Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՎ ՈՐ ՍՈԻԼԹԱՆ ՄԸ ՈԻՆԻ ԻՐ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋ


Ես տեսայ տէրվիշը, որուն սեւ մազերը, գիսակ—գիսակ, կը թափէին կռնակէն վար. կը թափէին մերկ մարմնին վրայ, որ միայն մորթ մը կը կրէր իբրեւ զգեստ եւ որ պղնձագոյն էր, անապատի արեգակին գոյնովը. ու անոր աջ ստինքէն կը կախուէր, կիսալուսնի պէս, երկաթեայ պայտը, խորհրդանշա՜ն տիեզերական չարչարանքին՝ որ մայրն է ստեղծագործութեան ու կեանքին, աղբիւրը արուեստներուն ու լոյսին:

Անիկա կու գար անծանօթ հարաւէն, աջ ձեռքը բռնած պողպատեայ տապարը, որ կը բանայ խորհուրդին դռները միտքին առջեւ, ու ձախ ձեռքը բռնած տէրուիշական եղջիւրը, մինչ մերկութիւնը ծածկուած էր կարմիր սփածանելիով մը: Կու գար որպէս տարօրինակ տեսիլք, որովհետեւ ա՛լ հեղ մըն ալ չերեւցաւ, նման այն գիսաւորին՝ որ մէկ անգամ միայն կը յայտնուի աչքերու լոյսին եւ կ՚երթայ, անիմանալի ուղիներէ, դէպի անծանօթ ճակատագիրը:

Ու ես լսեցի զինքը, քաղաքի հրապարակին վրայ, ուր կը խռնուէր ամբոխը. լսեցի ամբոխին հետ՝ այն երգը, որ երգեց անապատական քերթողը, բարձրահնչիւն ու ամրադաշն, իբրեւ մեղեդի, իբրեւ ողբ, իբրեւ հագներգութիւն…

«Է՜հ Սպահանի ու Պաղտատի արքունական պողոտաներ, կը թօթուեմ ահա ոտքերուս վրայէն փոշիները ձեր մեծապանծ կարաւաններուն, որոնք երկրէ երկիր ու աշխարհէ աշխարհ կը փոխադրեն աննման Արեւելքին բեհեզն ու դիպակը, խորհուրդներն ու արուեստը:

Թող շրթունքներս ցրուեն այս օտարական մարդոց մէջ ոսկեփոշին այն փառքերուն՝ որոնց հռչակովը կը պանծան Իրանն ու Թուրանը, ու ես այս հեռաւոր երկրի հեռաւոր ազգերուն մէջ ցանեմ զանակները այն երազներուն, որոնց հրաշատեսիլ լոյսովը գեղեցկացած են Գանգէսի ու Սէյլանի աղջիկներուն ծոցերը:

Լսեցէ՜ք, ո՜վ տարաշխարհի եղբայրներ, դո՛ւք, անծանօթ, բայց մերձաւոր իմ հոգիիս՝ ձեր բաղձանքներովն ու ձեր պատրանքի վիշտերովը, ձեր տարակոյսներովը, ձեր արցունքովն ու ծիծաղովը:

Ես կ՚ողջունեմ ձեր մէջ առաւօտեան ուրախութիւնը որ կը բերէ իր հետ ծագող իւրաքանչիւր օր, եւ իրիկուան թախծութիւնը՝ որ իր ետեւ կը թողու իւրաքանչիւր մարը մտնող արեգակ: Ես հարաւի զաւակ, դուք Եփրատի ու Տիգրիսի ակունքներէն խմող բնակիչներ, որքան օտար, բայց նոյնքան մօտ էք ինծի ամէնքդ, ինչպէս երկինքին եղեամը՝ որ շատ հեռու, սակայն եւ շատ մօտ է հովիտներու խորութեանցը մէջ ծաղկող մարգերուն: