ՆՈՒԱԳ
ԱՌԱՋԻՆ
Ժ
«Ո՜վ
աստուածներ,
դուք
ուժ,
դուք
լոյս
արգասաբեր
Հողին,
ջուրին,
կեանքի
գաղտնի
բիւր
ակերուն,
Հայր
Արամազդ
եւ
Դեմետրէ
բազմաբեղուն,
Տեսէ՛ք
մըկունդն
ու
նիզակը
մարտահրաւէր,
Տեսէ՛ք
աղեղն
ու
բաշերը
հողմածածան,
Տեսէ՛ք,
լեզու,
խօսք
ու
բարբառ,
սար
ու
ծըմակ
Սպառազէն,
վըրիժառու,
բարձրաղաղակ,
Ա՛լ
չեն
ճանչնար
կամ
ու
հրաման
միահեծան…
Մենք
կը
դողանք
ահասարսուռ
ու
կ՚երկնչինք
Այն
զարթումէն,
որ
կը
ցընցէ
հոգին
մըռայլ,
Հոգին
հըսկայ
ժողովուրդին
եւ
քայլ
առ
քայլ
Կը
մըղէ
զայն
դէպի
արեւ,
դէպի
երկինք,
Դէպի
գահը
աստուածութեան
մարդուն
ազատ։
Կը
դիմենք
ձեզ
թէ՛
քուրմ,
հարցուկ,
թէ
խունկ,
մեհեան,
Տըկար
ամէնքս,
ահախըռով
ու
ճարահատ։
Մի՛
վըրդովէք,
կ՚աղաչենք
ձեզ,
գործը
մարդուն,
Զի
ինչ
որ
կամքն
ըստեղծագործ
կ՚ուզէ
կանգնել՝
Պիտի
դիմէ
նըպատակին
իր
անարգել,
Պիտի
ապրի,
պիտի
ընդմիշտ
մընայ
կանգուն»։