Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
Զ


«Սուր աշտարակ, պարիսպ մ՚ամուր, ըսպառնական,

Բերդ մ՚անմատոյց, ուր չհասնի ամէն քամի,

Ոչ բռնութիւն, ոչ արիւնոտ ձեռք թըշնամի.

Ուր վըտանգի արհաւրալից օրերուն գան

Մայրերն իրենց աղջիկներուն ու որդւոց հետ

Ամրանալու կըտրիճներուն վահանին տակ.

Եւ քարն ու ժայռն անխոցել, զերդ ամբարտակ՝

Թքնեն վերէն սարսափ եւ մահ, թունաւոր նետ,

Մինչեւ ծագի կըրկին արեւն անդորր ու հեշտ,

Մինչեւ ցամքի դաշտերուն մեր արիւնն ազատ.

Այնժամ երգով ու օրհնութեամբ տանք հըրաժեշտ

Ձեզ, դիք, բարձունք, նստինք հանդարտ գեղերը մեր

Ու ըսկսինք վառել թոնիրն հայրենի տան։

Թող ասմազուն ոլորտներէն պատասխան տան

Սուրբ բարբառներ այս աղօթքին դիցանըւէր։

Վայրկեան մը գէթ, ո՜վ աստուածներ, մարդուն անզօր՝

Կուրծքն իր վիշտով, վըհատութեամբ, յոյսով նորոգ

Մարդկային ծով երազն հագէք, եւ թող անհոգ

Ձեր սիրտն ըզգայ թափը կըրքին, տանջանքն անոր…»