ԵՐԳ
ՄԸ
Երբ
գարունը
բըլուրներու
ետեւէն
Ու
լեռներէն
ամպասքօղիկ
կը
բերէ
Ծիծաղ,
կանաչ
ձայներ
աղօտ
ձորերէ՝
Որոնք
պահ
մը
կ՚արձագանգեն,
կը
տեւէն,
Ու
փթթումը
զըւարթ՝
խոտին
հետ՝
կեանքին,
Կապոյտը
թաւ
վերէն
խորունկ
ծածանող,
Երանութիւն
մ՚որ
կ՚ողողէ
դող
ի
դող
Երկնի
ծայրէն
միւսը՝
անհուն,
ժըպտագին։
Ա՜հ,
խոտի
մը
ճոճումն
հանդարտ
ու
տըկար
Հոգւոյն
մէջ
լուռ
ըզգացումներ
կը
բերէ,
Որ
գոյն,
անուն
չունին
որոշ,
լեռներէ
Իջնող
սիւգին
պէս,
ու
յուզող
վերէն
վար։
Լըճակին
լուռ,
խաղաղ
երեսն
այս
անծալ,
Որ
թափ
կու
տայ,
մանր
ալիքներ
կը
հանէ
Եւ
ոչ
անուն,
ոչ
ալ
պատճառ
մը
անկէ
Կը
վարէ
զայն
ու
կը
կոչէ
հոն
հեղ
մ՚ալ։
Այդ
հովին
պէս՝
ըզգացումներն
անմարմին՝
Մանր
ալիքներ,
թեթեւ
ցայտքեր
յոյզերու,
Ցայտել
կու
տան
սրտէս
հեռուն՝
շա՜տ
հեռու,
Դէպ՚
անծանօթն
ուր
կը
թըռին,
կ՚ուղղուին։
Անուշ
երգի
յիշատակ
մ՚է
այս
կարծես,
Մոռցըւած
հին
երգի
մը,
որ
կ՚արթննայ
Յանկարծ
մեղմով
ու
կը
մարի
անիկա
Սրտիս
մէջէն,
հոգւոյս
մէջէն
տխրապէս։
1895