Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՎ ՈՐ ՍՈԻԼԹԱՆ ՄԸ ՈԻՆԻ ԻՐ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋ
Ե


Եւ մեկնեցաւ պառաւը, տեսիլքի մը պէս, ինչպէս որ յայտնուած էր:

Վուալէ Սինա բանաստեղծը շփեց աչքերը ու նայեցաւ երկինքին, ուր ամառնային լուսաշող միջօրէն կը փողփողէր շլացուցիչ պայծառութեամբ:

Իմաստունը ինկաւ մտածութեան մէջ եւ թախծութեան ամպերը պատեցին իր ճակատը:

Մնաց ժամերով անշարժ ու մտախոհ. ապա, ժպտեցաւ մանկան մը պէս՝ որ քունին մէջ կը ժպտի երազին, ոտքի ելաւ, ձեռքն առաւ ցուպը, ու սկսաւ վար իջնել լեռնէն, երբ արդէն արեւին վերջին ճառագայթները ապրշումի ոսկեգոյն թելերով կը փաթթուէին իր քայլերուն: