ԵՐԵՔ
ԽՐԱՏ
Ե
Ամիրխաս,
անխօս
ու
դողդողալով,
կ՚երթար
Խիկարին
ետեւէն։
Մտան
հիւրի
համար
պատրաստուած
սենեակը.
նստեցան
երկուքն
ալ՝
լուռ
ու
գլխիկոր։
Ամիրխաս
ամօթէն
չէր
նայեր
Խիկարին։
Կարծես
կը
վախնար
իր
շնչառութեան
ձայնէն
ու
կ՚աշխատէր
շունչը
իրեն
պահել։
Իսկ
Խիկար,
աջ
արմուկը
ծունկին
կռթնցուցած՝
մատներով
կը
խաղար
մօրուքին
հետ
եւ
աչքը
յառած
գետնին՝
խորասուզուած
էր
մտածման
մէջ։
Յանկարծ,
Խիկար
վեր
ցատքեց
տեղէն
եւ
ժպիտ
մը
անցաւ
իր
երեսէն։
Կանչեց
ծառան,
որ
ներս
մտաւ՝
խոնարհութիւն
ընելով։
—
Բեր
ինծի
ճրագ
մը
եւ
մահակ
մը։
Ծառան
կատարեց
հրամանը։
—Դուն,
դարձաւ
Խիկար
ծառային,
անկողինը
պատրաստէ
եւ
կեցիր
մինչեւ
իմ
գալս.
ես
ախոռը
պիտի
երթամ
ու
գամ։
Ըսաւ
ու
դանդաղաքայլ
դուրս
ելաւ
սենեակէն։
Ամիրխաս,
որ
աչքին
տակէն
կը
դիտէր
անոր
ամէն
մէկ
շարժումը
եւ
կարծես
հրաշքի
պէս
բանի
մը
կը
սպասէր,
հետեւեցաւ
անոր։
Խիկար
ճրագն
ու
մահակը
ձեռքին
մտաւ
ախոռը,
ուր
կապուած
էր
Ամիրխասին
էշը.
ճրագ
դրաւ
բարձր
տեղ
մը
եւ
մօտեցաւ
իշուն։
—
Գարին
կերեր
ու
փքացեր
ես,
խե՜ղճ
անասուն,
ու
բնաւ
չես
մտածեր
թէ
ի՛նչ
փորձանքներ
կան
աշխարհիս
մէջ։
Ու
յանկարծ,
մահակը
տարաւ,
բերաւ
եւ,
թրա՜խկ,
իջեցուց
իշուն
մէջքին։
Ամիրխաս
կը
նայէր
շլմորած
աչքերով։
—
Է՜շ,
քեզի
կ՚ըսեմ,
է՜յ
էշ,
լա՛ւ
լսէ,
պոռաց
Խիկար՝
երկրորդ
հարուածը
տալով
խեղճ
անասունին։
—
Հերի՜ք
է
իշութիւնդ
բանեցնես,
անգամ
մըն
ալ
մարդավարի
եղիր,
ակա՛նջ
դիր
տիրոջդ
խրատներուն։
Է՛շ,
լա՛յն
բաց
ականջներդ
եւ
լա՛ւ
լսէ,
որ
գայլերուն
բերանը
չիյնաս։
Վաղը
քեզ
դատելու
պիտի
տանին,
կամ
կը
կախեն,
կամ
տրամ—տրամ
կը
մորթեն…
լա՛ւ
լսէ,
է՛շ…
Կ’ըսէր
ու
կ՚իջեցնէր
փայտը։
Իսկ
Ամիրխաս
աչքերը
չորս
բացած
եւ
ականջները
տասնչորս,
կը
լսէր
այդ
ձայնը
եւ
այդ
ձայնէն
թէ՛
կը
սարսափէր,
թէ՛
կ՚ուրախանար։
—
Երբ
կը
բացուի
ատեանը
եւ
թագաւորը
կը
նստի
դատաւորական
աթոռին
վրայ,
դուն,
է՛շ,
քեզի
կ՚ըսեմ,
լա՛ւ
լսէ,
թագաւորին
եւ
բոլոր
դատաւորներուն
առջեւ
խօսք
առ
Փուշքարէն՝
որ
դանակը
իրենն
է։
Մէկ—քանի
անգամ
կրկնել
տուր
այս
բանը
եւ
թագաւորն
ու
դատաւորները
վկայ
բռնէ՝
որ
ինք
իր
բերնով
ըսաւ՝
թէ
դանակը
իրենն
է։
Երբ
անիկա
կրկին
պնդէ
ու
երդումով
հաստատէ,
այն
ատեն
դարձիր
թագաւորին
ու
ըսէ.
