Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
ԺԱ


Ու հըսկեցին հարցուկներն հոծ մեհեանին մէջ,

Քընաթաթախ, ինքնամոռաց, ուշացըրիւ,

Աստուածներուն ակնասեւեռ գիշեր ու տիւ։

Հըսկեցին հոն՝ լոյսովըն աղօտ հուրին անշէջ,

Մինչեւ որ հունն իրենց հոգւոյն հըրաշատես

Թափանցեցին ճառագայթներ խորհրդաւոր,

Մինչեւ դարձաւ մարմինն իրենց աննիւթ սափոր

Աստուածային սուրբ տեսիլքի, եւ մէգի պէս

Քուն մը գըրկեց իրենց բիբերն ու միտքն ամբողջ…

  Այսպէս պահ մը, այլեւ պահեր մագնիսացած

Դիւթահըրաշ երանութեամբ մը քնէած,

Տեսան ինչ ոպ թաքուն է բաց աչքերուն ողջ,

Տեսան արիւն, խորըրդանիշ մութ յայտնութեանց,

Աստղեր ոսկի թարթիչներով, ու յետոյ դեռ

Աստղէ վիշապ՝ բաց երախով, մագիլներ կեռ,

Ժանիքներ ցից, արծուի կըտուց, ու անթափանց

Ժայռի հըսկայ իրան մ՚որուն կուրծքին չորս դին

Կ՚ոստնու վըճիտ, պաղ աղբիւր մը փըրփըրալից,

Եւ կը ցաթի ծիածան մը, ժըպիտն անբիծ,

Յայտնի ժըպիտն Անահիտին ոսկիածին։