող
թեթեւ
ոտներով
հեռաւոր
ափունքներէ
կու
գան,
հոլանի
ու
հոլաթեւ։
Այդ
կրակը
սէ՞րն
է
արդեօք
որ
բռնկեցուցեր
է
եւ
որուն
շուրջը
օդային,
անրջային
պար
մը
կը
խաղան
երբ
իրենց
շրթունքները
սիրոյ
ժպիտը
կը
գեղեցկացնէ
եւ
իրենց
աչքերը՝
տարփանքի
գինին։