«—
Տէ՛ր,
կը
խնդրեմ
քու
տէրութեան
գիրքերուն
մէջ
նայիլ
տաս։
Եօթը
տարի
առաջ,
այս
ժամանակ,
Թաւրիզի
ու
Պաղտատի
մեծ
պողոտային
վրայ՝
աւազակներն
յարձակեցան
հինգ
հարիւր
ուղտէ
ու
ջորիէ
բաղկացած
չորս
կարաւաններու
վրայ
եւ
կողոպտեցին։
Տարին
բոլոր
ապրանքները,
ոսկիներն
ու
ակնեղէնները
եւ
մարդիկն
ալ
սրախողխող
ըրին.
կարաւանին
պետը՝
Հաճի
Իսմայիլ,
կ՚ըսես,
իմ
հայրս
էր։
Այս
դանակը
ես
անոր
կուրծքէն
դուրս
քաշեցի,
կ՚ըսես։
Է՜շ,
աղէ՛կ
լսէ,
քեզի՛
կ՚ըսեմ.
—
կ՚ըսես՝
այս
դանակը
կապեցի
գօտիս
ու
ելայ
թափառելու։
Այդ
օրէն
մինչեւ
այսօր
ինչքան
կերուխում
մը
պատահի,
ամէն
տեղ
կը
հանեմ
դանակը,
որ
գտնեմ
տէրը։
Հիմա
գտայ
անոր
տէրը,
հայրս
սպաննողը.
ուստի
կը
խնդրեմ,
պահանջեցէ՛ք
անկէ
իմ
հօրս
արեան
գինը։
Լաւ
լսէ՛,
է՛շ,
մէկ
բառ
անգամ
չմոռնաս.
համարձակութիւնը
քաջութիւն
է
ոչ
թէ
խնճոյքի
մէջ,
գինիի
գաւաթը
ձեռքին՝
այլ
դահիճի
տապարին
առջեւ…»։
Ըսաւ
Խիկար
եւ
նորէն
քանի
մը
հարուած
տալով
տքացող
անասունին,
վար
դրաւ
մահակը։
Առանց
Ամիրխասին
նայելու,
վերցուց
ճրագը
եւ
լուռ
գնաց
դէպի
դուռը։
Երբ
Խիկար
վեր
կը
վերցնէր
ու
կ՚իջեցնէր
մահակը
իշուն
մէջքին,
Ամիրխասը
դողալով՝
իշուն
հետ
կը
կծկուէր,
ինքն
ալ
կը
ծռէր
ու
կը
շտկուէր.
կարծես
թէ
հարուածները
իր
մէջքին
տեղային։
Վերջին
հարուածին՝
կծկուած,
գրեթէ
գետնին
էր
կպեր,
երբ
ընդհատուեցաւ
Խիկարին
ձայնը։
Ամիրխաս
շտկուեցաւ,
ոտքի
կեցաւ
եւ
վազեց
Խիկարին
ետեւէն՝
հնազանդ
ստրուկի
պէս։
Խիկար,
առանց
բառ
մը
ըսելու
անոր՝
գնաց
իր
ննջասենեակը։
Առաւօտուն,
Խիկար
ճամբայ
ձգեց
իր
հիւրը,
միշտ
առանց
խօսք
մը
ըսելու
անոր։
Թագաւորին
ծառաները,
Խիկարին
դրան
առջեւ,
շղթայելով
Ամիրխասը,
իր
իշուն
հետ
տարին
դատարան։