Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՅՕԴ ԳԵՂԵՂԱՆՔՆԵՐ


Ա.

Կ’ուզէի այգեկութի օրերուն ճերմակ վրանն ըլլալ ու նստիլ այգիին մէջ, շրջապատուած դալար որթատունկերով, կանաչ տերեւներով, շրջապատուած դաշտային գեղեցկութիւններուն վերջին գեղեցիկներովը։ Որովհետեւ արդէն նուշերը՝ խորհրդանշա՜ն պաշտելի աչքերու, ծերացած, ցամքած պիտի ըլլային, որովհետեւ դեղձերը՝ խորհրդանշան թաւշային գրգութեամբ հազուագի՜ւտ մարմիններու, խորշոմած, սպառած հիւթով կաշիներ պիտի ըլլային միայն, ու կարմրայտ խնձորները՝ իբրեւ ծաղկատի աղջիկներ, ժլատ տէրերու անմատչելի սեփականութիւնը։ Այդ բոլոր շռայլ, անխնայ կերպով վատնուած սէրերէն, անձնատուութիւններէն ետք՝ միայն յամեցող սիրականին համար այգիները պիտի տային հիւթեղ համբոյրներուն ամէնէն մեղրալիցը, պարարտ ստինքներուն ամէնէն կուսականը, լանջքերուն ամէնէն անձեռնմխելին, գինովութիւններուն է՛ն տեւականը, է՛ն ցնորականը։

Կ’ուզէի վրանն ըլլալ, նստած ճերմակ ու կարմիր խաղողներուն մէջ, կ՚ուզէի փեսան ըլլալ դաշտային ճոխութեան յետին գեղեցիկներուն եւ խորհրդանշա՜նը, իմ կարգիս, տեւական ու հաստատամիտ սիրողին. այնպէս որ երբ իմ ցիցերս գետնէն քաշած՝ հեռանայի դաշտէն, անապատ ու ցամաք դառնար ամէն կողմ, փուշ ու մացառ՝ ամէն պտղաբեր կանաչութիւն եւ ինձմէ ետք՝ ոչ ոք, ո՛չ ոք սիրոյ վրայ խօսէր ու գեղեցկութիւններու վայելքին բաղձանքն ու յոյսն ունենար։

Կ’ուզէի վրանն ըլլալ այգիներուն։

Բ.

Կ’ուզէի նախախայրիք սէրն ըլլալ բոլոր սիրողներուն։

Զուարթ ու թեթեւ արտոյտի թեւերով թռէի դէպի բոլոր սրտերուն դեռ գարնանային արշալոյսին չբացուած գոց պատուհանները եւ կտուցովս ծեծէի զանոնք, որպէս զի անկէ ետք երկնային երազներու անծանօթ կոյսերը՝ յափշտակութեամբ զիս կանչէին ամէն վերջալոյսի ու ամէն առաւօտ, իմ մեղեդիներովս քնանային, իմ ձայնովս արթննային։

Մտիկ ընէի բոլոր անմոռանալի թոթովանքները, երջանկութեան բոլոր լեզուները, օծուա՜ծ յուզումով, օծուած ժպիտով ու արցունքով, երկուքն ալ երանութեան միեւնոյն աղբիւրէն ծորելով. իմ երգս յաւիտենական անմահ գեղօնը ըլլար, հիւսուա՜ծ շուշանի ծղօտներով, թրջած վարդի իւղով որ ամէնքը պիտի երգէին, նոյն իսկ ծերերը երկար, երկա՜ր տարիներէ ետք. որովհետեւ յանկարծ միտք պիտի գայի, պիտի ցնցուէր սիրտը վայրկեան մը եւ ինքզինք երիտասարդ կարծելով՝ իր բոլոր ուժերն հաւաքած, արտասուալից աչքերով պիտի ջանար անոր ոսկեյեռ վանկերը կրկնել։

Կ’ուզէի սիրող սրտերուն առաջին սէրն ըլլալ։

Գ.

Կ’ուզէի երկինքէն անցնող թափառական կռունկին բարձրաթռիչ երգն ըլլալ, սաւառնելով մաքուր ոլորտներուն ծոցը, թեւածելով դէպի անսահման հորիզոնները։

Անոնք որ զա՛յն հասկնային, իրենց աչքերը յառած դէպի երկինքը՝ մտիկ ընէին, երանի՜ տալով ինծի որ կը թռիմ դէպի հեռաւոր աշխարհները. իսկ դաշնակութեան նուագի անհաղորդ ականջներն ալ զարմանքով ուզէին իմանալ թէ ի՛նչպէս կարելի էր այդ բարձրութեան, անդունդներուն վրայ թեւատարած, երգելու յանդգնութիւնն ունենալ։

Եւ ո՛չ մէկ երգ՝ արեւուն լոյսն այդքան մօտէն ողջունելու կարող ըլլար, եւ ոչ մէկ երգող այդքան բարձրութենէն արբենալու բախտն ունենար։ Իմ երգս՝ ինծի հետ աստանդական, թռէր սարերուն ու ձորերուն վրայէն, դաշտերէն ու անապատներէն։

Ես հազիւ ընդնշմարելի եւ քիչերուն հասկնալի դաշնակութիւնը պիտի ըլլայի, անմերձենալի ու երկնաթեւ, հաղորդելով բարձրութեանց բարեւը ամէնուն, ամպերուն լռին քերթուածը վարիններուն, լոյսերուն, լուսեղէն ուղիներու երազը՝ աշխարհի մթամած հոգիներուն։

Կ’ուզէի երկինքէն անցնող թափառական կռունկին բարձրաթռիչ երգն ըլլալ՝ սաւառնելով մաքուր ոլորտներուն ծոցը, թեւածելով դէպի անհուն հորիզոնները ու սիրող հոգի մը, մէկ հատ մը գոնէ գտնուէր զի՛ս հասկցող։

Դ.

Կ’ուզէի գեղին մշտահոս աղբիւրն ըլլալ, ուրկէ գային բոլոր սափորները լեցուելու, մանուկներուն սափորները, կոյսերուն սափորները, երիտասարդներուն սափորները։

Անխղճահար, մեղմահոս՝ սահէի գայի լոյս աշխարհ լեռներուն յատակէն, տարածելով կեա՛նք, կենդանութիւն իմ անցած տեղերուս վրայ. գեղին ծաղիկներն իմս ըլլային, իմս ըլլային պարտէզներուն կենսալից դալարիքը, ձորերուն կարկաջները, մատաղահաս ուռիներուն շնորհալի քնքշութիւնը, գեղին կեանքն ամբողջ, գեղին ցնծութիւնն ամբողջ։ Ուր որ համբուրէի՝ հոն վարդ մը բուսնէր, ուր որ դպնայի՝ հոն կանաչութիւն մը ծաղկէր։

Գեղին աղջիկներուն հայելին ըլլայի, սիրականին շրթունքները դպած քարին քովէն իր նշանածին ջուր տայի։

Մայրական անսպառ ստինք ըլլայի՝ գառին ու գառնուկին, ջահիլին ու ծերին. ո՛չ սպառէի, ո՛չ հատնէի, մնալով մշտնջենապէս երիտասարդ՝ խանդավառ, անվիշտ ու զուարթ։

Պիտի ապրէի բոլոր սերունդներուն հետ, գեղին բոլոր գեղեցիկներուն, պարմանիներուն հետ, մինչեւ որ անոնք ծերանալով մեռնէին ու նորեր, նորագոյններ յաջորդէին անոնց, նոյն յոյսերով, նոյն յուզումներով, նոյն տենդերով եւ այսպէս կեանքը հոսէր անվերջ, անդադար՝ իմ ջուրերուս պէս, իմ ջուրերուն հետ, քալել երթալով դէպի ուր որ կը տանի բախտը, դէպի տափարակ, հարթ դաշտը կամ նեղ, ոլորապտոյտ, քարուտ ձորը, ի՜նչ փոյթ։

Գեղին նահապետական դարաւոր բարութիւնը պիտի ըլլայի ես, տեսնելով անթիւ սերունդներու մշտական յաջորդականութիւնը որ կ՚ապրէր ինձմով, կ՚անցընէր իր ծարաւը իմ ջուրերէս. որդիները նոյն բանը գային ըսելու իրենց սիրականներուն, ինչ որ հայրերը ըսած էին պատանեկութեան օրերուն, նոյն սրտատրոփ սպասումով, նոյն հրավառ բաղձանքներով. եւ ե՛ս պիտի ժպտէի ամէնուն, զաւկին ու թոռան, բաշխելով յաւիտենական կեանքը։

Ե.

Նոր սէրերու կարօտն ունիմ, անծանօթ զգայութիւններու ցաւը կը կրեմ։ Կը փորձեմ զբօսցնել հոգիս, լուալով զայն խուսափուկ հետապնդումներու շատրուանի մը տակ, բայց վիշտն է որ կը թրջէ զինքը, լուռ տառապանքն է որ իւղի պէս կը փակի իր թեւերուն։ Բարձր թառած՝ արցունքով կը դիտէ ուրիշ սրտերը որ կը սիրեն, կը հրճուին, երջանիկ ու ինքնագոհ կը թուին, երբ իրեն համար սիրոյ սովորական դաշտերը հնձուած են արդէն, երջանկութեան բոլոր կոճղերը շատոնց արմատախիլ, ինկած տապալած են, եւ ահա յանդգնութիւնը կը գործէ, ինքզինքը վար նետելով, փորձելու համար սիրահարի յիմարական խոյանք մը, փորձելու համար անկարելին, գտնելու ա՛յն որուն պէտք ունի, նոր սէր մը, նոր պաշտամունք մը։

Անո՛ր համար, իր ճիչերուն մէջ սեւ անգղի մը կառաչը կը լսէք ու արտոյտի մը քաղցրահոս ձայնը, անոր համար իր վանկերը անյօդ են ու անկապակից, իր լեզուն դժուարահասկնալի ու արտայայտած իմաստը թոթով։