ԱԲՈՒ
ԼԱԼԱ
ՄԱՀԱՐԻ.
–
Գրեց՝
Աւ
Իսահակեան.
1911.
Մատենաշար
Ազդակ՝
թիւ
7։
Ա
Ռուսահայ
բանաստեղծ
Աւ.
Իսահակեանի
այս
փօէմը՝
իր
ձեւի
ու
արուեստի
կատարեալութեամբը,
ա՜յնքան
հազուադէպ
ընդհանրապէս
կովկասահայ
քնարերգութեան
մէջ,
զմայլելի
էջ
մըն
է,
յանդուգն,
հզօր
եւ
թաթաւուն
մեծ
սարսուռով
մը։
Երգ
մը
չէ
անիկա,
այլ
ահաւոր
անարէմա
մը՝
ուղղուած
ընկերութեան
դէմ,
ընկերական
կարգերուն
եւ
օրէնքներուն
դէմ,
մարդկութեան
դէմ
ու
աշխարհի
դէմ…
Կեանքը
երազ
է,
աշխարհն՝
հէքեաթ,
ազգեր,
սերունդներ.
անցնող
քարաւան,
Որ
հէքեաթի
մէջ,
վառ
երազի
հետ
քայլում
է
անտես
դէպի
գերեզման։
Կամքի
բացարձակ
իշխանութեան,
անհատին
անսահման
ազատութեան
պաշտամունքն
է
որ
կ՚երգէ
Աբու
ԼալաՄահարին՝
արաբ
բանաստեղծը,
ժխտելով
ամէն
ինչ
որ
կայ,
օրէնք՝
մարդը
մարդուն
կապող,
մարդը
ընկերութեան
միացնող.
Ես
կ՚ուզեմ
լինել
անսահման
ազատ,
անպարտք,
անիշխան,
այլեւ
անաստուած.
Հոգիս
տենչում
է
միա՛յն,
միմիա՛յն
ահուն,
անպարփակ
մեծ
ազատութեան։
Մարդկային
անհաւասար
ընկերութեան
դէմ
արձակուած
այս
անէծքը՝
վարդապետութիւնն
է
անիշխանական
փիլիսոփայութեան,
որը
Աւ
Իսահակեան
կրցած
է
վերածել
ամենահզօր
բանաստեղծութեան
մը,
զայն
հոսել
տալով
արաբ
բանաստեղծի
մը
հոգիէն
ու
շրթունքներէն։
Արեւելքը
ունեցած
է
ինչպէս
միջին
դարուն,
նոյնպէս
եւ
այժմ
իր
ինքնայատուկ
մէկ
փիլիսոփայութիւնը,
խառն
համաստուածութեան,
միսթիսիզմի
եւ
կեանքի
անիրաւութեանց
դէմ
ըմբոստացող
մարգարէական
ոգիի
շունչով
մը,
որ
կ՚արձագանգէ
յաճախ
պէքթաշիներու,
տէրվիշներու
եւ
ժողովրդական
երգիչներու
մէջ։
Ահա
արեւելեան
այդ
ներշնչումն
է
որ
Իսահակեան
ընտրած
է
այդ
իբրեւ
աղբիւր
ու
միջոց՝
ատայայտելու
իր
բողոքը
եւ
նզովքը
ընդդէմ
բոլոր
այն
տգեղութեանց
ու
ստորութեանց,
որ
կը
խաթարեն
կեանքի
ու
ստեղծագործութեան
գեղեցկութիւնը,
կը
թունաւորեն
մարդկային
վայելքի
բոլոր
ակերը
եւ
գոյութիւնը
կը
դարձնեն
անտանելի,
այլանդակ
ու
ցաւագին։
Բայց
եւ
այնպէս
բանաստեղծը
իր
փիլիսոփայութեան
մէջ
չէ
մնացած
հաւասարակշիռ.
իր
բացասումը
կը
հասնի
երբեմն
այնպիսի
անգութ
բացարձակութեան
մը՝
որ
կ՚ուանայ
մարդկային
ամէն
արժանաւորութիւն
ու
ազնիւ
հակում.
Մարդիկ
ի՞նչ
են
որ…
դիմակւած
դեւեր,
ժանիքներ
ունին,
անտես
ճիրաններ,
Սմբակներ
ունին
եւ
որոճող
են
եւ
նրանց
լեզուն
–
թունաւոր
սուսեր։
Եւ
ո՞վ
են
մարդիկ.
–
մի
պատառ
հացիդ
հազար
աչք
ձգող,
քրտինքդ
լափող,
Անկումիդ
ուրախ,
մատնիչ,
ուրացող,
աղուէսների
հօտ
եւ
դահի՛ճ,
դահի՛ճ…
–
Լսէ՛ք
ու
զատէք
խօսքս
հրեղէն,
թո՛ղ
ծովերից
ծով
աշխարհն
իմանայ,
Որ
աւելի
վատ,
աւելի
զազի՛ր,
քան
մարդը
դաժան՝
այ
մարդն
է
նորից։
Այս
բացարձակ
յոռետեսութիւնը
սակայն
ինքը՝
բանաստեղծն
է,
դարձեա՛լ,
որ
կուգայ
հերքելու
հետեւեալ
տողերով.
Լաւերն
աշխարհում
զոհւում
են,
մեռնում
վատերի
համար
եւ
վատերն
յաւէրժ
Տանջում
են,
լըլկում
մի
բուռ
լաւերին,
—
եւ
կեանքի
արտում
որոմն
է
աճում։
«Աբու
Լալա
Մահարի»ն
հայ
քնարական
բանաստեղծութեան
ամենահզոր
էջերէն
մէկը
կը
կազմէ՝
պատկերներու
եւ
գոյնի
հրաշալի
փարթամութեամբը.
զգացման
անհուն
խորութեամբը
եւ
այնպիսի
երաժշտականութեամբ
մը,
որ
ռուսահայ
քերտողութեան
համար
կարող
ենք
ըսել
թէ
կը
բանայ
նոր
դարագլուխ։
«Ազատամարտ»,
Շաբաթաթերթ—Յաւելուած,
Գրական,
գեղարուեստական
եւ
գիտական,
1911,
Թիւ
32,
Փետրուար
21/6
Մարտ,
Երկուշաբթի