Գիշերուան
այս
պահուն
ուր
առիւծը
ծանր
թաթերով
մացառները
կը
խշխշացնէ
ու
արջը
կ՚ոռնայ
ամեհի
լացով,
ո՞վ
է
որ
ճրագ
կը
վառէ
անտառին
մէջ
ու
անծաօթ
տեղերը
արուեստական
լոյսով
կը
լուսաւորէ…։
Կտրիճն
է,
Սիան
է
որ
իր
նշանածին
հետ
կրակ
կը
վառէ
ու
լոյս
կու
տայ
անտառին։
Հսկայ
կաղնիներու
ստուերին
տակ՝
վայրի
տերեւներով
ծածկուած
ու
ամուր
խոտերէ
հիւսուած
խրճիթ
մը,
թաւառատ
խոտերը
հազար
գոյն
ծաղիկներով,
զայն
կիսով
կը
ծածկեն
ու
ամէնէն
երկարները
կը
ծռին
մինչեւ
ներսը
կը
նային։
Հոն
քով
քովի
ամէն
իրիկուն
լուսնկայ
լոյսով
կին
մը
ու
կտրիճ
մը
կը
նստին,
տղամարդը
ընկողմանած,
գլուխը
կնոջ
ծունկերուն
վրայ։
Լուսինը
հարսին
երեսն
ի
վար
թափած
գանգուրներուն
տակէն
Աստղկան
գեղեցկութիւն
մը
երեւան
կը
հանէ։
Խրճիթին
քով
երկու
քարի
մէջտեղ
ալ
կրակին
վրայ
որսորդի
կերակուր
մը
եփ
կու
գայ։
Եւ
երբ
սիրոյ
հեշտասահ
ալիքները
անոնց
կուրծքերը
կ՚ուռեցնեն,
տղան՝
ժպտուն,
վար
կ՚առնէ
խրճիթէն
կախուած
սազը,
ու
մեղմ
թրթռուն
ներդաշնակութեամբ
մը
անտառը
կը
խօսեցնէ,
մինչ
մօտէն
վազելով
մինչեւ
շատ
հեռուները
տերեւները
թեթեւ
խարշափներով
երգին
կ՚ընկերանան,
եւ
յաճախ
կինն
է
որ
ապահո՜վ
առանձնութենէն՝
հասած
կեռասի
գոյնով
շրթունքները
կը
շարժէ
ու
դիւցազնական
տաղերու
մէջ
իր
Սիան
կ՚երգէ.
ա՜յնպէս,
մինչեւ
որ
երկնքին
վրայ
բոյլքը
բաւական
ճամբայ
առնէ
ու
առտուայ
արշայոլսի
ծագելու
վախն
ունենան։
Կտրիճն
իր
նուագարանը
վար
կը
դնէ,
Գեղեցիկը
իրենց
անկողինը
կը
պատրաստէ
ու
խուփը՝
մեծ
քարը
խրճիթին
դրան
դէմ
կը
քաշեն,
ներսը
ծառերուն
օրօրովը
կը
քնանան։