Պալատականներուն
հետ,
նոյնիսկ
թագաւորը
դողաց
այս
խօսքերէն։
Փուշքարի
երեսը
մոխիր
դարձաւ,
դողդողացին
ծունկերը
եւ
քիչ
կը
մնար՝
որ
գետին
տապալէր։
—
Ո՛չ,
դանակը
իմս
չէ՛,
գոչեց
անիկա
դողդոջուն
ձայնով…։
—
Հօրս
արեան
գի՜նը
կ՚ուզեմ,
ո՛վ
արդարադատ
թագաւոր,
կը
պոռար
Ամիրխաս՝
հետզհետէ
բարձրացանելով
ձայնը։
—
Մահը
քի՛չ
է,
գոչեց
թագաւորը,
հանեցէք
անոր
վրայէն
իշխանական
լաթերը,
զէնքերն
ու
զարդերը։
Խլեցէ՛ք
անկէ
իր
ամբողջ
հարստութիւնը։
Աճուրդի
հանեցէք
անոր
բոլոր
ստացուածքը
եւ
ոսկին
ու
ակնեղէնները
տուէք
Իսմայիլի
զաւկին։
Հագցուցէք
ատոր
իր
ընտանիքին
հետ
ստրուկի
լաթեր
եւ
թող
դառնայ
Իսմայիլի
զաւկին
ջուր
կրող
գրաստը։
—
Գթութի՜ւն…խեղդուկ
ձայնով
մռնչեց
Փուշքար
եւ
երեսի
վրայ
ինկաւ
գետին։
—
Աւազակին
ու
մարդասպանին
գթութիւն
չկայ,
գոչեց
թագաւորը։
—
Այո՜,
գթութիւն
չկայ
աւազակին,
աղաղակեց
Ամիրխաս։
Գլխատե՛լ
տուր
զայն,
տէ՛ր…։
Փուշքար
սողաց
Ամիրխասին
ոտքերուն
քով
եւ
գթութիւն
կը
խնդրէր,
բայց
Ամիրխասին
սիրտը
քար
էր
կտրեր։
Դահիճները
կ՚ուզէին
կապկպել
Փուշքարը,
բայց
Խիկար,
որուն
հրամանը
դահիճներուն
համար
թագաւորի
հրաման
էր,
ձեռքով
նշան
ըրաւ
սպասելու
եւ
առաջ
եկաւ։
—
Թագաւո՛ր,
երկու
խօսք
տուր
ինծի։
Եւ
հրաման
առնելով,
դարձաւ
Ամիրխասին
եւ
ժպտելով
ըսաւ.
—
Դո՛ւն,
ո՜վ
անծանօթ
օտարական,
լսէ՛
ինծի
այնպէս,
ինչպէս
գիշերը
էշը
կը
լսէր
գաւազանիս
հարուածներուն
տակ՝
ողի՜կ—ողի՜կ
գալով։
Մի՛
ըլլար
իշավարի
մարդ՝
երէկուան
պէս,
այլ
եղի՛ր
մարդաւարի
էշ՝
ինչպէս
գիշերն
էիր
ախոռին
մէջ…
Մահը
մեր
ձեռքին
մէջ
է
ու
չարը
մեր
ոտքերուն
տակ.
չկայ
մէկը,
որ
մահէն
փախչի
ու
փորձանքէ
հեռու
կենայ։
Երէկ
մահը
Փուշքարին
ձեռքն
էր,
այսօր՝
քու։
Երէկ
անոր
ամէն
մէկ
քայլը
քեզի
համար
փորձանք
էր,
այսօր՝
քուկդ
անոր
համար։
Ի՜նչ
օգուտ,
եթէ
անիկա
քեզ
սպաննել
տար
քու
տխմարութեանդ
պատճառով
եւ
ի՛նչ
օգուտ,
եթէ
դուն
զինք
սպաննել
տաս՝
իր
սնապարծութեան
համար։
Ո՞վ
է
Հաճի
Իսմայիլը,
—
ո՛չ
դուն
կը
ճանչնաս
զայն
եւ
ո՛չ
ալ
Փուշքարը.
թո՛ղ
երիտասարդը
ազատ,
վերցո՛ւր
դանակդ
ու
գնա՛
ճամբադ…
Բոլորը
զարմացած՝
իրարու
երես
կը
նայէին
ու
լաւ
չէին
հասկնար
բանին
էութիւնը։
Խիկար
դառնալով
Փուշքարին,
ըսաւ.
—
Մարդը
փորձանքի
մէջ
ձգել
հեշտ
բան
է,
բայց
անմեղ
մարդուն
վրայ
յանցանք
բարդելն
ալ
դժուար
չէ։
Դո՛ւն,
երիտասարդ
իշխան,
անմասն
ես
Հաճի
Իսմայիլի
սպանութեան
մէջ,
ուստի
պէ՛տք
չէ
որ
գլուխդ
դնես
դահիճի
տապարին
հարուածներուն
տակ։
Բայց
լա՛ւ
իմացիր,
ուրիշին
միամտութեան
վրայ
ծիծաղիլը
եւ
ուրիշը
չար
փորձանքի
մէջ
ձգելը
փորձանքի
դուռ
կը
բանան
մեզի
համար։
Եւ
որովհետեւ
դուն
քու
սնապարծութեանդ
պատճառով
ուրիշը
մահուան
փորձանքի
մէջ
կը
ձգէիր,
արժանի
է
որ
քաւես
յանցանքդ։
Դուն
հարստութեան
ու
պալատներու
տէր
ես,
իսկ
այս
օտարականը՝
թշուառին
մէկը։
Մաս
հանէ
քո
հարստութենէդ
անոր
եւ
անիկա,
թշուառութեան
տեղ՝
թող
քեզ
օրհնելով
հեռանայ
մեր
երկրէն։
Ամէնքը
հասկցան,
թէ
բանն
ի՛նչ
է
եւ
հիացումով
կը
նայէին
Խիկարին։
Չհամբերեց
Ալթուն
թագաւորը
եւ
գլուխը
խոնարհեցնելով
Խիկարին
առջեւ,
ըսաւ։
—
Իմաստուն
ես,
Խիկա՛ր,
եւ
քու
իմաստութեանդ
առջեւ՝
ծածկուած
արդարութիւնը
կը
ծաղկի,
ինչպէս
արեւին
տակ
ձիւնծաղիկը։
Կարեկից
ես
թշուառին
եւ
կարեկցութիւնը
քու
իմաստութեանդ
վարդն
է։
Թո՛ղ
այդ
վարդը
մշտապէս
բացուի
իմ
տէրութեանս
մէջ։
Ամէնքը
կ՚օրհնէին
Խիկարը,
իսկ
Փուշքար՝
չհամարձակելով
անոր
քղանցքները
համբուրել,
մօտեցաւ
Ամիրխասին
եւ
փաթթուեցաւ
անոր
վիզը։
Տուն
տարաւ
զայն,
լաւ
հիւրասիրեց
եւ
հազար
ոսկի
տալով՝
ուղեկցեցաւ
անոր
մինչեւ
քաղաքէն
դուրս…