Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱ՜Խ, ԵՍ ՄԵՌՆԷԻ
Գ


Հրապարակային գայթակղութիւն մը, հանրային ահաւոր դատաստան մը պտտեցաւ համայնքին մէջ՝ երբ լսուեցաւ թէ Սարգիս էֆէնտին Հայկուհի խաթունին էրիկը տունէն դուրս վռնտեր է իր կինը՝ զինքը թունաւորած ըլլալու քստմնեցուցիչ ամբաստանութեամբ: Ոմանք՝ շատ միամիտները՝ կ՚ընդունէին պատմուածը, դէպքերու աւելորդ իմաստասիրութեամբ չուզելով ինքզինքնին յոգնեցնել. կը դատապարտէին ասոնք այդ քածը, այդ չտեսի աղջիկը որ հացի հասնելէն ետքը՝ իժի նենգութիւններ կը փորձէր ու պատուաւոր էրկայ մը պատիւին հետ կը կատակէր լկտի ամբարշտութեամբ. վո՜ւյ, մեղա՜յ, կ՚ըսէին շատ կնիկներ, ականջնին գոցելով, անոնք որ գուցէ ամէն օր անհեռատես էրկան մը վստահութեամբը կը զուարճանային ու իրիկունը նորէն խաթուն կնկայ հպարտութեամբ կը բազմէին իրենց աղային հետ քով քովի: Ուրիշներ կասկածոտ վարանում մը կը ցուցնէին, սակայն, լսուածը իր ամբողջութեամբ ընդունելէ առաջ. բայց իրողութիւնը այնքան վաւերական պարագաներու տակ կը շեշտուէր որ՝ թերահաւատները, Սարգիս էֆէնտիի ներքին կեանքին մօտաւոր ծանօթներն անգամ ինքնախաբէութենէ մը չէին կրնար խուսափիլ. այսպէս, էֆէնտիին նկատմամբ ամէնէն աննպաստ կարծիքներն ալ՝ քանի մը օրուան մէջ երերալէ, դանդաչելէ ետք՝ հաւասարակշռութիւն կ՚առնէին, կը զօրանային ու նպաստաւոր հանգամանքով մը կ՚երեւնային. ա՛յնքան կոյր ու տղայական է շատ անգամ հանրային կարծիք ըսուածը, այնքան քիչ տրամաբանող եւ դիւրահաւատ է ամբոխը:

Ու ինչպէ՞ս չի հաւատային խօսուածին, քանի որ Սարգիս էֆէնտին առտուն կանուխ, սովորականին պէս, սուրճ մը առնելէ ետքը շուկան գացած էր ծանօթի մը խանութը եւ քանի մը վայրկեան ետքը սկսած էր փսխել, թունաւորուած ըլլալու բոլոր ախտանիշներով: Բժիշկն եկած ու հաստատած էր թունաւորումը: Առտուանց մէկ գաւաթ սուրճէ զատ՝ բան չէր դրած մարդը բերանը ու սուրճն ալ կինը պատրաստած էր խոհանոցը ու սպասաւորին ձեռքով ներս ղրկած: Դէպքերու կապակցութիւնը, յօդաւորումը այնքան պարզ էր որ մանուկ մը անգամ ծայրը կրնար գտնել ու մինչեւ վերջին եզրակացութեանը դիւրութեամբ երթալ:

Այս անսպասելի անակնկալը վայրկեան մը շինեց Սարգիս էֆէնտիի խախտած, սնանկանալու մօտ դիրքը՝ մարտիրոսի մը ձրի լուսապսակը կապելով ճակտին. կարծես ինք իսկ հաւտալ կը սկսէր իր անմեղութեան, եւ երրորդի մը տեղ դնելով իր անձը, ամբոխին հետ ու անոր պէս տրամաբանելով՝ խիղճը հանդարտ ու պատուախնդիր ամուսին մը կը նկատէր զինքը, մոռնալով անառակ ու ցոփ կեանքի մը պատասխանատուութիւնը, հիմա լրջօրէն արդարացնելով այն տանջանքները որոնց ենթարկած էր այդ սեւերես կինը ձմեռ գիշերներու ախոռի բանտարկութիւններ, ծեծ, հայհոյութիւններ… Կ’արդարացնէր այս ամէնը եւ այս յեղակարծ դէպքին առջեւ դիւային ծիծաղ մը կը կլլէր, որ կը բղխէր բզքտուած խղճին յատակէն ու հաճոյամոլ անձնականութեանը բոլոր ակերէն:

Հիմա ա՛լ ազատ էր, հաճոյքները լայն թեւով կը զարնէին իր զգայամոլի հոգիին մէջ, ու անառակութեան, յայրատ բաղձանքներու փոթորիկը խելքը գլխէն կ՚առնէր, կը յափշտակէր զինք: Աչքերը, Հայկուհիին սիրոյ, աղապատանքի յամառ աչքերը՝ կորսուած էին, ա՛լ իրեն չէին հետեւեր տունէն դուրս, լռին, զրկուածի յանդիմանութեամբ չէին ուղղուեր իրեն:

Հիմա աւելի ազատ կերպով անձնատուր եղաւ գինիին, խաղին ու կիներուն՝ առատօրէն վատնելով ինքզինքը ու դրամը, երբ հանրային խիղճը՝ սկիզբը, արգահատանքով կ՚ընկերանար իրեն, այդ բոլոր անհաւասարակշիռ անկումներուն մէջ՝ բարի ամուսնի վիշտը, գիտակցութեան մը ակամայ խաւարումը, ինքզինքը կորսնցուցած ըլլալու աղաւանքը գտնելով միայն:

Հոմանուհիներու անվերջ շարքին մէջ, որոնք կը փոխէր վայելող ու ձանձրացող մարդու հիւանդոտ քմահաճոյքով, հատ մը կար սակայն՝ թանձր շրթունքներով եւ թուխ մորթով՝ որմէ կը հեռանար մերթ, եւ որուն կը վերադառնար նորէն, միշտ կրելով անկէ ջախջախիչ տպաւորութիւն մը եւ թող տալով որ հասարակածային այդ խառնածինի տարօրինակ տիպարը՝ վերջնական յաղթանակը տանի իր կործանած կամքին վրայ: Կնկան ջնջումէն ետք սրտին վրայէն, կարգը զաւակներուն եկաւ. անոնց ալ դիմագծերը կամաց—կամաց աղօտացան, խաւարեցան եւ եկաւ օր մըն ալ, ուր այդ սրբուած, յղկուած մագաղաթին վրայ ա՛լ եւ ոչ մէկ գիր, եւ ոչ մէկ յիշատակութիւն մնաց. միայն աղիճի մը այլանդակ կիսադէմքը՝ ծամածուռ գծերով ու թափթփած, գզգզուած մազերով, այնպէս, ինչպէս գծագրուած ըլլար ճրագ—լուսով պատին վրայ ինկած ստուեր մը:

Անզգայ՝ իր մեռած զգացումներուն հետ, ամբարտաւան՝ իր ոտքերուն տակ սողացող ամբոխին կրաւորական տգիտութենէն՝ ոտքի մէկ հարուածով դուրս նետեց ալեկոծութեան բռնուած իր պատիւը, իր քով մնացած վերջին արժանապատուութեան փշրանքը ու սիրողին ձեռքէն բռնած՝ առաւ, տուն բերաւ զայն: