Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՈ՛ԻՆ ՄԸՆ ԱԼ ՊԱԿԱՍ
Ա


Աշնան անձրեւոտ, տղմոտ օրերուն էր որ Քաղաքին Առաջնորդարանը երեւցաւ Մարիամ պաճին, բոպիկ ոտքերով, վրան գլուխը ամբողջ ցեխով ծածկուած, անձրեւէն թրջած ու ցուրտէն կաս—կապուտ: Դուռը բացածին պէս ներս մտաւ եւ առանց բարեւի, առանց ժամանակ թողելու որ իրեն խօսք մը ուղղուէր՝

Ամա՜ն, Հայր Սուրբ, աղջիկս փախցուցին, տարի՜ն, տունս աւրաւ, դուռս գոցուեցա՜ւ. ամա՜ն, ճար մի, առջիդ չորնամ, Հայր Սուրբ, Աստուծու խաթէրն համար…

Եւ հեկեկաց, արցունքները աղբիւրի պէս զոյգ ցատքեցին իր աչքերէն, գոգնոցը երեսին տարաւ եւ այսպէս քարացած՝ տնկուեցաւ Առաջնորդարանի սրահին մէջ, միայն գլուխը ցնցելով զինքը խեղդող հեկեկանքներուն եւ անոնց շարժումներուն կշռոյթովը ու լալով բարձրաձայն, ողորմո՜ւկ:

Քարացաւ Առաջնորդական Տեղապահն ալ:

Մա՛յրս, դուն ան ըսէ թէ ուրկէ՞ կու գաս, ո՞վ տարաւ աղջիկդ, ի՞նչ եղաւ:

Տաճիկնե՜րը, մեր գեղին Մստոյի տղա՜ն, շո՜ւնը…

Ո՞ր գեղէն ես, կնի՛կ…

Իչմէէն, Հա՛յր Սուրբ, երէկ առտուանց պարտէզ գացեր էր Սըրմաս՝ հորթին քիչ մը խոտ քաղելու, մէկ հայի՜ր որ գայ, երկու հայիր որ գայ. ճարս հատաւ՝ ես ելայ գացի. դրեր ես որ գո՛ւտ. ասդին Սըրմա, անդին Սըրմա, չի գտայ. ետքը՝ ետքը, դրացի տաճիկ կնիկը ըսաւ որ աղջիկդ Մստոյի տղուն Մէմոյին հետ փախաւ գնաց, հախ տինը խապուլ ըրաւ, դուն ալ խապուլ ըրէ՝ խալըսիր գեղը վազեցի, մեծաւորներուն ոտքը ինկայ, մարդ վախուն չմօտեցաւ Մեմոյի դրան: Վո՜ւյ, սեւը գլխուս, մախիրը երեսիս, խուրպա՛ն Հայր Սուրբ, աղջիկս ինտո՞ր տաճկնայ, ինտո՞ր իր հաւատքը սեւէ. զօրով տարեր են, զօրո՜վ… ումէտս վերն Աստուած՝ վարը քեզի է մնացեր… խապար առինք որ գիշերը փախցուցեր, հոս՝ քաղաքն են բերէր:

Եւ հու՜, հու՜, հու՜, կու լար, կը խեղդուէր իր վշտին ու արցունքներուն մէջ: Դուրսը անձրեւը կը տեղար սաստկօրէն ու կը ծեծէր Առաջնորդարանի պատուհաններուն ապակիները: Տիրեց ճնշիչ, դառն մթնոլորտ մը սրահին մէջ. այդ անտէր կնիկը՝ որ ահա վիրաւոր, սրտէն զարնուած թռչունի մը պէս թեւաբախ եկեր ինքզինքը նետեր էր Առաջնորդարանը, այդ թշուառութեան ու հարստահարութեան մարմնացած կերպարանքը՝ որուն լաթերէն ու ցնցոտիներուն ամէն ծուէններէն անձրեւը կը քամուէր կաթիլ—կաթիլ, դուրսի մռայլ երկինքին մածուցիկ տրտմութիւնը որ ներս կը խուժէր ու ամէն կողմ կը ստուերոտէր՝ առաջ կը բերէին հոգեկան խոր տագնապ մը, յուսահատական անհանգստութիւն մը:

Հայր Սուրբին գիրուկ, միշտ ինքնագոհ ու ճարպոտ երեսներուն վրայ սրտնեղութեան, մտմտուքի մը շուքը տարածուեցաւ:

Արմուկները կռթնցուց գրասեղանին եւ գլուխը վայրահակ՝ առաւ երկու ձեռքերուն մէջ: Կը խորհէր, բան մը ընել, բան մը ըսել պէտք էր դէմը կեցող այս կնկան՝ որ վեց—եօթը ժամ բոպիկ քալել էր դաշտին կէս երկայնքը եւ եկեր Ազգին դուռը ափ առեր էր: Անմիջական կտրուկ խօսք մը պէտք էր:

Այս կնիկը ի՜նչ գէշ վայրկեան ընտրած էր իր ցաւը գեղէն քաղաք բերելու: Հայր Սուրբը դեռ նոր մտերմութիւնը կարգին դրեր էր կուսակալին հետ, դեռ նոր կը սկսէր իր առաջնորդական ընտրութեան յաջողութիւնը հաստատուն հողի վրայ դնել, ձեռք առնելով կուսակալը, միւֆթին ու տէֆթէրտարը. յայտնի բան էր որ այս մրոտ խնդիրը՝ իւղոտ քուրջի մը պէս կու գար կ՚իյնար ահա իր բարձրաստիճան բարեկամներուն գրկին մէջ եւ ամէն հաշիւ, ամէն հեռաւոր ակնկալութիւն կ՚աղտոտէր, կը փճացնէր:

Յետոյ, ո՞վ ըսաւ թէ դիւրին բան էր առիւծին գառագեղին մօտենալ եւ անգամ մը անոր մագիլներուն տակ ինկած մսի կտորը վեր առնել. հե՞շտ բան էր, Տէր ողորմեա՜, ո՞ւրկէ ուր խատապելան բերաւ այս կնիկը իր դէմ հանեց. գետինն անցնելիք քածեր, կ՚առնեն կու տան, կը փախին կը լակուին, ու վերջը վերջը փորձանքը Առաջնորդին, Առաջնորդարանին, Ազգին գլխուն կը պլլեն. ի՛նչ է եղեր, աղջիկ մը տաճկցեր է. թող երթայ տաճկնայ. շո՛ւն մըն ալ պակաս. հէլպէթ տաճկցողն ալ կ՚ըլլայ, մրթատցողն ալ. ի՛նչ, Քաղաքական ժողովը, Կրօնական ժողովը, Ազգը գործ չունի՞ն, առաւ—փախաւներո՞վ պիտի զբաղին:

Բայց Մարիամ պաճին կեցեր էր հոն ու արցունքները չէին դադրեր, չէին հատներ. կեցեր էր աղերսարկու, անձկալից, կեցեր էր որ վարդապետը սրտապնդող, յուսադրիչ խօսք մը ըսէր: Ատեն—ատեն, աչքերը սրբելով իր կապոյտ գոգնոցովը՝ կը նայէր Հայր Սուրբին, տեսնելու համար թէ ի՛նչ կ՚ընէր, ի՛նչ պիտի ըսէր:

Հայր Սուրբին դէմքը մութ էր, շատ մութ, բայց կնիկը յստակատես չէր իր կսկիծին ու միամտութեան մէջ. կը կարծէր թէ իր ցաւն էր որ թառեր էր՝ հո՛ն վարդապետին ճակտին վրայ ու ան ալ կը զգար՝ ինչ որ իր սրտէն կ՚անցնէր այդ պահուն:

Վերջապէս գլուխը վեր վերցուց Հայր Սուրբը եւ առջեւը նայելով՝ չոր, արդէն կէս յայտնի խստութեամբ մը ըսաւ.

Իճապին [1] կը նայինք, իճապին կը նայինք:

Ամա՜ն, քէօլէդ ըլլիմ, Հա՛յր Սուրբ, զաւակս ազատէիր գազաններուն ձեռքէն, տուշմընին ճանկը ինկաւ…

Է՛հ, երկան կ՚ընես ա՜, դուն ալ, իճապին կը նայինք ըսինք ա՜: Դուրս գնա, հայտէ՛, վաղը եկուր տէ…

Հայր Սուրբ, ոտքդ պագնիմ, ո՞ւր երթամ, տեղ չունիմ, մարդ չեմ ճանչնար…

Էո՜ֆ, ամմա ըրիր հա՛, ի՞նչ ընեմ, եավրում. հոս խան չէ եա՛, գնա տեղ մը գտիր. վաղը եկուր բան մը խորհինք…

Վարդապետը թթուեցաւ, իր ձայնը վիրաւորիչ ու նախատական էր: Կնիկը դողդողալով, տխուր եւ արհամարհուած՝ մօտեցաւ սենեակին դրան, ձեռքը երկնցուց փականքին, բայց յուզումէն ու քաղաքի իրերուն համար ունեցած իր տգիտութեան պատճառով՝ չկրցաւ բանալ, երերցուց դուռը, խարխափեց փականքը, մատները վեր տարաւ, վարը քսեց, միջոցը չգտաւ բանալու:

Վարդապետը՝ ա՛լ ցասմնալից եւ կատաղութիւնը զսպելու անկարող՝ ուժգին հնչեցուց զանգակը եւ պոռաց բարկաճայթ.

Ծօ՜ Մարտիկ, շո՜ւն, դուռը չբանա՞ս:

Մարտիկը՝ արտորանքով վազեց ու բանալով դուռը՝ դուրս քաշեց կոպտութեամբ շուարած կնկան թեւէն, երբ Հայր Սուրբը մօրուքին երկայնքն ի վար հայհոյութիւն մը թող կու տար անոր ետեւէն:


[1] Ճար, միջոց։