Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՐՆՈՒԱԾ ՈՐՍՈՐԴԸ


Ա.

Անկոխ ուղիներէ, օձի ճամբաներէ՝ քարերուն վրայէն այծեամ մը կը փախչի. անցած տեղերէն կարմիր արիւն կաթկթած է ու քարերը դեռ թաց են. կը վազէ, կը հեռանա՜յ, կոտոշները քարեր կը գլտորէն դարվար: Ապառաժներուն վրայէն ցատքելով, կաքաւի ձագերը թռցնելով իրենց բոյնէն ու լեռներէն թաւալող ջուրերը պղտորելով՝ կը սլանա՜յ այծեամը. կը փախչի. սիրտը ուժգին խռոված է. վախը խիստ ըլլալու է:

Հեռո՜ւն, մարդ մը կ՚երեւի, կապարճը ուսին, աղեղը լարած՝ նետը կը քաշէ: Վարէ՛ն, այդքան վարէն նետն իր նշանին չի կրնար հասնիլ. լեռները ապառաժներ են ու ճամբայ մը չ’երեւիր որ գագաթը տանի. այդ տեղերէն մինակ մողէզներ կը վազեն ու որսորդը օձի ոտք ունենալու է:

Դիմացի սեւ, մթնշաղ լեռներուն, Մաստառի վրայէն այծեամ մը կը վազէ ու որսորդն ալ ետեւէն:

Բ.

Լեռներու մէջ ուր փշոտ կաղնիներ ու վայրի թթենիներ կը բուսնին, ուր հազարաւոր օտար ծաղիկներ իրենց գեղեցկութիւնը կը բանան ու կը գոցեն, լեռներուն մէջ մինակ վայրի անանուխներ չեն ծաղկիր, ո՛չ ալ ցանուցիր, գաճաճ մացառներն են որ հողին կը կպին. մինակ առուի մը գլգլուքը չէ որ այդ տեղերուն լռութիւնը կը խանգարէ. ամայի, խորունկ ձորերուն մէջ, զով անձաւներու ներսը, այծեամները ձագեր կը բերեն, թարմ դալարիներու, ցցուած գագաթներու վրայ՝ այծեամն իր ձագերը կ՚արածէ:

Ու այծեամը լեռներուն զաւակն է, այդ հսկայ քարերը թխսած են զինք ու անոնց վրայ բուսած մամուռները կերակրած են զանիկա: Մաստառը զանոնք ծնած է. անէ՛ծք այծեամին գնդակ նետողի գլխին:

Գ.

Փախաւ այծեամը ու որսորդն անոր ետեւէն:

Բայց ճամբայ չկայ ու զեռունի ոտք հարկաւոր է մագլցելու համար. ելա՜ւ, ելա՜ւ որսորդը այծեամին հետքերէն կաթկթած կարմիր ցայտքերուն ուղիով. որսորդը գնաց՝ մոռցած թէ լեռը մահուան կը տանի ու իջնելու համար ա՛լ անգամ մըն ալ ճար չկայ: Այծեամին գնդակ նետողը անէծքով կը մեռնի:

Գագաթն հասաւ ահա: Բայց այծեա՞մը… չկար, քարերն իրենց ճեղքերուն մէ՞ջ առին թէ լեռներն իրենց անձաւներուն մէջ պահեցին զինքը. ո՜վ գիտէ. որսորդը շատ փնտռեց, բայց չկրցաւ գտնել զանի:

Կատաղի մոլեգնութեամբ խորտակեց քարին՝ կապարճը, նետը ու աղեղն ալ, եւ անոնց կտորները հովերը տարին:

Հոս ու հոն արծիւներ կը ճչէին ու ահագին թեւերնուն թափ կու տային. անոնց բոյներուն մօտ փտած ոսկորներ ու անգղի կտուցով ցեցքուած անճանաչ դիակներ ինկած էին. կամա՛ց, կտոր—կտոր ամպեր կու գային անցնելու պահ—պահ ու թեթեւ շուքերով կ՚երթային, կը հեռանային: Հիմա կտրիճ որսորդը լեռներուն մէջ մինակ, կը վախնայ. ու անոնց մէջ արձագանգող իր անհաստատ ոտքերուն տրոփիւնը զինքը կը խռովէ

Դ.

Զառիվերը դիւրին, բայց զառիվարը ահարկու է. մոռցած է թէ ուրկէ վեր ելած է ու ճամբայ մը չկայ որ զինք վար տանի, գէթ տեղեր գտնուէին որ ոտքը դնել կարելի ըլլար, աւա՜ղ, այծեամին որսը անիծուած է ու հալածող որսորդը տանջանքով կը մեռնի. լեռն ի վար աչքը հանգիստ սեւեռում չի կրնար ունենալ, ու վար գահավիժողը տանջանքներուն ամէնէն սոսկալիովը, իր մահուան քստմնելի զարհուրանքը չափելով պիտի մեռնի:

Որսորդը յուսահատի աչքերով հեռուն կը նայի, ուր հորիզոնը կը ցածնայ լեռներուն վրայ ու զանոնք կը գրկէ. տարտամ ճառագայթում մը կը խաղայ հեռաւորութեան մէջ. կը պոռայ, տարօրինակ ձայներով, կողկողիչ աղերսանքով՝ օգնութիւն կը կանչէ, ու լեռներուն մէջ, քարերուն մէջ դիւահան ծռմռուքով ձայնը կ՚արձագանգէ՜, կ՚երկարի՜: Իրիկուան զով ստուերներուն հետ եղնիկները կը բբան, ու մօտէն հեռուէն հովը երբեմն վայրի կենդանիներու ձայնի կտորներ կը տարտղնէ ասդին անդին:

Մինա՛կ, կայնած է լերան վրայ, հովերը մազերը կ՚ալեկոծեն ու բոպիկ ոտքերէն ալ արիւն կը մզի. յուսահատ է, ա՛լ չի կրնար իջնել. կեցա՛ւ հոտ, սպասելով մէկուն որ պիտի գար, մինչ առջեւէն մարախներ կը ցատքէին խումբերով ու թեթեւ թեւերով վար կը խուժէին. անոնց վար իջնելը տեսաւ տխուր աչքերով ու հետեւեցաւ ակնարկով երբ թրթռալով կը կորսուէին. մերթ ընդ մերթ բզէզ մը միօրինակ բզզիւնով հանդարտ լռութիւնը կ՚աղմկէր ու կը թռէ՜ր կ՚երթար:

Կեցաւ հոտ, լերան գլուխը, աչքը անսպառ յոյսով ուղղուած վարը, լեռներէն դարվար, սպասելով մէկուն որ պիտի գար: Մահը եկաւ ու աչքերը իրենց կոպիճներուն մէջ, բաց գլուխն ալ ուսին վրայ գամեց: Ու լեռը հիմա իր երգն ունի: Վա՜յ անոր որ այծեամին նշան կը բռնէ: