ԱՊՐԵԼՈՒ
ՀԱՄԱՐ
Այս
տարի
յիսուն—յիսունհինգ
տարեկան
մարդ
մը,
Մլգոն
աղբարը,
թոյն
խմեց
ու
մեռաւ։
Հասարակ,
շատ
լսուած
լուր,
մանաւանդ
յաճախադէպ
պարագայ
մը
կեանքի
մէջ,
այնպէս
չէ՞,
ճիշդ
ինչպէս
որ
կարդայիք
նշանտուքի
ազդ
մը,
ու
այնքան
հետաքրքրուէիք
անով,
որքան
ազգակցութիւն
կամ
ծանօթութիւն
ունեցած
ըլլայիք
ծանուցուած
անձին
հետ։
Ու
ճիշդ
այդ
պատճառով
իսկ
այնքան
կը
հետաքրքրուիմ
մահուամբ,
ես
ալ,
որքան
կը
սիրեմ
կեանքը։
Ու
մեր
տեղերը
կը
մեռնին
մարդիկ,
կը
մեռնին
աւելի
շատ
աշնան
ու
գարնան
սկիզբը,
անկողնին
մէջ,
հիւանդութեամբ
մը
քայքայուած,
յաճախ
ցաւագար
ու
անդամալոյծ,
մինչդեռ
քահանաները
միշտ
միեւնոյն
ահռելի
անտարբերութեամբ
կը
թաղեն
զանոնք,
երբ
աշխարհն
ալ
կարծես
նոյնքան
քահանայ՝
կը
հետեւի
դագաղին
ու
միշտ
միեւնոյն
սովորական
անտարբերութեամբ
կը
մոռնայ
հասարակ
մարդն
ալ,
մեռելն
ալ։
Այսպէս,
համեմատապէս
այս
խաղաղ,
իրարու
ծանօթ
կամ
ճանչուոր
համայնքին
մէջ,
ուր
ապրողները
մէկ—մէկու
հաղորդած
են
խորհելու,
զգալու
ու
տրամաբանելու
միեւնոյն
եղանակը՝
բուռն
անակնկալներ,
ժայթքող
միջադէպեր
չկան
կամ
գրեթէ
այնքա՜ն
հազուադէպ
են։
Միեւնոյն
հոգին
ամէն
մարմնի
մէջ
ալ,
աչքի
ու
տեսութեան
նոյն
հաւասարաչափ
նշանակէտը
ամէնուն
համար
ալ
ու
տպաւորելու
միեւնոյն
պայմանները,
մէկ
ականջի
վրայ
քաշուած
այն
լարերուն
պէս,
որ
ո՛եւէ
հարուածի
տակ
միեւնոյն
եղանակն
աղաղակէին։
Անցնող
տարուան
մէջ
Մլգոն
աղբարը
իր
եղերական
մահով
աղմկալից
անակնկալն
եղաւ։
Մարդ
մը՝
որ
իր
խանութի
գործերուն
հաւասարակշռութիւնը
կը
կորսնցնէ՝
40—50
ոսկիի
պարտքի
մը
տակ
իյնալով,
եւ
խորհելով
թէ
տասներկուքին
մօտեցած
իր
այդ
տարիքէն
ետք
կորովն
ու
միջոցը
պիտի
պակսէին
իրեն
պատուաւոր
անունով
մը
թաղուելու,
ջախջախուած.
լլկուած
մանաւանդ
առօրեայ
կեանքին
անլոյս
ու
խեղդող
խաւարին
տակ՝
դիւցազնական
ոստում
մը
կ՚ընէ
դէպի
գերեզմանը՝
կտոր
մը
թոյնով,
ու
կը
գրէ
հաշուետետրին
մէջ.
«Մարդու
բան
մի՛
ըսէք,
աղու
առի
ու
խմեցի»։
Իր
աներեւութանալէն
ետքն
էր,
որ
որոտաց
ռամիկին
է՛ն
գռեհիկ,
է՛ն
ցեխոտ
դատաստանը,
որ
բերնէ
բերան
կը
թռէր,
կ՚ոլորուէր,
ինք
իր
վրայ
կը
հիւսուէր
ու
կը
մաղտուէր
[1],
քով
քովի
բերելով
ապուշի
չոր
գանկերը,
իրարու
զարնել
տալով
եւ
տարածելով
ամէն
կողմ
շնական
իմաստութեան
մը
անբարոյական
դատապարտութիւնը՝
որ
կ՚ըսէ.
