Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՀԱՆՋԸ
(ՔՐԴԱԿԱՆ ՎԻՊԱԿ)
Գ


Ինչպէս տխուր եւ հմայաթափ է անտառին վայրի զօրութիւնը, երբ իր ծոցէն փախած են առիւծներն իրենց կորիւններով, այնպէս տխուր էին քրդական հիւղերն ու բոլոր խրճիթները, երբ էրիկ մարդիկն հեռացան ու մնացին միայն պառաւները, կիները, աղջիկներն ու անչափահաս մանուկները։

Անձկութիւնը գիշակեր սեւ թռչունի մը պէս թեւերը լարեց ու կեցաւ երդիքներուն վրայ, ուր կը սպասէին վշտալից մայրերն՝ իրենց զաւակներուն դարձին կամ արիւնոտ շապիկին, աղջիկներն իրենց նշանածներուն յաղթական փառքին կամ անոնց վիրախոց դիակներուն։

Ա՛լ սարերէն չի հնչեր հովուական սրինգի գեղգեղանքը, անտառներուն խորէն չի գար քրդական կերկերաձայն «լավո»յին հզօր աղաղակը։

Պէտք է սպասել կռուի լուրերուն, բայց որքա՜ն դժուար, որքա՜ն անտանելի է այս սպասումը անհամբեր գիւղերուն մէջ։ Մռայլ են գիծերը բոլոր կանացի դէմքերուն, ոչ միայն սիրելիներու մահուան երկիւղը, ոչ միայն կորսուելիք սէրերուն ու երջանկութեանց խռովքը, այլ անո՛ր համար, որ պարտութեան ամօթը կրնայ մոխիր մաղել իրենց օճախին ու գալիք սերունդներուն վրայ։ Եւ սարսուռը փշաքաղութեամբ կ՚անցնի անոնց կարծր միսին ու ամազոնեան ստինքներուն մէջէն։

Արեւը մարը մտնէ ու վաղը, միւս օր՝ յուսադրիչ խապար մը հասնի։

Կը սպասէ աւելի մորմոքով սակայն ցեղապետկի կինը, Խաճէն։ Ու այդ ցաւը աւելի սուր ու խոր է, որովհետեւ խնամով պէտք է ծածկուած ըլլայ իր շուրջիններէն, ո՛չ մէկ քուրդ կին, ոչ իսկ դրանը առջեւ գամբռին խշտեակին քով պառկող ծառան պէտք է տեսնէ զայն։

Մայրական գորովը, մայրական սէրն ու քնքշութիւնը պէտք է չորնան սրտին մէջ՝ ինչպէս կը չորնայ աղբիւր մը անապատին աւազներուն մէջ. բոլոր ցեղին կիները իրեն կը նային ու իր տկարութիւնը պիտի չներեն իրեն։ Բայց դժուար է զսպել վշտակրութեան ու կսկիծի այն շատրուանը՝ որ կը յորդի իր հոգւոյն խորէն…։

Օրը կը տարաժամի, ստուերները կամաց—կամաց վեր կ՚ելլեն ձորերէն դէպի գագաթները եգիպտացորենի ու կորեկի արտերուն մէջ կը սկսի շարժիլ իրիկուան թեթեւ քամին։ Ցեղապետին կինը՝ աչքը հեռաւոր հորիզոնին, աչքը՝ կատարներուն, կը սպասէ լուրին, կը սպասէ աւետաւոր կամ գուժկան խապարին։ Ա՜խ, ի՛նչ անբացատրելի յուզում, եթէ դիմացի ճամբէն փոշին բարձրանայ յանկարծ՝ ազդարարելով յաղթական վերադարձը մարտիկներուն, երբ իր զաւակը՝ հպարտ ու խրոխտապանծ, յաղթութեան ու քաջագործութեան ցնծութիւնը բերէ իր հետ։ Ի՜նչ երանութիւն։ Ի՜նչ երկնային արբեցութիւն. պիտի գրկէ զայն, պիտի համբուրէ անոր աչքերը, պիտի համբուրէ անոր հրացանին անպարտելի պողպատը…

Եւ կարմիր ցասումի, յուսահատական սրտմտութեան տենչը կը կապուտցնէ իր շրթունքները, աչքերը կը խաւարին եւ ատամները կը կրճտին…։

Լուրը կ՚ուշանայ։