Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԶԷԶ ՄՕՐՔՈՒՐԸ


Գեղին մէջ աղջիկ մը կար, մօրը մէկ հատիկը։ Քնքուշ աղջիկ, նազենի աղջիկ, գուրգուրանքի, համբոյրներու տակ մեծցած, բայց ոչ գիւղի աղջիկ, որովհետեւ դաշտը քաղհանքի չէր գացեր բնաւ, ձեռքը մանգաղին անվարժ էր, ինչպէս մաստասեղին [1], գուլպայի ճաղին ու նոյնիսկ կարժառին։

Գեղի արեւին տակ ծնողը ոչ փափուկ մորթ կ՚ունենայ, ոչ անգործ ձեռքեր ու ոտքեր, որովհետեւ երկինքը լոյս չի ծաթեր հոն ծոյլին երդիքին վրայ, առուն ջուր չի տար անոր ցանքին ու ծառերուն, ծիծառն անգամ բոյն չի դներ ու բնակութիւն հաստատեր անոր տան քիւերուն տակ։ Ա՛լ ո՛ւր մնաց աղջկան ծոյլը, որ վաղը միւս օրը գացած տան օճախը կրնայ քակել, թոնիրին ծղրիթներուն ձայնն անգամ մարեցնել։

Ու Ռահանը իրա՛ւ գեղի աղջիկ մը չէր, որովհետեւ առտուն դաշտ կ՚երթար շուքերուն տակ խաղալու, հոս—հոն տնտնալու, խոշոր ճաշքին տուն կը դառնար հաց ուտելու, յետոյ նորէն պարտէզներն ու ասդին—անդին, երբ իրեն հասակակիցները շալակ կը շալկէին, հնձողներուն հետ կուշտ կուշտի մանգաղ կը նետէին եւ փուշերուն մէջէն ու տաք հողին վրայ քալած ատեն՝ ոտքերնին կօշիկ մը անգամ չէին գտներ։

Օրն իրիկուն կ՚ըլլար, նախիրին գիւղ դառնալու պահուն, դաշտաւորները յոգնած ու բեռնաւոր՝ տքալով տուն կու գային, ամայի փողոցները սայլերով, գոմէշներով ու փոշիով կը ծածկէին, ու Ռահանին մայրը՝ տանիքը կայնած՝ բարձրաձայն իր աղջիկը կը կանչէր.

Տո՛ւն էկուր, տուն էկուր, մինչեւ էտինք լիր աղնող, լիր մանող աղջիկս, ու էտինքէն ետքը խաղալու գացող աղջիկս, տո՛ւն էկուր, մօրդ սիրականը, տանս ոսկի ճրագը։

***

Ու մօրը սիրականը տուն կու գար՝ երերալով, նազելով, ջուստ [2] աղջկայ պարծանք մըն ալ կողմէն աւելցնելու համար թեւերը թեզինք կ՚անցընէր, քղանցքները գօտին կը զարնէր ու աղբիրը ջուրի կ՚երթար։

Ի՞նչպէս հոգի չտաս աշխատասէր, ուժակարող աղջկան համար՝ որ դաշտի անասուններուն հետ մէկ շունչով բանիլ քրտնելէ ետք, դեռ իրիկունը՝ գիւղը դարձին՝ սափորը կը շալկէ եւ ջուրի կ՚երթայ, երբ գոմին մէջ եզն իսկ հազիւ մսուրին առջեւ ոտքի վրայ կենալու, որոճալու ուժն ու համբերութիւնը ունի այդ պահուն։ Մատա՛ղ կտրիճ աղջկան արեւուն, ղուրպան անոր դաստակին ու թիկներուն։

Բայց Ռահանը գիւղացի աղջկան մը ոչ պինդ ու սեղմ դնդերն ունէր, ոչ չարքաշ կաշին ու ոսկորը. թող գովէր զայն իր մայրը, թող ուզածին չափ շփացնէր ու գովքը տանիքին կատարէն պոռար՝ դուռ—դրացնի լսել տալու համար. եթէ նոյնիսկ ամէնէն քաղցրահոտ վարդն ալ եղած ըլլար՝ գիւղին տղոց է՛ն ետինն անգամ ձեռքը պիտի չերկնցնէր զայն թուփէն քաղելու եւ քթին տանիլ հոտուըտալու համար։

Մէկ հատիկ աղջիկը՝ թոյլ ու թուլունքի, օտա՛ր գործի ու գործունէութեան, ափ ափի վրայ իրիկուն ընելու վարժուած, գիւղի տան ու տեղին հարս չի կրնար ըլլալ։

