Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
Ե


Աղմուկը գոռ խուռն ամբոխին վարէն անյոյս

Կը հընչէր խուլ, սիւներն ի վեր կամարներուն,

որոնց տակէն թեւատարած ու երերուն

Կը ճախրէին աղաւնիներ խըռովայոյզ…

Ու աղաղակն կ՚արձագանգէր բազմաբերան.

«Ո՜վ աստուածներ, որ անմահ էք, որ մեծազօր

Եւ երկինքի սուրբ արեւուն ճամբուն չափ խոր,

Ու անհաս է ձեր մեծութիւնն ու օթեւան,

Լըսեցէ՛ք այս ծաղիկներուն շունչովն անուշ,

Լըսեցէ՛ք մեզ մըրըրկաթեւ քամիներէն…

Տատրակներուն արծաթաունչ թեւով նորէն

Լըսէ՛ մեզի, ո՜վ Անահիտ, ո՜վ Դիցանոյշ.

Փոշիներէն կ՚ուզենք որ մեր մայր եկրըրին,

Մեր ժայռերէն ու քարերէն բերդ մը ծընի,

Որուն համար մարդն հողածին ինչ որ ունի

Տուինք արդէն, ո՜վ աստուածներ եւ դեռ լըռին

Ու անտրտունջ որոշած ենք տալ ամէն բան.

Ձեզի սօսեաց փառքն անտառին մեր օրհնաձայն,

Ձեզի արեւ, լոյս, մաքրութիւն, տուէ՛ք միայն

Աշտարակ մը մեր յոյսերուն օրհասական…»