Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱԼԼԱՀԸ ԵՒ ՊԱՐՏԵԱԼ ԱԼԼԱՀԸ


Ծանր, խռովատանջ էր գիշերը ու չէր լուսնար. կ՚ըսես մութ, խաւա՜ր երկինքի վրայէն յուսահատութեան անիմանալի երկանաքար մը կ՚անցնէր ու կը ճնշէ՜ր, կը ճնշէ՜ր մեզ բանտին մեռելական խուցին մէջ։

Չէինք քնանար. պղտոր ճրագ մը կը ծխար՝ խայծղանի հոտող ու հիւանդագին, թոքախտաւոր լոյս մը կը կախէր անկողիններուն երկայն շարքին վրայ՝ որ փռուած էին շուրջանակի պատերուն տակ։ Մեր մէկ քանի ընկերներէն զատ՝ միւսները ամէնքն ալ քուրդեր, ոճրային ամբաստանութեամբ ձերբակալուած, բանտակից մեզի, ու վիճակակից՝ հոգեկան նոյն անհանգստութեամբ բանտային նոյն պայմաններով՝ դարձեր էին արդէն ծանօթներ ու մտերիմներ։

Տարուան վերջին գիշերն էր ու միւս առաւօտուն՝ Նոր Տարին էր որ պիտի լուսնար։

Ու կը քնանային մեր ընկերները՝ արտաշնչութեամբ, խոնաւութեամբ եւ թանձր ծուխով լեցուած սենեակին մէջ, դժնդակ քունով. ոմանք կը խորդային՝ մորթուող անասունի սպանդային հռնդիւնով, ոմանք՝ չարատանջ երազներու մղջաւանջը կը թնծկային եւ սոսկալի՜ բանդագուշանքներու մէջ կարծես իրենց լեզուն կը խածնէին. ուրիշներ՝ արթուն մարդու պէս՝ բարձրաձայն կը հայհոյէին եւ դեռ ոմանք ընդոստ կը նստէին յանկարծ իրենց անկողնին մէջ, աչքերնին ահաւոր մոլուցքով մը կը փեշխէին մատներով, շուրջերնին կատաղի նայուածք մը կը պառկէին նորէն ու կը քնանային թախծագին՝ իբր թէ բան մըն ալ պատահած չըլլար։

Բայց մենք չէինք քնանար, որովհետեւ դուրսը մնացած, մեզի մօտ, բայց կարծես ա՜լ մշտնջենապէս մեզի օտար աշխարհին հեռաւոր կարօտները, անուշ յիշատակները, սիրելիներու ձայնը այս գիշեր կը սուրային, խաւարէն, բանտին թանձր շրջափակէն, նիգերով ամրացած դռներէն ազատելով կը թափանցէին ներս, կը նստէին մեր բարձերուն վրայ, մեր գլխուն քով ու ցաւագին բաներ կ՚ըսէին։

Հոն, քանի մը քայլ անդին, նոյն սեւ գիշերն ու նոյն գերեզմանական տրտմութիւնը՝ որ կը փակէ մեր տուներն ու դռները. հոգեկան նոյն խաւար սուգը՝ որ իրենց մանկական անգիտակ անկողիններուն մէջ կը կախուի մեր զաւակներուն վզէն, զանոնք իրենց կուրծքին վրայ ձգելով ու որբացնելով։ Մեր տուներուն մէջ, այս գիշեր ոչ կաղանդի ցնծութիւնը, ո՛չ նոր տարիին օրհնութիւնը, ո՛չ խնկամանի անուշ ծուխը՝ որ ընտանեկան մեռելներուն տանի ողջերուն երջանկութեան աւետիսը, անոնց կարօտը. այլ արցունք միայն՝ անծայր, անսպա՜ռ, որ կը վազէ ու ցամքիլ չունի, այլ հեծեծանք, տառապանք՝ որ բուքի պէս բռներ կեցեր է մեր անտէր երդիքներուն վրայ, այլ միայն սարսափ ու անհանգստութիւն՝ որ պիտի դիմաւորէ եկող տարիին առաջին երջանիկ առաւօտը։

Չէինք քնանար, ու ինչպէ՞ս քնանայինք. գոնէ աքաղաղի մը անուշ շեփորը հնչէր դուրսէն ու բերէր մեզի առաւօտեան թարմ մեղեդին, արշալոյսին մաքուր երգը։

Սակայն բակին մէջ պահակին ոտնաձայնը կը ճարճատէր ձիւնին վրայ ու վերը՝ տանիքին վերեւ նոյն համաչափ ու միօրինակ քայլերը՝ որոնց թափէն առաստաղին որդնոտած դարձեկները, խարխլած կազմածքը հող ու փոշի կը մաղէին մեր բաց աչքերուն մէջ։

Եւ ահա յանկարծ, օդին մէջ, կապարէ գիշերուան, ցաւով, տագնապով ու յուսահատութեամբ ծանրացած խաւարին կուրծքէն աղաղա՜կ մը թնդաց.

—Ալլա՜հ ու էքպէր, Ալլա՜հ ու էքպէր… յաղթակա՜ն, սաւառնաթեւ ու արհաւրալի աղօթքը իսլամին, աղօթքը սպառնական, բռնաւոր, որ երկինքն ի վեր օղակ—օղակ կը շուլլուի դէպի վեր թռչիլ ուզող օձի մը պէս հպա՜րտ, անարգալից խրոխտանքով ծառացող աղօթքը։

Ու ցուրտէն թրթռացող բարձունքները պատասխան տուին սարսափահար՝ Ալլա՜հ, Ալլա՜հ։ Գիշերը սարսռաց ու մութը ջղաձգութիւն մը ունեցաւ. իբր թէ երկինքին մէկ անկիւնը պատռած ըլլար ու վերէն արիւն հոսէր, իբր թէ խաւարին արգանդէն քար ու երկաթ թափէին դարվար։

Բարբարոս աղաղակն էր որ կը պղծէր սուրբ արշալոյսը ու կը թաւալէր տակաւին կիսախաւար գիշերուան մէջ, արթնցնելու բռնութեան ոգին. եւ կարծես ծանր շղթաներու եւ բանտին վրայ անձրեւող պողպատեայ անուրներու մետաղային շշնկոցը լսուէր վերերէն, կարծես անգղի, գիշակեր թռչուններու կառաչները ողբալ սկսէին երկինքին երեսէն ու մեր խուցին մէջ գերեզմանի մը հոտը զգալի եղաւ։

Թանձր, տեսանելի սոսկում մը պարածածկեց մեզ ու վերմակները մեր գլխուն վրայ քաշեցինք։

Ներսէն, խորունկ խուցերէն՝ արթնցող բանտարկեալներու առաւօտեան հեծեծանքն ու տքուքները վայեցին եւ մեր քով քիչ մը առաջ խռովայոյզ քնացող բանտակիցներուն ճերմակ իրանները ցցուեցան կէս մէջքով իրենց անկողիններուն մէջ, եւ արիւնով յագեցած, եղեռնական այդ բոլոր շրթունքները արձագանգ տուին վարէն.

—Ալլա՜հ ու էքպէր, թէպէրէ՜ք իւլ Ալլահ…

Եւ բանտին քարերը, անկիւնները, հարիւրաւոր ձայներ կրկնեցին նոյն փառաբանութիւնը, հեթանոս ահաւորութեամբ։

Յաղթական ու բռնաւոր Ալլահը կ՚իջնէր երկինքէն ու կը սաւառնէր դժբաղդ աշխարհին վրայ։

***

Առաջին օրը՝ ազա՜տ հողի վրայ։

Եւ ահա Պուրկազի նաւահանգիստէն քանի մը քայլ հեռուն, ուրկէ քաղաքը կը սկսի, անակնալ սպառնալիքով մը ճամբաս կը կտրէ երկնասլաց, մռայլ մինարէի մը ճերմակ ուրուականը։

Հորիզոնէն, կապտորակ ծովին անբռնաբարելի ազատութենէն, երկինքէն, գետինէն, բռնութենէն խլրտող անխռով խաղաղութեան ու ինծի այնպէս թուող՝ երանութեան մէջ, ահա դեւը որ նորէն կը տնկուի դէմս, ամբարտաւան, ամրախարիսխ ու սպառնալից։

Տէ՜ր Ատուած, նորէ՞ն ոճիրի, բռնութեան ու թալանի պաշտպան Ալլահը, նորէ՞ն իր տաճարը, նորէ՞ն իր յաղթական յիշատակարանը։ Բայց ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կը վերջանայ այս գերազօր, արիւնադունչ եւ մարտական Աստուծոյն տիրապետութիւնը. ո՞ւր է սահմանը այս քանդիչ ամէնուրեք զօրութեան, ուրկէ անդին ազատութեան հորիզոնը ու հայրենիքը սկսէր, ուրկէ անդին կարմիրը հատնէր եւ կանաչը բողբոջէր։

Պատրանք չէ սակայն. հոն, իր տեղը, մինարէն իր կոտոշը կը բռնէ խրոխտապանծ՝ միշտ երկինքն ի վեր, անբռնաբարելի, անհաս բարձունքներուն ճակատին վրայ. կը տիրէ, կը խրոխտայ, կը հրամայէ գետնին ու երկինքին։ Հազարաւոր զոհերու, բիւրաւոր գերեզմաններու, աւերումի, հրդեհի, աշխարհներո՜ւ, աշխարհներո՜ւ երջանկութեան թշնամի պատուհասը ահա, որ կը հետապնդէ նաեւ այս ափերը, դեռ կը սպառնայ ու կը հայհոյէ։

Ստուերի մը պէս արագ՝ կ՚անցնիմ իր քովէն։

Գիշերը կու գայ ու կը նստիմ պատուհանին առջեւ։

Հովը կը բերէ ծովուն թեթեւ զովութիւնը ու ափունքին հետ փոխանակող անոր թոթովանքներէն, կը բերէ զուարթ երգերու վանկեր եւ երաժշտութեան կայտռող խազեր. ու չեմ գիտեր ինչու՝ միտքս կ՚իյնան անոնք որ հեռու են, տրտմութեան ու արցունքի դաշտերուն մէջ. միտքս կու գան անառաւօտ գիշերները, բանտային անաստղ ու անարեւ նկուղները եւ աչքս մութին մէջ տեսնել կը կարծէ տժգոյն, թախծաստուեր ու սարսափահար ծանօթ դէմքեր, սպասումի, զրկանքի, տուայտանքի անձկութեամբը քարացած աչքեր, ուրուականներ՝ որ տուն չունին, որ կը գալարուին ու իրենց սիրելիներուն համար կը հառաչեն։

Օտար գիշերը տխուր է ու ցաւագին։

Վայրկեան մը կը լռեն քաղաքին աղմուկն ու ձայները եւ լայն խաղաղութիւն մը կ՚առնէ կը կենայ։ Օդին մէջ անտեսանելի անկիւնէ մը, ձայն մը պատասխան կու տայ կարծես ինծի։

Տրտմօրօր, երկչոտ գանգատ մը որ կը թարգմանէ զիս հոն, վե՜րը բարձրաձայն եղանակ մը կը յարմարցնէ հոգիս պաշարող դառնութիւններուն եւ անոնց անդրադարձումը կը փոխանցէ խուլ, անտարբեր քաղաքին։

Մտիկ կ՚ընեմ։

—Ալլա՜հ ու էքպէր, Ալլա՜հ ու էքպէր… լալահառա՜չ, կողկողագի՜ն աղերսանք մը, խոնարհ, արցունքո՜տ ու կորագլո՜ւխ մաղթանք մը… Մուէզի՞նն է որ Ալլահին կ՚աղօթէ։

Բայց ո՞ւր է մեր երկրին այն խրոխտապանծ, սարսիչ ու հանդիսաւոր աղաղակը՝ որ կը թնդար երկինքն ի վեր, ո՛ր բռնութեամբ վար կը հրաւիրէր ահաւոր Աստուծոյ մը կատաղի ներկայութիւնը, որ երկիւղ, սարսափ ու արհաւիրք կը ցանէր մինարէէն դարվար։

Գերութեան հեծեծանքն է ասիկա, հեզ ու մորմոքալի. ճշմարիտ աղօթքը՝ այնքան սրտաբուխ, ա՜յնքան մարդկային։ Վտարանդի իսլամն է որ կը փնտռէ նոյնպէս վտարանդի իր Ալլահը, կը կանչէ գահընկէց, փառազուրկ ու գթառատ Տէրը՝ մտիկ ընելու կարօտութեան, օգնութեան աղերսին, մտիկ ընելու ողբացեալ ու ցաւատանջ հոգիին։

Եւ սակայն խուլ է պարտեալ Ալլահը, ինչպէս խուլ է, անոնց համար՝ հեռուն, հոն ուր կ՚աղօթեն նոյն աղերսանքով դարերէ ի վեր, ուր կ՚աղօթեն տակաւին խաչքարերը թեւատարած՝ մեր մարտիրոսներու հողակոյտին վրայ, ուր եկեղեցիին կանթեղները՝ ամէն գիշեր լեռներուն, կիրճերուն ու ձորերուն մէջ յօշոտուող անյայտ զաւակներու համար կը վառին. խո՜ւլ է պարտեալ Աստուածը՝ իրենց ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացուցած մեր հազարաւոր մայրերու կոծին՝ զոհագործութեան լայնատարած տաճար՝ մեր ամբողջ աշխարհին հեղեղանման արիւնին ու ողջակէզներուն առջեւ։

  Աղօթէ՛ հիմա, ո՜վ դժբաղդութեան ընկեր ու աքսորակից, ու փնտռէ՛ Աստուածը մեզի հետ ու մեզի պէս քու ձայնովդ բաղխէ դուն ալ՝ երկնային Ողորմութեան ամրափակ դռները, զանգահարէ՛ Նախախնամութեան խուլ ու համր Դռնապանին ծանր ուռնակը, գանգատէ՛ դուն ալ քու հաւատակիցներուդ, քու ետեւդ աղօթք անտէր ու անհայրենիք ազգակիցներուդ անունովը։

Եթէ մեզի լսեց Թշուառութեան, Զրկեալներու, Աղերսաւորներու ապաւէն Աստուածը, պիտի լսէ քեզի ալ։

Հեծեծէ՛, ողբա՛ ու կրէ՛ դուն ալ Տառապանքի մտրակները քու ոսկորներուդ վրայ, մինչեւ որ ցաւը եղբայրացնէ մեզ, ու քու մերկութիւնդ, ծանականքդ մոռնալ տան մեզի՝ քու Ալլահիդ սէլէվէթովը մեզի հասած անասելի չարիքին վրէժխնդրութիւնը։

Մինչեւ որ մեր պարտեալ Աստուածն ալ հագնի իր զրահը ու կապարճը ո՛ւսը առնէ։