Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՆ ՍԷՐԸ
Ա


Մեզի պատկից էր Կով Առաքելին տունը, խեղճուկ խղիկ մը, բաղկացած մութ ու խոնաւ ներքնատունէ մը՝ որ ձմեռները կը ծառայէր իբրեւ սուֆա՝ այն պարզ ընդունակութեամբ միայն որ կրնար, օդի մէջ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ չըլլալով, տաք ընել եւ կարելի եղածին չափ քիչ ածուխ ու վառելիք սպառել: Վերնայարկը՝ երկու սենեակ կիսաւէր վիճակի մէջ եւ անգործածելի, քանի որ տարիներէ ի վեր ո՛չ բնակութիւն, ոչ ալ մարդու շունչ ունեցած էին իրենց մէջ. ամառը տանիքը կար արդէն՝ որուն վրայ իրիկուայ հացը կ՚ուտէին, շուքուր կ՚ըսէին ու կը պառկէին:

Առաքելը անունն էր հարկաւ մարդուն ու «Կով»ն ալ ասոր անոր, քաղքցի անծանօթ մէկ սրամիտին հեգնութիւնը, միակ բառով արտայայտուած պատկեր՝ որով կը յատկանշուէր այդ ծերուկը իր կլոր ու խոշոր աչքերուն թոյլ, անկենդան ու միամիտ նայուածքին, իր գէր բայց դանդաղ սրունքներուն անհաստատ քայլափոխին, իր գրեթէ թոթով, կերկերուն ձայնին արտասանութեանը մէջ: Իր գոյութիւնը տարուան բոլոր ընթացքին մէջ մարդու աչքի չպիտի զարնէր՝ եթէ ձմեռուան ցուրտ ու ձիւնալից օրերը չըլլային: Կնիկը՝ բան—բանող [1] էր, ունեւորներու դռները լուացարար եւ ամէն գործի, աշխատութեան հասնող, այնպէս որ տասներկու ամսուան մէջ վրայէ վրայ հազիւ քանի մը շաբաթ տունը կը մնար եւ իր տան կնիկը կ՚ըլլար: Առաքելն էր որ մինչեւ իրիկուն չորս պատերուն պահպանութիւնը կ՚ըներ՝ դորդան [2] նստած, ծխափողը լեցնելով ու պարպելով, քշելով ճանճերը երեսէն, քշելով հաւերը որ կտկտալով բաց դռնէն ներս կը մտնէին, կամ բարկանալով վռնտելով աս ու ան փողոցի անօթի շունը որ քիթը գետնին, հոտուըտալով սեմէն ներս կ՚անցնէր ինկած փշրանք մը վերցնելու:

Իր նստողական այս անփոփոխ, անշարժ դիրքին մէջ օրն իրիկուն կ՚ընէր, սպասելով կնկան որ իրիկունը դարձին՝ հետը պնակ մը տաք ապուր բերած կ՚ըլլար գոգնոցին տակ պեհպրտած [3] կամ թարմ հաց մը՝ եթէ հաց բանալու գացած էր:

Երկուքէն՝ էրիկ կնիկէն զատ՝ տղան ալ կար, բարձրահասակ, ճիշդ ու ճիշդ հօրը աչքերովն ու նայուածքովը, նոյնքան դանդաղամիտ ու կէս կով՝ որ մանկութենէն ի վեր երկաթագործի քով աշկերտութեան գացած էր եւ մինչեւ 30—35 տարիքին ալ դեռ աշկերտ էր, եւ որ սակայն տունը վերադարձին մեծութիւն կը ծախէր, խելացիի ու խելահասի կարողութեանը մէջ կը գտնէր զինքը եւ իրաւարար ու դատաւոր կ՚ըլլար հօրն ու մօրը մէջ եղած կռիւներուն: Իրաւ որ կռիւը հազուադէպ պարագայ մը չէր շաբթուան մէջ հեղ մը երկուք, երբ Կով Առաքելը իր նստուկ, անգործ կեանքէն դուրս յանկարծ իրաւունք ունենալ կը կարծէր նաեւ կնոջը գործերուն խառնուելու, անոր ըրածին թողածին նկատմամբ անխելք դիտողութիւններ ընելու. կնիկը բնականաբար չէր հանդուրժեր եւ հակառակ էրկանը վրայ պահած այն մայրական գուրգուրանքին, աղապատանքին՝ որոնցմով շրջապատած էր սկիզբէն ի վեր իրմէ շատ աւելի տարիքոտ այդ ծերուկը՝ համբերանքը կը հատնէր, կ՚ըսէր, կը պոռար ինք ալ իր կարգին: Ու այս իրարանցումը՝ մեզի համար որ մանուկ էինք այն ատեն՝ շատ զաւեշտական, շատ չարաճճի հետաքրքրութեան մը առիթ կու տար: Մտիկ կ՚ընէինք տանիքէն կամ դրան ճեղքէն, անոնց բերնին կը ծռկտայինք [4] ու երբեմն ալ՝ կը յիշեմ, քար կամ հող կը նետէինք ներսը, երբ բանակռիւը տաք կ՚ըլլար ու չէր վերջանար, մանաւանդ երբ Կով Առաքելին մանկական թոթովախօս ձայնը կ՚ըլլար տիրականը: Կռիւը կը շեղէր այդ պարագային, բարկութիւնը կը դառնար մեր կողմը, կը վրիպէր վերջապէս իր բուն նպատակէն ու մենք տեղի տալով արդէն սպառնալիքներու առջեւ, կը ձգէինք կը փախէինք: Առժամապէս ամէն ձայն ձուն կը խաղաղէր, կը լռէր. բայց կնիկը կը շարունակէր քիթ—փինջ ընել ու Կով Առաքելն ալ իր բարկացած մարդու արտաքինը չէր կրնար պարտկել՝ մինչեւ որ իրիկուն կ՚ըլլար եւ տղան, Մարտիրոսը, տուն կը վերադառնար, կը կռահէր անցած դարձածը: Եւ ասիկա այնքան դիւրին էր, որ նորէն ծայր կու տար կռիւը, այս անգամ իրարու խառնելով երեք ձայն մէկէն: Բայց, ինչ որ ուշագրաւն էր, հետզհետէ կնկան բարկութիւնը տեղի տալ կը սկսէր, կը մեղմանար ու կամաց—կամաց ընկրկելով՝ կը դառնար էրկանը պաշտպանութեան կողմը, քանի որ տղան միշտ մօրը թեր կ՚ելլէր կամ հօրը դէմ էր որ կը խիզախէր: Քանի մը ժամ վերջը կը պարըշուէին, եղ ու մեղր դառնալով նորէն, իբր թէ երբեք բան մը անցած դարձած չըլլար իրենց մէջ:

Մեր քաղաքին մէջ ձմեռը սաստիկ է ամէն տարի, կարաձմեռ մը՝ բուքով, փոթորկալից խստութիւնով լեցուն, մանաւանդ յունուարի մէջ ու ետքը՝ ուր երկինքը կը ճերմկի գետին կու գայ, եւ ծամածուռ, նեղ փողոցները ձիւնի դէզերով կը լեցուին մինչեւ ցուիքները, մինչեւ կտուրները, ուր ատեն կ՚ըլլայ որ անցորդները տանիքներու բարձրութենէն կը քալեն, եւ եթէ ըլլայ որ իրենց քայլափոխը աջէն կամ ձախէն վրիպում մը ունենայ՝ իրենք զիրենք տան մը կտուրը գտնելու անակնկալը կ՚ունենան: Ամէն առտու հարթ տանիքներու թիզերով նստած ձիւնը թիերով, քշոցներով կը լեցնեն փողոցները. անցուդարձը կը դժուարանայ, տաւարները տաժանքով, թաղուելով, հեւալէն կը քալեն եւ արդէն մարդու մը ոտքին չափովը հազիւ կոխելու նեղ անցք մը կը մնայ:

