Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՀԱՆՋԸ
(ՔՐԴԱԿԱՆ ՎԻՊԱԿ)
Զ


Լուսադէմին էր, որ կանգ առաւ ցեղապետը իր տան առջեւ։ Ծառաներն ու հովիւները կը քնանային բակին մէջ՝ թաղիքը քաշած իրենց գլխուն։

Շուները հաջեցին, գամբռը ցատքեց տանիքէն վար եւ պլլուեցաւ տիրոջը ոտքերուն։ Ուժասպառ եւ խոժոռ տէրը կից մը տուաւ սիրական շան ու մտաւ դռնէն ներս գողի մը պէս։

Դեռ երէկ նոյն դռնէն դուրս եկած էր յոխորտ ու քաջարի եւ այսօր ներս կը մտնէր անկէ գլխիկոր ու ստրուկ, դեռ երէկ բարձրագլուխ կը նայէր այս լեռներու ու սարերու աշխարհին, որուն տէրն էր ու իշխանը, բայց այսօր տրտմութիւնն ու վիշտը կը խեղդէին զինք։

Հաջիւնները ոտքի հանեցին հօտաղ թէ ծառայ։ Ո՞վ էր եկողը եւ ի՞նչ լուր ունէր կռուի վախճանէն։

Ու ցեղապետը կը վերադառնար միայնակ, առանց ձիու, առանց հետեւորդի, դժնեդէմ, արիւնազանգ աչքերով եւ անբարբառ…

Շիվանը բարձրացաւ տան մէջ։

Մայրը կ՚ողբար զաւակը ու չէր լար յաղթահարուած ու թշնամիին կռնակ դարձնող ամուսինին վրայ։

Կու լար դժբաղդ մայրը, պատռելով իր լաչակը ու փետտելով իր մազերը. կու լար ինչպէս ամէն մայր՝ որ անզաւակ կը մնայ աշխարհի մէջ, ինչպէս ամէն աչք՝ որ կը տեսնէ արեւին վերջնական խաւարումը երկինքի վրայ։

Զոզոն լուռ էր՝ քարէ արձանի մը պէս, որ կը նայի ու չի տեսներ, որ կը տեսնէ ու չի հասկնար։

Այդ կնոջ ողբն ու անէծքը՝ հերոսական մահով ինկած զաւակին վրայ, այդ յուսահատութեան արցունքները՝ մօտ էին, բայց ո՞ւր էր ողբը ամուսնին, արցունքը ամօթին՝ որ պիտի հեծէր ու թափէր քուրդ ամուսինը իր անպատիւ փախուստի մատնուած էրկան վրայ։ Ո՞րն էր արժէքաւորը՝ այդ մահէն ու այս ողջ կեանքէն։

Եւ ամօթի մէջ խեղդուած, պատուակորոյս ցեղապետը կը չափէր անդունդը իր եւ զաւակին միջեւ գտնուած տարածութեան, կը գտնէր որ աշխարհ պէտք էր ողբար իր վրայ ու իր կինը պէտք էր արտասուէր միայն իրեն համար։

Ցաւի, ամօթի ու ցասման հրեղէն ամպ մը անցաւ աչքերուն առջեւէն, կատաղութիւն մը ոտքի հանեց զինք իր տեղէն ու բարձրացուց, ահաւոր քաւութիւն, հրազէնը տկար մօր ու անհաւատարիմ կնոջ վրայ.

Վա՛տ, կ՚ողբաս կտրիճը եւ ո՛չ թէ անարին…։

Մարդկային ձեռքը կատարած էր սարսափելի ոճիրը։

Ու արեան ճապաղիքի մէջ լողացող կնոջ դեռ տաք դիակին քովէն անցնելով դուրս եկաւ քուրդ ցեղապետը, ակռաները սեղմած, եւ իր հրացանը ներկայացուց դրան առջեւ սպասող մանուկ ծառային, ծունկի գալով անոր առջեւ։