—
Անխե՜լք
հէրիֆ,
մարդ
մը
որ
քանի
մը
ղուրուշ
պարտքի
համար
հոգիէն
կ՚ելլէ։
—
Ի՜նչ
գէշ
մարդ,
ադա՜մ,
առաքինի
ու
աստուածավախ
մէկը
կը
ճանչնայինք
զինք…։
—
Կորսուէ՛,
յիմար,
տալիք
ունի՜ս
եղեր,
աղէկ
ա՛,
ի՞նչ
կայ
որ,
ի՞նչդ
պիտի
առնէին,
հէրքէշ
[2]
ինչպէս
կ՚ընեն
դուն
ալ
անանկ
ընէիր։
Եթէ
պարկեշտ
էք,
գոցեցէ՛ք
աչքերնիդ
ականջներնուդ
հետ,
որովհետեւ
կը
տեսնէ՞ք,
մարդկային
արժանապատուութիւնը,
հասարակութեան
մը
մէջ
ապրող
է՛ն
բարձր
զգացումը
յանկարծ
ազնուական
կնկան
մը
անկումով
լաթերը
կը
հանէ
ու
պոռնկութեան
կ՚երթայ,
խայտառակ
ու
լիրբ
անպատկառութեամբ
մը։
Հարցուցէք
այդ
բոլոր
կնիկներուն,
որ
կը
դատապարտեն
յիսուն
անցուկ
մարդ
մը,
այն
պարագային
տակ՝
երբ
այնքան
հպարտ
ու
արիասիրտ
կը
գտնուի
արհամարհելու
կնկայ,
զաւակի
ու
ընտանիքի
բռնաւոր
սէրը,
երբ
պատիւը
իր
կեանքէն
հազար
անգամ
արժէքաւոր
կը
ճանչնայ՝
իր
արիւնը
իր
մէջ
վազցնելով,
որպէս
զի
իր
տանը
վրայ
չցատքէ,
հարցուցէ՛ք
այդ
կնիկներուն
նորէն—
թէ
ի՞նչ
են
գոյութեան
իրաւունքը
թոյլատրող
պայմանները
եւ
ինչո՞ւ
կ՚ապրի
մարդը։
—
Ապրի՜լ,
ապրի՜լ։
Բնազդական,
գայլի
անասնական
բաղձանք
մը,
որ
թոյլ
կու
տայ
հակառակ
պարագային,
գլուխը
փորին
տակ
երկնցնել
իր
լակոտը
արգանդէն
դուրս
բերելով
ուտել՝
ապրելու
համար։
Ապրի՜լ,
ապրի՜լ,
ահա՛
միակ
ու
վերջնական
մտածումը
մեր
հասարակութեան,
հոգ
չէ
թէ
իրենք
տունէն
ներս
մտած
ատեն՝
պատիւը
փողոցը
վազէ,
հոգ
չէ
թէ
իրենց
անձը
ապտակուած,
արհամարհուած
ու
մտրակուած
ըլլայ,
միայն
մարդ
չդպնար
կեանքին՝
այն
աւելցուք
ոսկորի
կտորին,
զոր
ծամելու
համար
արդէն
իսկ
ժանիքները
կորսնցուցեր
է։
Լսե՞ր
էք
աւազակի
մը
ու
ողորմելի
վաճառականի
մը
պատմութիւնը։
Անգամ
մը,
չեմ
գիտեր
ե՛րբ,
լերան
մը
վրայ
աւազակներու
հրոսախումբ
մը
կարաւանի
մը
ճամբան
կը
կտրէ,
հարկաւ
կը
հասկնաք
ի՛նչ
մտադրութեամբ։
Կռիւը
երկու
կողմէն
ալ
յամառ
կ՚ըլլայ,
մինչեւ
որ
տկար
կողմը
տեղի
կու
տայ
յաղթականին՝
ինչպէս
որ
օրէնքն
է,
ու
դժբաղդութիւն
թէ
բարեբաղդութիւն,
ո՛րը
որ
կ՚ուզէք,
յաղթութիւնը
լեռնցիներուն
կը
մնայ։
Աւազակապետը,
երբ
իբրեւ
սեփականատէր
իր
խումբին
կ՚առաջնորդէ
հակերուն
օրինական
փոխանցումը
կարգադրելու՝
կը
հանդիպի
մարդու
մը,
որ
դեփ—դեղին
երեսով,
ահաբեկած,
իշու
մը
տակ
սլքեր
սալարուեր
է։
—
Է՛յ,
մարդ,
կը
հարցնէ
աւազակը,
ի՞նչ
կ՚ընես
հոս։
—
Աղա,
խուրպան,
կը
պատասխանէ
ողորմելի
վաճառականը
սարսափահար,
որուն
հայու
ի՛նչ
անուն
կրելը
չեմ
գիտեր,
ես
այս
կենդանիին
քուռակն
եմ.
ինծի
բան
մի՛ըսեր…
—
Անպիտան,
կը
պոռայ
աւազակը
աղմկալից
քրքիջով
մը,
ի՞նչպէս
այդ
որձ
էշը
մայրդ
կրնայ
ըլլալ։
—
Ոտքդ
պագնեմ,
աղա՛,
կը
թոթովէ
խելացի
մարդուկը,
մօրս
մեռնելէն
ետք
հօրս
հետ
կը
պտըտիմ…
Ու
մի՛
տարակուսիք
վերջաւորութեան
վրայ,
աւազակապետը
արգահատելով
այդ
մարդակերպ
աւանակին
ծիծաղելի
կացութեան,
վեհանձն
կը
գտնուի
ձեռք
չվերցնելու
եւ
գուցէ
իր
այնքան
բազմաթիւ
քաջագործութիւններու
շարքին
օր
մը
իշուն
մէկը
սպաննած
ըլլալու
անպատուաբեր
անցքն
ալ
արձանագրելու։
Անկասկած
փիլիսոփայ
աւանակը
գնաց
ապրելու
իր
տեղին
մէջ
հպարտ
փառասիրութեամբ
մը,
ծնելով
իր
կարգին
փիլիսոփայ
զաւակներ,
կտակելով
անոնց
իր
իմաստութիւնն
ու
հնարամիտ
գիտութիւնը
կեանքի
ու
կենցաղի
պայմաններուն
մասին,
չմոռնալով
նաեւ,
իբրեւ
կենդանի
օրինակ,
իր
օրուան
մը
հոգեփոխութեան
արկածն
ալ
ու
անոր
խրատական
թելադրութիւնները։
Ահա
այն
գձուձ
իմաստասիրութիւնը,
որ
դէպի
կեանքը
ու
անոր
պահպանութիւնը
կ՚առաջնորդէ
ամբոխը։
Ապրի՛լ,
ապրի՛լ,
ծախու
առնել
կեանքը
ամենաստոր
փրկանքով,
գրաւի
դնելով
հօրը
մոմիան
օտարի
քով,
անզգամի
մը
պէս,
ու
դեռ,
ամէնուրեք
անորակելի
ինքնագոհութիւն
մըն
ալ
տանիլ։
Բաղդատեցէք
հիմա
անուսում,
իր
ճակատին
քրտինքովը
միայն
ապրիլ
սորվող
մարդը,
Մլգոն
աղբարը,
այն
ամբողջ
իմաստուն
մարդոց
դասին
հետ,
որ
անխոնջ,
ամէն
օր
միեւնոյն
անխոստովանելի
կեանքի
պայքարը
կը
մղէ,
որ
տափակնալով,
երկննալով
ամէն
մազէ
կ՚անցնի
ու
դեռ
կռնակի
վրայ
պառկող
արդար
մարդու
հանգստութիւնը
կը
քնանայ։
Կեանքի
արժանավայել
գիտակցութիւնը,
գոյութեան
ազնիւ
ընբռնումը
այն
միակ
արժանիքն
է՝
որուն
վրայ
մարդ
իրաւամբ
ու
ազատօրէն
կրնայ
մեծաբանել,
նոյնիսկ
ամէնէն
խոնարհ
ծագումով.
հիացումով
հանդիպած
չէ՞ք
մուրացկանի
մը,
որ
իր
իբրեւ
ողորմութիւն
ընդունած
կեղծ
դրամը
անգամ
մ’ալ
ետ
դարնձնելով
տուողին
երեսին
կը
նետէ,
զինքը
բարոյապէս
աւելի
հարուստ
գտնելով
քան
դիմացինը։
Անհատական
վեհանձութիւնը,
ազնուական
խրոխտանքը,
ա՛յս
է
որ
չի
հասկնար
ամբոխը,
ու
անոր
համար
չեմ
գիտեր
ի՛նչ
իրաւունքով
կ՚ապրի։
Մեռնիլ
գիտնալ՝
ապրելու
համար,
ահա՛
ճշմարիտ
բանաձեւը
ամէն
անոնց
համար
որ
քիչ
իմաստուն
բայց
անողոք
պատուախնդիրներ
են։
Ապրիլ
այն
ահաւոր
պատասխանատուութեան
ըմբռնումով՝
ինչ
որ
կրցաւ
եւ
այնքան
ասպետականութեամբ
դժբաղդ
հայր
մը։
Մա՜հը,
կ՚ըսեն,
մա՜հը,
բայց
ի՞նչ
է
այդ
մէկ
րոպէին
ուրուականը,
որ
կու
գայ
ու
կ՚անցնի,
բաղդատելով
այն
անսահման
ցաւերուն,
այն
անհատնում
հոգիի
խշխշուքին
ու
բարոյական
տառապանքներուն
հետ,
երբ
սնանկ
արժանապատուութեան
մը
մոխիրին
վրայ
հարկ
կ՚ըլլայ
Յոբին
պէս
ծանականքի
տզրուկները
իր
ձեռքով
փակցնել
կուրծքին
վրայ,
ու
զգալ
թէ
ամէն
վայրկեան
բոլոր
կենսական
ուժերդ
կը
ծծեն,
կը
քամեն
քեզմէ
եւ
մարդիկ
կը
կոխեն
կ՚անցնին
վրայէդ,
իրենց
ոտքին
աղտոտութիւնը
բերնիդ
վրայ
ձգելով։
Չէ՛,
այդ
վատ
կեանքը
նենգաւոր
կ՚երեւայ
ինծի
ու
իր
վայելքները
այնքան
խարդախուած,
որ
երբ
կը
հանդիպիմ
յանդուգն
անհատականութեան
մը
իր
ընդվզումի
վիճակին
մէջ,
չուանը
վզին
անցնելու
կամ
դանակը
կուրծքին,
շուլլելու
պահուն՝
պաշտել
կ՚ուզեմ
զինքը
ու
հիացումէ
աւելի
բան
մը
կը
զգամ
իր
մասին,
դիւցազնութիւն
անուանելով
ըրածը,
որ
թերեւս
շատերու
կողմէն
դասալիքի
տկարութիւն
պիտի
կոչուէր։
Ու
միթէ
մահը
արհամարհելէն
աւելի
մեծ
կարողութիւն
կրնա՞յ
գտնուիլ
մարդուս
մէջ։
Թող
ապրի
աշխարհը,
որքան
որ
կ՚ուզէ,
թող
ապրին
այսօրուան
մանուկները
ու
ծերանան
հիւանդութեան
անկողնին
մէջ՝
տրուած
ու
ինչպէս
յայտնուած
պայմաններով,
առանց
անհատականութեան
գիտակցութեան,
ինծի
համար
երբեք
բան
մը
աւելի
չեն
արժեր
տա՛
սատակներուն
վրայ
նստող
ագռաւներէն,
ու
դեռ
եթէ
կ՚ուզէք,
գերեզմաննոցներու
մէջէն
կաղկանձող
շնագայլերէն։
Մլգոն
աղբարը
բաղդատութեան
անգամ
չեմ
դներ
իմ
ճանչցած
շատ
մը
հազար
մարդոց
հետ,
որոնց
բոլոր
սեւեռուն
մտածումը
կտոր
մը
հացն
է
եւ
որոնք
իրիկունը
պատին
վրայի
իրենց
շուքէն
զատ
ա՛լ
ուրիշ
բանով
չեն
ուզեր
հետաքրքրուիլ,
ոչ
իսկ
իրենց
բարոյական
ներքին
մարդովը։
[1]
Յրուիլ,
տարտղնուիլ,
տարածուիլ։