Մի՛ թափէք, մի՛ թափէք՝ կը պոռան անցորդները վարէն դէպի տանիքները, որպէս զի ձիւնը իրենց գլխուն չմաղուի յանկարծ վերէն, ինչ որ յաճախադէպ է:

Կով Առաքելին տունը կը թաղուէր, գրեթէ կը կորսուէր փողոցէն բարձրացող ձիւնի դէզերուն ետեւ, որովհետեւ ամենէն ցածն էր. ու ձիւնը մինչեւ ցուիքը կը հասնէր, այնպէս որ հարկ կ՚ըլլար վերէն վար՝ մինչեւ դուռը ձիւնէ աստիճաններ կտրել, տանը ելեւմուտը ազատ պահելու համար: Արդար ըլլալու համար ըսեմ անմիջապէս թէ՝ յանցանքը բոլորովին տանը ցածկեկ խեղճութեանը չէր. բոլոր դրացի տղաքը քիչ մը կատակով, քիչ մըն ալ Կով Առաքելին բարկացկոտ բնաւորութեանը տեղեակ՝ դիտմամբ քովի տանիքներէն ձիւնը կը նետէին դէպի այն կողմը. եւ ահա վարէն՝ կոկորդը ճաթեցնելու աստիճան կանչուըռտուք մը, վլվլուք մը կը փրթէր։ Կով Առաքելը որ Մխսի էր միեւնոյն ատեն թէեւ հազիւ այդ փառասիրական մակդիրը կցէին իր անուան կը պոռար, կը բողոքէր, կը հայհոյէր. որո՜ւ կ՚ըսես. կամ սառ անտարբերութիւն մը կ՚ըլլար բոլոր պատասխանը, կամ տանիքէ տանիք թռչող քրքիջ մը: Ու վարը, ձիւնեղէն բարձրութեան մը խորը, գլուխ մը կ՚երեւար, զայրացկոտ դէմք մը՝ կարմի՛ր, կարմի՛ր խոշոր աչքերով, բերան մը որ կը շարժէր, կը ծամածռէր, ցուպ մը որ կ՚երերար օդն ի վեր, կը սպառնար, կը ճօճէր, ձիւնը կը ծեծէր ու կը մնար իր վիճակին մէջ ուր որ էր: Բայց ձիւնը կը շարունակէր տեղալ թի—թի փողոցը, միշտ Կով Առաքելին դրան ուղղութեամբ՝ որ կը գոցուէր, բոլորովին կը ծածկուէր ու անհետ կ՚ըլլար:

Ձմեռը այդ մարդուն անձին համար չարիք մըն էր ու ձիւնը՝ պատուհաս մը, որովհետեւ իր բոլոր սէրը, իր բոլոր հոգածութիւնը, ամբողջ կեանքը հաւաքեր մէկտեղեր էր այդ խղիկին, այդ մարդկային յետին բոյնին վրայ՝ որ իր տունն էր: Կը խորհէր թէ՝ այսպէս եկած հաւաքուած ձիւնը կրնար վնասել անոր պատերուն, կրնար թրջել, քայքայել զանոնք ու, Աստուած մի՛ արասցէ, օր մը վերէն վար առնել իջնել: Ինք որ հաւու մը ոտքը կ՚արգիլէր դրան սեմէն ներս կոխել անցնելու, որ իր տանիքին վրայ երկու անգամ կոխող անցնողին՝ վարէն հազար խօսք կը կանչէր, ու եթէ ձեռքը հասնէր կամ մեղքէ չվախնար՝ քիւերուն տակտիքը բոյն դնող ճնճղուկներուն ծղօտները պիտի քակէր ցրուէր՝ ի՜նչ համբերութեամբ, ի՜նչ խելքով թող տար ձիւնին քանի մը ամիս անընդհատ կռնակ կռնակի պառկելու տանը պատերուն հետ, վնասելու անոնց շաղախին եւ ապահովաբար թափ տալու նաեւ մինչեւ անոնց հի՜մը…

Եւ իրաւունք ունէր: Կ’ըսէին թէ ժամանակին, տարիներու ընթացքի մը մէջ, ինքը սպասաւոր եղած էր մեծատան մը դուռը, կեանքին մեծագոյն մասը փշրունք հաւաքելով ուտելու վարժուեր էր, ձեռքը անցած դրամը այս ծակը, այն ծակը ժողված պահած, մինչեւ որ օր մը կրցեր էր վերջապէս գօտին լայն կապել ու երկու քղանցքները մէկ մէկու վրայ բերել՝ տէր դառնալով այդ արդէն հինաւուրց տան ու կարգուելով հոն: Անկասկած՝ Երուսաղէմն ալ ահա այդ թուականներուն, իր աղաներուն հետ գացեր ու Լոսն անոնց հետ տեսեր էր: Բայց երբ մենք աչքերնիս բացինք, զինք միշտ նոյն անփոփոխ տարիքին մէջ տեսանք. նո՛յն Կով Առաքելը. իր ծերութիւնը ո՛չ թիզ մը առաջ գնաց, ոչ մազ մը աւելի ճերմկցաւ գլխուն վրայ:

Երբ ձիւնը երկինքէն դադար կ՚առնէր ու տանիքներուն երեսն ալ վար թափելիք բան չէր մնար, ցերեկը կու գար ատեն մը ուր բնականաբար թաղին մէջ կնիկներէն զատ մարդ չէր մնար, էրիկ մարդիկ ամէնքն ալ շուկայ գործի գացած ըլլալով. Կով Առաքելը միայն դրան առջեւ, կոտրած կոթով քոչիկ [5] թին ձեռքը կը սկսէր յամառ, հսկայական աշխատութեան մը. կամաց—կամաց, իր յոգնած, ուժասպառ թեւերուն ու մկաններուն բոլոր կարելի զոհողութեամբը կը քրքրցնէր ծանր, բլրացած ձիւնը, նախ տեղ բանալու, եթէ կարելի էր, տունէն դէպի փողոցը երթեւեկի համար. բան մը որ պարագային համեմատ կրնար օր մը երկուք տեւել, որովհետեւ թին կարծես հազիւ կը դպնար ձիւնին, ամէն հարուածի հազիւ ձեռք մը շերտ կը փրցնէր ու մէկ կողմ կը նետէր. յետոյ, ինչ որ կարեւորն էր ու ամէնէն տաժանելին՝ դուրսի բոլոր պատերուն շուրջը հաւաքուած դէզերն ալ պէտք էր զատել, անջատել անցքով մը որ կրնար տեւել ամբողջ շաբաթներ: Բայց տակաւին կար անակնկալ դժբաղդութիւնը. աշխատութիւնն իր կիսուն հասած կամ թերաւարտ՝ կը նայիս որ յաջորդ գիշերը սաստիկ բուք մը ոլրեր է երկինքը ու առտուանց նոր ձիւն, նոր դէզ, նոր գործ: Պէտք էր սկիզբէն սկսիլ նորէն ամէն բան՝ անբաղդատելի համբերատարութեամբ մը. ու այսպէս ամէն ձիւնէ ետք՝ մինչեւ որ մարտ, ապրիլ ըսէինք, անձրեւն ու հեղեղները սկսէին եւ փողոցին սալայատակը մաքրուէր իսպառ ձիւնէ ու սառոյցէ. գարնան այս յորդահոս անձրեւներուն ալ չարիքը, սուր կատակը ուղղակի երկինքէն կու գար կ՚ըսես, որովհետեւ վերի փողոցներէն հաւաքուած, կատաղած հեղեղը կը քշէր, կը լեցնէր Առաքելին ցածուկ սեմէն ներս, եւ տանը վարի յարկը ջուրին մէջ կը լողար:

Սակայն անվհատ, անսասան կորով մը ունէր այդ ծերունին իր առաջացած տարիքին մէջ. սաստիկ ցուրտին ուր թո՛ւ ըրած պահուդ թուքդ գետինը չիյնար ու շրթունքիդ վրայ կը սառի՝ իր լաթերուն բոլոր խեղճ պատսպարանքին տակ, մի՛շտ դրան առջեւ էր, զինուած իր ողորմելի թիովը, եւ աշխատելով, յամառօրէն փորելով իր հասակին երկու—երեք բարձրութիւնը ունեցող ձիւնադէզերը, ծեծելով սառած ոտքը գետնին, փչելով թմրած ձեռքերը, բաւական էր որ պատերը ջուր չառնէին եւ ինք հանգիստ ըլլար թէ տունը ապահովութեան մէջ էր: Իրիկունը ո՛ւշ ատեն ներս կը մտնէր, երբ արդէն բոլոր ճրագները վառած կ՚ըլլային եւ գիշերուան կծու քամին որոտալ կը սկսէր ու ձիւները կը բիւրեղանային, ոսկոր կը կտրէին:

Այդ ներսը մութ զնդանի մը պէս էր ուր ցորեկը առանց լոյսի մատդ աչքն ալ խոթէիր չպիտի տեսնէր. քանի մը մթելի [6] վրայ՝ մէկ անկիւնը չորս հոգինոց քիւրսի մը կը մնար ուր դժուար թէ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն երկու կայծ՝ մոխիրին տակէն գոլ տային, մինչեւ որ կնիկը գար եւ ուշ ատեն երկու—երեք կրակ դնէր: Եւ արդէն աւելորդ բան մըն էր կրակը, քանի որ Առաքելէն զատ տունը մարդ չէր մնար եւ ան ալ փողոցէն չէր բաժնուեր…

Տո՛ւնդ աւրի, մա՛րդ, հերիք է, հերի՜ք, կ՚ըսէր կնիկը. ներս եկո՛, նե՛րս, գլուխդ աս բրշակին էշի՞կը պիտի թաղեն…

Ու համոզելով, բարկանալով՝ կ՚առնէր ներս կը տանէր զայն՝ մանկան մը պէս որ իր խաղէն ու խաղալիքէն բաժնուիլ չ’ուզեր: Բայց, մարդը առտուն կանուխ, ժամէն ետքը «Յանուն Հօր եւ Որդոյ» նորէ՛ն դրան առջեւն էր, գրաւուած իր անվերջանալի աշխատութեամբը, ծռած թիին վրայ կէս մէջքով, լայնցնելով պատին ու ձիւնին միջեւ բացուած անցքը, եւ ատեն—ատեն, վայրկեանի մը հանգստի պահուն, շտկելով մէջքը հեղ մը ուղիղ՝ դիտելու համար պատը վերէն վար, տեսնելու թէ գոհունակութիւն մըն ալ հո՛ն, շաղախին ու ծեփին վրայ չէ՞ր ճառագայթեր արդեօք:

Բարե՜ւ, Մխսի, կ՚ըսէին իրեն՝ անցորդները, Աստուած խերդ հոգուդ դէմ բերէ, մանաւանդ ա՛յն ատեն, երբ պատին շուրջն իր աշխատութիւնը աւարտած՝ կը սկսէր փողոցին հասարակաց ճամբան յարդարել, դար ու փոսեր շտկել, ողորկել եւ աստիճաններու բաժնել:

Ու ինք կռթնած ձեռքի թիին վրայ՝ արդար շունչ մը կ՚առնէր, մեծաբաց աչքերէն մանկական ուրախ նայուածք մը կ՚երկնցնէր բարեւողին երեսը, ամէնէն անկեղծ միամտութեամբը ինքնագոհ ու հպարտ՝ առաքինական գործ մը ընող աւարտողի երեւոյթին ու դիրքին մէջ:


[1]        Աշխատող (կին), լուացարարուհի:

[2]        Գաւիթ:

[3]        Պահած:

[4]        Ծաղրանքով մէկուն ձայնը նմանեցնել:

[5]        Կոտրած կոթով թի, դգալ:

[6]        Գրգլեակ: