Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
Թ


Սարսափահար քուրմերն երբեք չէին լըսած

Աղօթք մ՚այդքան խըստալեզու ու համարձակ…

Դարեր երկար, դարեր ամբողջ ու շարունակ

Միայն աղերս ու գոհութիւն, զղջում ու լաց

Կազմած էին փառքի երգերն աստուածներուն։

Սակայն ահա կուրծքէն ըմբոստ ժողովուրդին,

Կը ծըխար շունչ, բոց հըրեղէն ու դառնութիւն,

Կը ծըխար բուռն ըսպառնալիք, գանգատ ու թոյն։

Սասանումն էր, որ կը յառնէր շըղթայազերծ

Տանջանքի սեւ հիւղակներէն եւ խօլաշունչ

Կը սաւառնէր ու կ՚որոտար անհուն տըրտունջ

մեհեանին մէջ աստուածներուն ոսկեհանդերձ։

Անխօս էին քուրմերն ամէն ու շըւարուն,

Կարծես պորփիւր սափորներով բարկ, հըրափայլ

Գինին էին խըմեր Գողթան, որուն մըռայլ

արբեցումն էր զարկեր ուժով իրենց գլխուն։

Մինակ էին, գիշերը լուռ, ու դից խըռով

Ըստուերներուն հըպանցումը կը զգային ցուրտ…

Ուստի հըծծիւնն իրենց, իբրեւ աղօթք, խորհուրդ՝

Պաղատեցաւ թոթովախօս, խոր երկիւղով…