***

Ճնճղկան թեւով շուք մը անգամ թող չիյնայ աղջկանս մազերուն վրայ, կ՚ըսէր Ռահանին մայրը, մուխն անգամ թող ծուռ չերթայ անոր երեսին։ Աչքին թարթիչներովը կ՚աւլէր անոր նստած ելած տեղը, չէր ուզեր, որ երկինքին լուսնկան ալ շատ հայէր անոր երեսն ի վեր։

Տո՛ւն էկուր, տո՛ւն էկուր, մօրդ սիրականը, մինչեւ էտինք լիր աղնող, լիր մանող ու էտինքէն ետքը խաղալու գացող աղջիկս…

Այդ օրերուն պէզիրկեան [3] մը կու գար հեռու երկիրներէ, հարուստ, շա՜տ հարուստ, մեծ կարաւանով, բամպակի ու ապրշումի լեցուն բեռներով։

Կարաւանը կ՚իջեւանէր իր գեղին շուրջը, աղբիւրին քով, ուռիներուն ու թութի հաստաբուն, տարէց ծառերուն տակ։ Իրիկուն էր, ջորիներուն գլուխը կապած էին յարդախառն գարիով լեցուն տոպրակները, յոգնած ջորեպանները լայնանիստ փռուած էին գետինը ու կը ծխէին իրենց չիպուխները. պէզիրկեանը ընկողմանած իր կարգին՝ մորթենիի մը վրայ, կը դիտէր գեղը, ուր կեանքը անուշ ժխորով վերադարձ կ՚ընէր արտերէն։

Տո՛ւն էկուր, տո՛ւն էկուր, լիր աղնող, լիր մանող աղջիկս։

Պէզիրկեանը, որ մեծ վաճառական էր, եւ բամպակներու ահագին դէզերը մանածի փոխել կու տար, զարմացաւ, իմանալով որ աղջիկ մը կրնար մինչեւ էտինք լիր [4] մը բամպակ աղնել, մանել ու մանածի վերածել։ Պէզիրկեանը շատ միամիտ էր։

Խա՛չ որ բախտս այս գեղին մէջ է, խորհեցաւ։

Աղջիկը տեսաւ, հաւնեցաւ ու կարգուեցաւ։ Ռահանը՝ ինք քուն բայց բախտն արթուն էր։

***

Ձմեռ օրեր էին, բուք ու քամի, գեղին կեանքը դաշտէն քաշուած, ամփոփուած տախտերուն, ախոռսագիներուն եւ թոնիրներուն շուրջը, քիչ մը տաք մոխիրի գոլովը, քիչ մըն ալ գոմէշին շունչովն ու խուշքիին [5] պուղովը [6] տաքնալու։ Էրիկները ռոք կը մանէին, կիները՝ ջահրերուն առջեւ կամ կտաւի հորերուն մէջ կախուած։ Մութ ու խոնաւ ներքնատուներէն տըզր—տըզր ջահրը կ՚ողբար տրտմաձայն ու միօրինակ կ՚եղանակէր ցաւի երգի մը պէս. հորերուն սանտերքը մեծաժխոր կ՚արձագանգէին եւ աւելի մութ անկիւններուն խորը մարդկային աչքերու ու դիմագծերու ստուերոտ պատկերը հազիւ թէ կ՚ընդնշմարուէր։

Ռահանը տանտիկին էր ի՛նք ալ։ Իր պէզիրկեան էրիկը անթում [7], անհատնում բամպակ դիզած է, որ պիտի աղնէր ու մանէր մինչեւ իր վերադարձը, որովհետեւ տունէն բացակայ էր։

Դառն ու յուսահատական է վիճակը, անոր համար, որ իր մայրը գեղի աղջիկ մեծցուցած չէ զինքը եւ հիմա իր ծունկերը կը ծեծէ, ո՛չ բամպակի թելէն կը հասկնայ, ո՛չ մասուրայէն ու հենքէն, ո՛չ ալ մանածին հաստէն ու բարակէն։ Բայց ի՞նչ օգուտ, մօրը գոված լիր մանող աղջիկն է, եւ նստած հորին մէջ կը նետէ ու կը բռնէ կկոցը, երբ մինչեւ կէսօր երեք թել հազիւ կը յաջողի վրայ վրայի բերել։ Բարկացեր է ինք ալ՝ իր մանած թելերուն պէս տժգոյն, աչքերը փոսն ինկած, մազերը սարդի ջանջուլի [8] պէս կ՚երերան գլխուն վրայ ու աչքն ու երեսը կը լեցուին. հոգին ելեր, մարմինն է մնացեր, կ՚ըսես։

Սակայն բամպակի քուլաները հատնում չունին, ո՛չ այսօր, ո՛չ վաղը եւ ո՛չ ալ գալ տարի։ Այս պատճառով, Ռահանին մայրը, այդ անսահման միամտութեան օրերուն մէջ, կը խորհի որ միջոց մը գտնէ՝ որպէս զի աղջիկը վայրկեան մը անգամ առանց հորէն հեռանալու գործը շարունակէ։

Ուստի խոշոր սանով մը խաւիծ կ՚եփէ, պաղեցնելէ ետք՝ կը լեցնէ պնակով՝ աղջկան գլխէն վար. խաւիծն է՝ ճղուելով, տարածուելով կ՚իջնէ անոր քունքերէն, երեսներէն դարվար, երբ Ռահան լեզուովը աջ ու ձախ կը լիզէ կերակուրը, եւ առանց կասեցնելու կամ ընդհատելու կկոցին երթեւեկը, կը շարունակէ կտաւը գործել։

***

Ու հէքիաթը կ՚ըսէ, որ այդ օրերուն քընծմեզ աղէկներուն մէկ մանուկը ուռ մը հանած էր կոկորդին մէջ, որուն դեղ ու դարման օգուտ չէին ըրած եւ մանուկը ենթարկուած էր անհնարին տանջանքներու։

Հիւանդ մանուկը տեսնելով Ռահանին այդ տարօրինակ պատկերը որ անպայման զուարճալի ու զաւեշտական էր, երբ ամբողջովին թաթախուած խաւիծին մէջ, լեզուն մէկ աջ, մէկ ձախ այտին կը տանէր, մէկ աջ ուսին, մէկ ձախ ուսին՝ լզելու, ուտելու համար կոկորդալիր քրքրիջ մը ունեցաւ, որուն հետեւանքը այն եղաւ, որ պալարը պայթի եւ ինքը առողջանայ։

Այն ատեն ճիները հարսնիք ըրին, տօնախմբութիւն—խրախճանք եղաւ ստորերկրեայ դարպասներուն մէջ, ու երկրորդ օրը, երբ Ռահան արթնցաւ, հրա՜շք, իր բամպակի անթիւ, անհամար քուլաները աղնուած, մանուած ու գործուած էին։

Քընծմեղ աղէկներուն վարձատրութիւնը, փոխարինութիւնն էր։

Պէզիրկեանը տուն վերադառնալով, ապշահար՝ քարացաւ մնաց զարմանքէն եւ ուրախութենէն, տեսնելով իր բոլոր բամպակներուն հակերը դատարկուած եւ ամէնքն ալ կտաւի վերածուած։

Ռահանը նստեր է էրկանը քով՝ հպարտ, բարձրավիզ, բայց մտահոգ է, խորհելով թէ քիչ մը ետքը նոր հակեր, բամպակի նոր բեռները կրնան փլիլ իրենց տան առջեւ, եւ այս անգամ անճարակ կնոջ իր փորձութեան մէջ կրնայ բռնուիլ, կրնայ վտանգուիլ։

Սեւ բզէզ մը թռչելով ներս կու գայ, խռպոտ ձայնով կը բզբզայ առիքին քովերը, պատերուն չորս դին։ Ռահանն է՝ տեղէն վեր կը ցատքէ, կը դիմաւորէ բզէզը՝ ձեռքը տէօշակ մը բռնած, ու վազելով անոր ետեւէն, կը հրաւիրէ գալ հանգչելու։

Էկօ՛, բզէզ մօրքուր, քիչ մը վար էկօ՛, հանգչիր քիչ մը, նստիր քիչ մը։

Կնի՛կ, խենթեցա՞ր, ի՞նչ եղար, կը պոռայ պէզիրկեանը շուարած, բզէզն ինտո՞ր խօսք կը հասկնայ։

Ա՜խ, արիմա՛րդ, կը պատասխանէ Ռահանը, այս բզէզը իմ մօրքուրս էր, տեսնէիր ի՛նչ տնաշէն, ի՛նչ աշխատող կնիկ էր, քարին ու ջուրին դադրում կար, իրեն չկար. առտու բանեցաւ, գիշեր բանեցաւ, օր մըն ալ բզէզ եղաւ, թռաւ գնա՜ց…։

***

Էրիկը հաւատաց հէքիաթին, ինչպէս դուք պիտի հաւատաք այս բոլորին։ Պիտի հաւատաք մանաւանդ, երբ իմանաք, թէ՛ Ռահանը անկէ ետք խաթուն կնիկ եղաւ, ա՛լ մատը մոխիրին չթաթխեց։ Գեղ մը գեղով էրնէկ կու տային իրեն ու իր բախտին։

Աղջի՜կ, դուն՝ քուն, բախտդ՝ արթուն։



[1]        Մեծ ասեղ։

[2]        Ժրաջան։

[3]        Կարաւանով առեւտրական։

[4]        Լիտր (թրքական ծանրութեան չափ)։

[5]        Անասունի չոր ու մանր աղբ, փթիր։

[6]        Շոգի։

[7]        Անթիւ, անհաշիւ։

[8]        Սարդի ոստայն։