ՎԱ՜Խ,
ԵՍ
ՄԵՌՆԷԻ
Ե
Մահուան
ամէնէն
ահաւորն
եղաւ
Սարգիս
էֆէնտիինը՝
երբ
երկար
տարիներ
մոլորած
հետեւեցաւ
իր
հեշտութիւններուն
եւ
այն
տարփագրգիռ
աղիճին՝
որ
ծծեց
զինքը,
իր
անհատականութիւնը,
ուժը,
իր
հարստութիւնը,
ամէն
բանը,
ամէ՛ն
բանը
վերջապէս.
հոգեվարքի
վերջին
կլափին
ալ՝
իբրեւ
մոլութեան
վերջին
առաքինութիւնը՝
անոր
ծունգերուն
վրայ
տուաւ
իր
հոգին,
թող
տալով
այդպէս
որ
բաց
մնացած
աչքերը
անիկա
գոցէ
իր
մատներով,
եւ
տարիներու
այդ
ընթացքին
մէջ՝
ուր
երբեք
չյիշեց
իր
կինն
ու
լքուած
զաւակները՝
այնքան
հրապարակային
գայթակղութիւններ
դիզուած
էին
իր
շուրջը,
հանրային
մարդու
ու
ընտանիքի
հօր
իր
կեանքը
այնքան
զիկզակաւոր
բաղխումներու
ենթարկուած
էր
որ,
է՛ն
վստահելի
անտարբերութիւններն
անգամ
խոժոռած
էին
իր
դէմ
եւ
համայնքին
արդար
զայրոյթը
եփիլ
սկսած
էր
ամէն
կողմ,
պատուաւոր
յարաբերութիւնները
ու
դուռները
մէկիկ—մէկիկ
գոցուած
էին
առջեւը.
սխալ
դատաստանները
սրբագրուած,
փոքր
համայնքը
որ
է՛ն
անողոք
Արդարութիւնն
է
իր
մէջ
ապրող
անհատին
ու
հասարակաց
ընդունած
Բարոյականին՝
կարեկցութեամբ
լեցուած
էր
դէպի
անմեղ
դատապարտուածը,
դէպի
լքուած
կինը:
Մահերուն
ամէնէն
ահաւորին
ենթարկուեցաւ
այդ
մեղաւոր
մեռելը՝
երբ
եկեղեցիներն
ալ
իրենց
դռները
անոր
առջեւ
գոցել
ուզեցին:
Հանրային
բարկութեամբը
տաճա՜րն
ալ
բռնուած
էր
ու
կը
մերժէր
իր
ծածկոցը
անոր
վրայ
ձգել,
վախնալով
թէ
այդ
քնացած
մեղքերը
յանկարծ
յառնելով
կը
կառչէին
անոր
ու
կը
պղծէին
զայն:
–
Մի՛
թաղէք,
մի՛
թաղէք
կը
պոռային
ամէն
կողմէ
խլինքոտ
ապուշներ
անգամ,
որոնց
հետ
այդ
մարդը
գործ
ունեցած
չէր
երբեք,
եւ
պէտք
է
խոստովանիլ,
իր
հանրային
գործունէութեան
միջոցին
ոեւէ՛
մէկուն
վնաս
հասցուցած
չէր:
Յուղարկաւորները
երբեք
սգակիրներ
կամ
բարեկամներ
չէին,
որոնք
ուզէին
իրենց
անցեալ
յարաբերութիւններուն
սիրուն
համար
գէթ
մարդկային
պարտաւորութիւն
մը
կատարել.
հետաքրքիրներու,
քարկոծողներու
եւ
ասոնց
ետեւէն
հաւաքուած
հանդիսատեսներու
մոլեռանդ
ամբոխ
մըն
էր
լոկ,
քանի
որ
եկեղեցի
մը
վերջապէս
ներս
առնել
ուզած
էր
թափառական
մեռելը:
Մարդ
չկար
իր
քովը,
նոյնիսկ
մօտիկ
ազգականները,
իրեն
մտերիմ
երեւցողները՝
կարծես
հիմա
անպատուութիւն
կը
սեպէին
անոր
մօտ
գտնուիլ
եւ
անոր
հետ
վերաբերութիւն
մը
ունեցած
ըլլալ.
այդ
վայրկեանին
սպասած
էին՝
ոտքերուն
ծայրին
վրայ
կոխելով
թողուլ
փախչելու
համար:
Չորս
կողմէն
շշուկը
կը
բարձրանար,
այդ
անբարբառ
պառկողին
ընտանեկան
բարոյականն
էր
միշտ
որ
դժոխային
հեքիաթի
մը
պէս
կը
փսփսային
իրարու,
առասպելական
բարդութիւններով,
չափազանցուած
ծայրայեղութիւններով
փքացուցած:
Ու
յանկարծ
այս
ցասկոտ
խղճմտանքներու
տենդին
մէջ՝
կին
մը
կը
մտնէ
ներս,
երկու
մանուկներու
ձեռքէն
բռնած,
սեւ
սաւանով
ու
արցունքոտ
աչքերով՝
բազմութիւնը
ճեղքելով
կը
մօտենայ
դագաղին,
սեւ
ծածկոցը
վեր
կը
վերցնէ՝
կը
փարի
մեռելին
ու
հեծկլտուքէն
խեղդուած՝
կ՚ողբայ.
–
Վա՜խ,
ես
մեռնէի
քու
տեղդ…
Արհամարհուած,
տանջուած
բայց
անձնուէր
կնոջ
այս
անպարագիծ
գորովը՝
որ
այս
ժամուս
այդ
յաւիտենապէս
փակ
ականջներուն
երկնային
վրէժխնդրութեան
մը
պէս
պիտի
հնչէին,
եթէ
լսելու
կարող
ըլլային
անոնք՝
սարսուռ
մը
պտտցուց
հեթանոս
սրտերուն
մէջ
եւ
աչքերը
լեցուեցան
արցունքով:
Կու
լային
յուղարկաւորները՝
մարդ
չի
գիտեր
դժբաղդ
մեռելի՞ն
թէ
դժբաղդ
կնկան
վրայ: