Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՊԱՏՇԱՃԻՑ ՕՐԷՆՔԸ»


Հին փշոտ խնդիրն է որ կը քրքրեն նորէն, Փարիզի մէջ։ Լոյս—Քաղաքի լուսաւոր խղճմտանքներն իսկ չեն հանդուրժեր որ մարդկային ճշմարտութիւններ արտայայտուին իրենց իսկական անուններով, եւ դեռ վերջերս երկու թերթեր հալածանքի ենթարկուեցան, իբրեւ մեղանչող «Պատշաճից Օրէնքի» դէմ։ Այս երեւոյթը, աւելորդ է ըսել, ուղղակի վրդովում կը պատճառէ անոնց որ արուեստի եւ գրականութեան անարատ սէրն ունին, եւ ահա Ժ. Հ. Ռօնի երէց, ուժգին եւ արի պարսաւականով մը հրապարակ կու գայ, իր արուեստագէտի խօսքն արտասանելու.

«Չկայ աւելի անհեթեթ, աւելի տարտամ եւ աւելի մանկունակ բան մը քան պոռնկագրութեան ամբաստանութիւնը։ Եթէ որոշ տեսակէտի մը կապուինք, ո՛չ մէկ թերթ, այն պահէն իսկ որ ընդհանուր տեղեկութիւններ եւ դատաստանական քաղուածքներ կը հրատարակէ, պէտք չէ յանձնել այնպիսիներու որոնց բարոյական տկարութեան վրայ կը կասկածինք։ Կը բաւէ ամէնէն առաքինի օրաթերթերը կարդալ քանի մը օր, հաղորդ ըլլալու համար մարդկային բոլոր խայտառակութիւններուն. Գողութիւն, մարդասպանութիւն, խաբեբայութիւն, շնութիւն, հակաբնական արարքներ, տռփական ոճիր եւն. ։ Ամէն օր սիրահարները կը սպաննեն իրենց հոմանուհիները, սիրուհիներ արջասսպ կը նետեն իրենց տարփածուներուն վրայ, խաբուած ամուսիններ կը գնակահարեն իրենց կիները կամ մրցակիցները. շարունակ կը ձերբակալուին կնամոլներ, խաղատան վարիչներ, աղիճներ, կիներ որ մանկամարդ աղջիկներ կը ծախեն ծերուկ պարոններու, անհատներ որոնք ահաբեկումով կամ նենգութեամբ պոռնկութեան կը մղեն դժբախտ մանկամարդուհիներ… Ի՞նչ իրագիտական դասեր չկան Շթէյնն Հէլի կամ Մաքսիմիլիէն Հարտէնի դատերուն մէջ, ուր Գերմանիոյ կայսեր բարեկամները, հանդէս կու գան արատաւո՜ր ողբալի մեղանչումներով։ Ի զո՜ւր թերթը երկիւղածօրէն մանուածապատ լեզու մը կը գործածէ. չի կրնար իր ընթերցողէն ծածկել ինչ որ տեղի կ՚ունենայ։ Մնաց որ, շատ մը անհատներու համար, յայտնութիւնները աւելի «գրգռիչ» են երբ խորհրդաւորութեամբ մը սքօղուած են։

«Այս պայմաններուն մէջ ինչ կը նշանակէ պոռնկագրութեան ամբաստանութիւնը։ Ի՞նչ չարիք կրնան գործել այն գրագէտները որոնք առիթ կ՚ունենան, թերթի մը երրորդ կամ վեցերորդ էջին վրայ, քիչ մը գունեղ ճշմարտութիւններ արտայայտելու։ Անշուշտ, անտաղանդ գրողի մը ստոր շուայտութիւնը, անասնական խենէշութիւնը անախորժ բաներ են։ Բայց ի՞նչ ընենք։ Ո՞ր կանոնին անունով կեղծաւորութեան դատապարտենք իրենց կոչւմին իրապէս արժանի գրագէտներ։ Բոլոր անոնք որ ուսումնասիրած են իրենց ժամանակակիցներուն տռփական կեանքը, շատ լաւ գիտեն թէ պոռնկագրական կոչուած գործերը անհունապէս նուազ կ՚ազդեն երեւակայութեանց վրայ քան սանթիմանթալ, ծածկամտաբար փափուկ եւ նենգօրէն շնական արտագրութիւնը։

«Եւ յետոյ, պոռնկագրութեան ամբաստանութիւնները եւ մանաւանդ դատական հետապնդումները տեղի կու տան ամէնէն անհանդուրժելի անարդարութեան։ Հազարներով կը հաշուեն այն գործերը զորս կարելի էր դատի ենթարկել, եւ այդ գործերէն շատերը ժամանակակից արուեստին ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն ուժեղ արտադրութիւններէն։ Արդ, պատահաբար բռնել յանցապարտ մը, քաւութեան նոխազ մը, նշանակէ վատօրէն զեղծանիլ ընկերային իշխանութեամբ. կը նշանակէ ջախջախել դժբախտ մը կարծեցեալ յանցանքի մը համար։ Հրէշային բան է այդ»։


Ռուսիոյ եւ մասնաւորապէս Պիատեկորսքի մէջ (հիւսիսային Կովկաս) մեծ հանդէսներով տօնուեցաւ բանաստեղծ Լերմոնտովի մահուան 70ամեակը։ Այդ քաղաքին մէջ էր որ, 1841ին Մծիրի ի հեղինակը սպաննուեցաւ մենամարտի մը հետեւանքով, եւ երախտագէտ ժողովուրդը իր արձանը կանգնեց այնտեղ։

«Ազատամարտ», Շաբաթաթերթ—Յաւելուած, Գրական, գեղարուեստական եւ գիտական, Բ. Տարի, 1911, Թիւ 2 (54), Յուլիս 24/6 Օգոստոս։