ԲՌՆԱՒՈՐԻՆ
ԱՐՑՈՒՆՔԸ
Եբրայական
շատ
մեծ
առանդութիւն
մը
կը
պատմէ
թէ
Նաբուգոդոնոսոր՝
Երուսաղէմի
տիրելէ
ետք,
գնաց
Տաճարը,
ուրկէ
առաջնորդուեցաւ
քահանաներուն
բնակարանը։
Բայց
դեռ
ոտքը
ներս
չդրած,
կանգ
առաւ
սարսափահար,
որովհետեւ
տեսաւ
թէ
իր
ոտքերուն
տակ
վարդագոյն
փրփուրով
արիւն
մը
կ՚եռայ
ու
կը
պղպջայ։
Թագաւորը
ուզեց
գիտնալ
այս
տարօրինակ
երեւոյթին
պատճառը։
Քահանաները
նախ
ջանացին
խաբել
զինքը,
բայց
տեսնելով
իրենց
հնարամտութեան
վրիպումը
եւ
արքայական
ցասմնալից
սպառնալիքը,
պարտաւորուեցան
խոստովանել
թէ
Զաքարիա
անունով
անմեղ
քահանայի
մը
արիւնն
է
անիկա։
Զաքարիան՝
ծովու
ձայնի
պէս
բարձրաղաղակ
կը
կանչէր
ժողովուրդը՝
գալ
Աստուածը
պաշտելու,
եւ
կ՚որոտար
մարդկային
տկարութիւններուն
դէմ,
գուշակելով
հրդեհները,
ժանտախտն
ու
գերութիւնը
եւ
բոլոր
այն
բաները՝
որ
տեղի
ունեցան։
Բայց
Զաքարիա
ասով
գրգռեց
ժողովուրդին
ատելութիւնը.
ու
ժողովուրդը
թոպամահ
սպաննեց
զայն
այն
պահուն՝
երբ
անոր
շրթունքները
գուշակութիւնները
կ՚արտասանէին։
Այն
օրերէն
ի
վեր
ո՛չ
մէկ
բան
կրցաւ
լուալ
զոհին
արիւնը,
որ
միշտ
հոն
կը
մնայ՝
երկինքէն
վրէժխնդրութիւն
պահանջելով
ու
ամբաստանելով
ոճրագործները
Աստուծոյ
արդարութեան
գահին
առջեւ։
Նաբուգոդոնոսոր
այս
պատմութիւնը
լսելէ
ետք
որոշեց
լռեցնել
այդ
արիւնը
ու
խաղաղեցնել
զայն։
Ուստի
հրամայեց
որ
մորթեն
բոլոր
քահանաները՝
մարգարէին
պղպջացող
արիւնին
մէջ։
Հրաման
ըրաւ
որ
մորթեն
նոյն
տեղը
բազմաթիւ
պատանիներ
ու
փոքր
մանուկներ։
Բայց
արիւնը
չդադրեցա՜ւ
պղպջալէ։
Բռնաւորը
հաւաքեց
հազարաւոր
գեղեցիկ
երիտասարդներ
ու
գեղեցիկ
կոյսեր,
եւ
ամէնքն
ալ
մորթել
տուաւ
միեւնոյն
քարին
վրայ,
անոնց
արիւնը
խառնելով
մարգարէին
արիւնին
հետ։
Բայց
արիւնը
չէր
դադրեր
պղպջալէ։
—
Զաքարիա՜,
Զաքարիա՜,
աղաղակեց
յուսահատ
թագաւորը,
գոհ
չե՞ս
այս
ամէնէն.
կ՚ուզե՞ս
որ
ոչնչացնեմ
բոլոր
Յուդայաստանը։
Ոչ
մէկ
ձայն
պատասխանեց
իրեն.
միայն
զոհին
արիւնը
կը
շարունակէր
եռալ
ու
պղպջա՜լ։
Եւ
ահա
յանկարծ,
զգաստութեան
ու
խղճահարութեան
հազուադէպ
վայրկեանի
մը
մէջ,
բռնաւորը
ունեցաւ
գերագոյն
արդարութեան
ցնցումը
ու
հեծեծեց։
—
Վա՜յ
ինծի,
վա՜յ
ինծի,
եթէ
այսքան
մարդ
տանջանքի
պէտք
է
ենթարկուի
մէկ
մարդու
մը
արիւնին
համար,
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
հապա
իմ
վիճակս՝
որ
տասը
հազար,
հարիւր
հազար
մարդկային
արարածներու
արիւնը
թափեցի։
Եւ
արտասուեց
թագաւորը.
իր
աչքերէն
թափած
արցունքները
գլորելով
ինկած
էին
գետին
ու
խառնուած
մարգարէին
արիւնին
հետ։
Ու,
ո՜վ
հրաշք,
արիւնը
դադրեցաւ
պղպջալէ,
դադրեցաւ
բողոքելէ։
Բոլոր
ժամանակներու
եւ
ամբողջ
մարդկութեան
տանջանքի
պատմութիւնն
է
ասիկա։
Բոլոր
ժամանակներու
եւ
բոլոր
բռնակալներու
կարմիր
հոգեբանութիւնն
է
խտացած
այս
աւանդութեան
մէջ։
Ժողովուրդներու
արիւնը
այնքան
առատ
ու
անհաշիւ
հոսած
է՝
որքան
անօրինակ,
աննախընթաց
ու
հազուադէպ
եղած
է
խղճահարութիւնը
բռնաւորին
մութ
հոգիին
մէջ։
Զղջումի,
զգաստութեան
արցո՜ւնքը,
արցունքը
բռնաւորին,
իբրեւ
գերբնական,
իբրեւ
բնութեան
տարականոն
մէկ
զոհողութիւնը,
կրնայ
հաւասարութեան
գալ
բիւրաւոր
զոհերու
հեղեղանման
արիւնին
հետ
ու
փոխարինել
զայն։
Բայց
այդ
արցունքը
չէ
կաթած
երբեք
պատմութեան
մէջ
եւ
չի
կաթիր
երբեք։
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
համար
վշտակիր
մարդկութեան
տառապանքն
ու
արիւնը՝
իբրեւ
նախատինք
ու
վրէժխնդրութիւն
պիտի
շարունակեն
պղպջալ
ու
վեր
ժայթքել
միշտ
բռնաւորներու
պալատներուն
սեմին
վրայ
եւ
բազմատեսակ
բռնութեանց
ընդդէմ,
մինչեւ
որ
ընկերական
արդարութեան
ու
ազատութեան
մեծ
գաղափարը
գայ
վերջ
դնելու
մարդկային
ստրկութեան
եւ
շահագործութեան,
խնայելով
բռնաւորներուն
պղնձէ
աչքերը՝
կարեկցութեան
արցունքներէ,
եւ
թշուառ
մարդկութիւնը՝
իր
ծով
արիւնէն։