Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇՆԱՆ ՀՈՎՈՒԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ
(ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾ)


Քարեր դիզելով գերեզման մը շինեց՝ որուն վրայ տնկեց իր հովուական ցուպը, խաչի մը պէս. եւ անոր գլուխէն վար կախեց իր մախաղը, կարմիր կտաւէ շինուած ու ճերմակ, դեղին կտորներով նախշուած. եւ ծունկի եկաւ չնաշխարհիկ, հրաշալի Հովուուհին մինակ, միս—մինակ ամայութեան մը անսահման հանդարտութեանը մէջ՝ տարօրինակ խորհրդանշանին շուքին տակ ու ներշնչուած վհուկի մը կախարդանքը, երգը երգեց հոն, այն լերան կատարը, իր սրինգին վրայ զոր Ծովքի ափունքը կամ անոր լճացած ծանծաղուտներուն վրայ բուսնող դարտակներէն կտրած էր իր ձեռքով։

Այդ ե՜րգը, բայց մարդ չգիտցաւ թէ ի՛նչպէս երգեց զայն եւ ո՛ւր երգուեցաւ…։

Երկինքէն թռող կռա—կռան բերաւ ու վերջին սեւ բզէզին տխուր, թմբրաբեր բզզիւնը ըսաւ զայն. փարախին Հոկտեմբեր գիշերներու հանգիստը փնտռող յետին նախիրները անոր վրայ կը խօսէին եւ լեռնիվար հեւացող ուժասպառ, վատոյժ առուն ալ անոր հուսկ յանկերգը կ՚եղանակէր ու վար կու գար։

Ու անոր մտիկ կ՚ընէին՝ հովիտը իր արշալոյսի մշուշին մէջ կէս քուն կէս արթուն, ամայի դաշտին հեռաւոր տարածութեան վրայ առանձնակեացի միայնութեամբը կանգնած ուռիները եւ լեռնակողերու, դարատափներու վրայ աճող այգիները հմայաթափ ու գլխիկոր՝ հինայուած հարսներու պէս որոնք յանկարծ այրի մնացեր են եւ ականջ կու տան հիմա անհաւատալի ողբերգին որ գերեզմանին ճամբան բռներ է ու մահուան անունը կու տայ յաճախ։

Երգը շատ մորմոքիչ ու նուագը խիստ սրտայոյզ ըլլալու էր, ինչու որ թռչուններն անգամ իրենց վիզը կուրծքերնուն ու թեւերնուն տակ պահած՝ կը լռէին ու բերաննին չէր բացուեր, գերեզմաննոցներու վրայ պատահաբար աճած վայրի խոտն անգամ մեղմով իր գլուխը կը շարժէր եւ առտուն կանուխ՝ կուժը ուսին վրայ՝ աղբիւրէն դարձող գիւղացի աղջիկն ալ՝ նայելով տերեւներուն որ կը թափէին, դատարկ բոյներուն՝ որոնցմէ հովը փետուրներ ու աղուամազի ծուէններ վար կը բերէր եւ լսելով ան ալ այն կախարդ, դիւթիչ Հովուուհին՝ կանգ առաւ պահ մը, ականջ տուաւ, յետոյ նորէն կեցաւ ու շուրջը, երկինքը դիտելէն ետք համարձակ, արտասուալից աչքերով սրտէն զարնուած. ախ մը քաշեց ու տուն մտաւ… Արցունքը իր թարթիչներուն ծայրէն առկախ, անուշ ճերմակ մարգրիտներու պէս բիւրեղացած, իբրեւ թէ լոգնալու պատրաստուած ըլլար՝ խարտեաշ մազերը քրքրած ու մէջքին վրայ, երեսին վրայ թափած՝ մէկ ոտքովը յամրաբար եղանակին չափաբերութիւնը կը կշռէր, եւ ռեհանի տերեւներէն շինուած կծիկին տակէն անփութօրէն դուրս կը նայէին երկու ըղձանուշի ստինքները՝ որոնց կաթէն լուացեր էր լուսնկան իր երեսը եւ որմէ կաթեր էր դաշտին վրայ հասնող բամպակի խճիճներուն մէջ ու եղէգնուտներուն ծոցը լողացող կարապին լանջքին ու առաւօտուն նշուլող արեւելքին կուրծքին վրայ։ Այսպէ՛ս, գլուխը մեղմով ձախ ուսին՝ օտարական, անծանօթ հովուուհին կը նուագէր պարիկի երաժշտութիւնը որուն անբացատրելի հմայքը ամէնքը կը գերէր, ամէնքը կը տխրեցնէր, երկինքին կապոյտ աչքերն անգամ արցունքոտելով իր մախալին շուքին տակ ուր նստած էր, իր խաչին տակ գեղահրաշ, տժգոյն եւ երբեք իմանալի Քերթողուհին կ՚եղանակէր նուիրական գանձը, վերջին մնաս բարովը, ե՛ւ վաղը, ե՛ւ միւս օր, միւս տարին՝ Յոյսը…։

Արարատ աշխարհք մտիկ ըրաւ իրեն ու երբ մոգական նուագարանին միակ վանկն ալ թրթռաց, հեռացաւ ու նուաղեցաւ՝ հիւսիսի լեռներէն կարաւան մը քակուեցաւ, պախուրցը ծառերուն վրայ տերեւ մը չթողուց ու չոր ճիւղերուն ճարճատիւնը միայն կ՚աղաղակէր. դաշտին երեսը հունձքէն մնացած յետին հացահատիկն ալ կորսուեցաւ ու կալատեղիին վրայ՝ յարդի շիւղերն իսկ ցրուեցան, լեռն ա՛լ ծաղիկ չունէր, ուլն իր գլխով գոմին դրան կը զարնէր ու երինջը գլուխը ետին դարձնելով արտերն ի վար, դէպի արօտավայրը հեղ մըն ալ երկա՜ր, պաղատագին նայուածք մը ձգելէ ետք՝ հոգեբուխ բառաչ մը կ՚երկնցնէր, խորունկ ու կողկողիչ։ Ագռաւներն սկսան իրենց յիմարական, անդադրում պարը ձորերէն վար ու ակօսներուն վրայ. մինչ կաքաւներու ձայները աւելի կը մօտիկնային բնակութիւններու եւ գիւղացիի դրան առջեւ սայլը յոգնած հանգստութեան մը մէջ հանդարտ կը քնանար։

Իժն իր բոյնը քաշուեցաւ ծակին դէմ հողով ծածկելով, խլուրդը վար առաւ իր աւազէ տանիքը, կարասներու մէջ՝ շիրան իր առաջին պղպջակները սկսաւ եփել։ Պարտէզին մէջ՝ ծառերուն կապուած մանկական կախօրրաններն ալ քակեցին, որովհետեւ գնչուներն անգամ իրենց կայքը կովերու շալակին՝ մատղաշ մանուկները դուրուկներուն [1] մէջ դնելով՝ շատոնց ոտք վերցուցին ու հարաւի աւազներն հասան արդէն։

Ոչ իմ գիտցած ուղիէս, ոչ քու ըսած տեղէդ՝ կախարդ Հովուուհին անիմանալի հետքով՝ անձրեւին հետ որ կ՚իջնէ, արեւու լոյսին հետ որ կը սողայ, մօտեցաւ Եփրատի, խանձած, ու գունատ, ու բզիկ—բզիկ եղած լաթերը անոր ափը քարի մը վրայ ձգեց ու ինքզինք ջուրը նետեց, մարմինը ալիքներուն տուաւ։ Ձուկի նման սուզեցաւ հեղ մը, փրփուրի պէս դողդողալով յատակէն վեր ելաւ նորէն եւ թեւերը երկարած պղտոր հեղուկին՝ կը գրկէր զայն ու ճամբայ կը բանար իրեն։ Ո՞ւր կ՚երթար այդպէս, գետն ո՞ւր պիտի տանէր զինքը։ Գուցէ ինք ըսած էր անոր՝ իր գնալիք տեղն ու սահմանավայրը եւ թերեւս նոյն յաւիտենական գծով ինք ալ անոր հետ միեւնոյն երկրէն, նպատակուած խորհրդաւոր հայրենիքը կ՚երթար։   Ջուրն իր մազերը կը համբուրէր եւ մազերը ծածանելով ետեւէն՝ ալիքները կը սանտրէին… ու կը հեռանար աղուոր Աղջիկը՝ տրտմութեան հոգին տարածելով իր անցած ճամբուն երկու եզերքին վրայ ու կոխած վայրերուն ամբողջ տարածութեամբ խամրեցնելով, գօսացնելով, մեռցնելով բոլոր, բոլոր կեանքն որ կը ծաղկէր եւ որոնք տեսաւ ինքը։

Դիզուած քարերը, իբրեւ գերեզման, հոն իրենց տեղը մնացեր էին ու հովուական ցուպն ալ անոր վրայ խորհրդանշանի մը միամիտ կենդանութեամբը տակաւին կանգուն, որմէ կը կախուէր մախաղն ալ ուր խուրձ մը հնձուած հասկեր ու քանի մը հատ միշտ դալար՝ կանաչ տերեւներ կային։

Սակայն հեշտութիւնը ինք, աղու աւաչը, թրթռումը, ներդաշնակութիւնը. ի՛նք՝ սրինգը, հոն, այն քարերուն վրայ՝ խաչին տակ՝ կոտրտուելով, կտորներէն ոմանք հոս հոն ցաներ էր աննպատակ. ոմանք ժողուեր հեղ մըն ալ իր մախաղին մէջ լեցուցեր էր, որոնք հաւաքելով հազիւ կարելի եղաւ այս երգին յափշտակութիւնը բացատրել, այս քերթուածին դաշնակութիւնը ստեղծել։

1898


[1]        Տոպրակ, դուրիկ։