Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
Գ


Եւ որսորդներն անցան թաւուտ անտառներէն,

Ուր ծաղկաշունչ ու խընկաբոյր գովութեանց մէջ

Ծըծէ եղնորթն իր մօր մուշկէ ըստինքը գէջ,

Ուր ծաղկալից իր որջէն դուրս կ՚ելլէ երէն,

Ու որսացին հոն մարդկային ձեռք չըդըպած,

Դեռ եւ ոչ իսկ մեծ իշխանի, ոչ դիցական

Սեղանի մ՚իսկ եղած ընծայ, զոհ բաւական,

Կոյս եղնիկներ հըրաշագեղ, թափառայած

Կատարներու վըրայ ու խորն անձաւներուն,

Զորըս ծընին մերկ նայադներ միայն գարնան՝

Եղէգնուտին ծոցն, երբ լըճին մէջ կը լոգնան։

Եւ կաթնահամ մարմինն անոնց, միսն ու արիւն

Ճենճերեցան ու ծըխացին դէպի կապոյտ

Երկինքն ի վեր, աստուածներուն վեհ, ահաւոր,

Որ գան իջնեն բարձունքներէն անդընդախոր

Դէպի երկիր ու ժայռը, ուր զերթ շեղջակոյտ

Սուրբ զոհերուն՝ մարդկային կամքն անպարտելի,

Ձգտումն առաջ, տենչանքն ազատ, խորհուրդն անմահ

Կը սպասեն, որ անէծքն անցնի եւ մեծագահ

Առնէ մարմին Աշտարակն՝ յոյսն ապագայի։