Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷ՜Ր, ԼՍԷ՛ ՄԵԶԻ


Ամէն գիշեր, Մէզիրէի սնարին վրայ հանգչած, քաղաքին հեռաւոր առանձնութեան մէջ ծրնադիր՝ գերմանական հայ որբանոցը իր խմբական աղօթքը կ՚երգէր բարձրաձայն. մանկական հարիւր շրթունքներ կը դառնային դէպի խաւարը, դէպի համր մթութիւնը ու պաղատագին, յուսահատ, արտասուալից տրտմութեամբ կ՚աղաղակէին.

Տէ՛ր, լսէ՛ մեզի…

Եւ գիշերուան գթառատ շրթունքը՝ նոյնպէս տրտմութեամբ, կ՚արտաբերէր ինք ալ աղօթքը եւ խորունկ հեկեկանքով մը կ՚արձագանգէր քաղաքին։

Ճրագներ հազարներով կը վառէին եւ լոյսով թրթռացող իւրաքանչիւր պատուհան՝ ընտանիքի մը երանական անդորրութիւնը կը բաբախէր։

Եւ քաղաքը չէ՛ր լսեր որբերու աղօթքը, որովհետեւ մայրական կուրծքերուն բոլոր կաթերը իրենց տէրն ունէին եւ ամէն հօր պարանոցէն այդ ժամուն զաւկի մը թեւերը կախուած էր։

Տէ՛ր, լսէ՛ մեզի…

Քարն է որ կը տքայ, գարշապարներու հողն է որ կը հեծէ։

Ո՛չ ոք կը լսէ։

Եւ թշուառութեան աղօթքը՝ ինչպէս տարագիր թռչուններու հեռաւոր, անլսելի կառաչը՝ մրրկամած հորիզոնի մը ծայրը, վայրկեան մը կը հեծեծէ ու կը կորսուի ապա։

Մինակ են անոնք կեանքին մէջ եւ միայնութիւնը կը զարհուրեցնէ իրենց մանկական հոգին ու կը լացնէ զայն. ուստի կը կանչեն իրենց բոլոր ուժովը.

Տէ՛ր, լսէ մեզի՛, լսէ՛ մեզի…

* * *

Մահուան զաւակնե՜րն որ Տէրը կը կանչեն։

Հոկտեմբերի գիշեր մըն էր, նո՛րէն, որ գիւղերը դագաղներու պէս շարուեցան ամայաւեր դաշտին վրայ ու մահուան արգանդէն այս մանուկները աշխարհքին պարգեւ մնացին։

Քամին կատաղօրէն կ՚ողբակոծէր այն ատեն՝ ինչպէս աշնանային այս գիշերներուն. բիւրաւոր լեզուներ՝ գալարուելով, կը կակաղէին սարսափահար ու կ՚աղաղակէին այս մանուկներուն հետ՝ վազելով մահուան ետեւէն.

Տէ՛ր, լսէ՛, մեզի՛ լսէ։

Մահն ինքն էր այն գիշեր Տէրը. իր ռնգունքէն սրտմտութեան ու չարիքի շունչը կը ծխար, իր ձեռքերը՝ արիւնով թաթխուած էին մինչեւ արմուկները, դէմքը անէծքի վիրալից հետքեր կը կրէր. եւ անհամար որբեր իր հետքերուն վրայէն կը վազէին շնչասպառ, աղաչելով որ գորովի իրենց, գթայ իրենց՝

Տէ՛ր, լսէ՛ մեզի…

Գիշերները գիշերներուն յաջորդեցին եւ Տէրը չգորովեցաւ։

Սակայն որբին հետապնդութիւնը՝ այժմ իբրեւ վրէժխնդրութիւն, իբրեւ արդարութեան մշտնջենական հալածանք, կը վազէ անդադար Տիրոջը անուան ետեւէն ու կը պոռայ սպառնագին՝

Տէ՛ր, լսէ՛ մեզի, լսէ՛ մեզի։

* * *

Աղօ՜թք։ Ի՜նչ աղօթք. պողպատեայ սիրտը անէծք ունի միայն եւ պղնձէ խիղճը՝ հայհոյութիւն։

Տէ՛ր, լսէ՛ անոնց որ քու բարութիւնդ կ՚անիծեն եւ քու համբերութիւնդ կը նախատեն։

Լսէ անոնց, որովհետեւ մայրական ստինք չդպաւ անոնց քիմքերուն ու հօր երես չտեսան, որովհետեւ դեռ իրենց դահիճներուն ձեռք երկնցուցին եւ կերան սիրելիներու արիւնովը թրջած հացը՝ չմեռնելու համար. լսէ՛ անոնց՝ որովհետեւ իրենց նահատակ մայրերուն մազերը դատաստանի օր մը քու վիզդ պիտի փաթթուին իժերու պէս եւ իրենց հայրերուն ոսկորները երբեք չպիտի մոռնան իրենց զաւակներուն անարգանքը՝ եթէ եօթը թիզ խոտ ալ բուսնի անոնց գերեզմանին վրայ։

Լսէ՛ անոնց, Տէ՛ր, լսէ անոնց՝ որ արդարութեանդ պատուհասն են աւերակ աշխարհի մը մէջ, կենդանի եւ սայրասուր դաշոյնը՝ վրէժխնդրութեան մը ակնկառոյց։

Անոնք նշանակն են իրենց ցեղին խաչելութեան եւ իրենց հետ՝ աշխարհի չորս ծայրերուն պիտի տանին իրենց արիւնոտ խանձարուրէն ծուէն մը ու կտոր մը այն ահաւոր ծիրանիէն՝ որ քու աստուածային գթութեանդ ուսերէն ձգեցիր այն օրերուն եւ որով ծածկեցիր մահուան այս զաւակներուն առաջին մերկութիւնը։

* * *

Եւ տակաւին ամէն գիշեր որբերու դողդոջուն շրթունքները կ՚աղաղակեն երկինքն ի վեր, տակաւին կը փնտռեն անծանօթ, անհասանելի զօրութիւնը՝ որ չի յայտնուիր։

Տէ՛ր, լսէ՛ մեզի, լսէ՛ մեզի…

Ու այդ ձայներուն մէջ, յետամնաց զոհերու այդ կողկողանքին մէջ, կը թրթռայ նաեւ պաղատանքը մանկահասակ աղջիկներու։

Օ՜հ, աւելի՜ միայնակ են անոնք ու աշխարհը ցաւի սեւածիր անապատ մըն է անոնց համար, ուր արեւին լոյսը զիրենք կը հալածէ։

Տէ՛ր, գէթ անո՛նց լսէ։

Լսէ՛ անոնց, որովհետեւ զարհուրելի դատաստանը անոնց կողերուն տակ դարանած է, որովհետեւ վրէժի զաւակները՝ զոր անոնք պիտի սնուցանեն՝ վաղը ու մօտաւոր վաղ մը, պատասխանատուութիւնը պիտի փնտռեն ու հաշիւը պիտի պահանջեն իրենց մայրերու տանջանքին, իրենց մայրերու ծանականքին։

Այդ վաղը՝ որ հեռու չէ, օրերու ամէնէն քստմնելին ու պակուցիչը պիտի ըլլայ. որովհետեւ այսօրուան աղերսական որբուհիներուն վիշապազուն կորիւնները՝ ափերով թշնամիի արիւն պիտի խմեն ու այդ արիւնին հեշտութեամբը արբեցած, պիտի պարեն տաճարներուդ դրանը առջեւ, պիտի պարեն գիւղերուն ու քաղաքներուն տօնական հրապարակներուն վրայ եւ իրենց մայրերուն շապիկները ճոճելով օդին մէջ պիտի պոռան՝

Տէ՛ր, լսէ՛, մեզի՛ լսէ, արդարութիւնը կը հատուցանենք ահա…։