ԲԱՐՁՈՒՆՔԻ
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Աւանդութիւնն
է
որ
կ՚ըսէ
թէ
Բիթլիսի
բերդը
երբ
կը
շինուէր՝
աստուածները
կ՚ընդդիմանային
անոր,
որովհետեւ
պարիսպները
կազիւ
կիսով
կը
բարձրանային
եւ
ահա
գիշեր
մը
ամէն
ինչ
անծանօթ
զօրութեամբ
մը
կը
քանդուէր
ու
հիմնայատակ
կ՚ըլլար։
Այսպէս
տարիներ
ու
տարիներ
կրկնուեցաւ
ստեղծագործութեան
ու
քանդումի
հակամարտ
պայքարը.
ժողովուրդը
շինեց
եւ
աստուածները
աւերեցին,
մինչեւ
որ
պատգամ
ելաւ
մեհենական
տաճարներէն,
թէ
պէտք
է
զոհաբերել
այդ
աշխարհին
չքնաղագեղ
կոյսը
բերդին,
որպէսզի
հնարաւոր
ըլլայ
ժողովրդական
ձեռակերտին
շինութիւնը։
Եւ
ժողովուրդը
յանձն
առաւ
իրագործել
պատգամը,
յօժարեցաւ
թանկ
զոհաբերութեան։
Բերդին
հիմքերուն
մօտ,
ժայռին
վրայ,
խցիկ
մը
շինեցին՝
մէկ
լուսամուտով,
ուր
նշանադիր
կոյսը
ողջ—ողջ
փակուեցաւ
մահուան
համար։
Եւ
որմնադիրները
հիւսեղին
պատերը։
Գոհ
էին
աստուածները,
եւ
բերդը
բարձրացաւ
մարդկային
արեան
գնով,
յաղթական
ու
անսասան։
Զոհը,
փակուած
իր
տանջարան—խուցին
մէջ,
ոգեվարեցաւ
ու
մեռաւ։
Բայց
մեռնելէ
առաջ
իր
արցունքներէն
կաթիլ
մը
ինկաւ
լուսամուտէն
դէպի
ժայռը,
եւ
այդ
կաթիլ
մը
արցունքէն
բուսաւ
նշենի
մը,
որ
ծաղկեցաւ
մշտնջենապէս,
ամէն
գարնան,
ապրելով
մինչեւ
մեր
օրերը։
Այդ
նշենին
չի
չորնար
եւ
պիտի
չչորնայ,
քանի
կանգուն
է
բերդը
եւ
կամ
անկէ
յիշատակ
մը
կը
մնայ,
—
այսպէ՛ս
կ՚ըսէ
ժողովրդական
աւանդութիւնը,
որ
աղբիւրն
է
այս
պոէմին։