Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱ՜Խ, ԵՍ ՄԵՌՆԷԻ
Ա


Ծածկուած վարագոյրներէն ներս տաքութիւնը կը սողար, որովհետեւ դուրսը գարնան մեղկ անուշութիւն մը կար. աքաղաղները կը կանչէին, թռչունները զմայլանքով կը ճախրէին եւ երկինքէն վար տատանող խենդ ուրախութիւնը կը շռայլուէր ամէն կողմ: Հայկուհի խաթուն միս—մինակ սենեակին մէջ գուլպայ մը կը հիւսէր՝ ծալլուած հանգստաւէտ ճոխութիւններու վրայ, եւ դուրսէն ներս սողացող լոյսը թափանցիկ ճերմակութիւն մը կը ցօղուէր ամէն բանի վրայ, պատէն կախուած խոշոր հայելիներուն, ինչպէս պատկերներուն ու ճերմակ պատերուն երեսին՝ աւելի նրբացած:

Այդ մանկամարդ խաթունը, որ հակառակ իր սեւ աչքերուն ու փափուկ իրանին, ոչ գեղեցիկ ըսուելու չափ դիմագծային համեմատութիւններ կը կրէր եւ ոչ ալ տգեղ ըլլալու չափ ցայտուն անկանոնութիւններ, վարժ ճապուկութեամբ մը կը շարէր կութերը ճաղին վրայ, կը դարձնէր գուլպան ու չուանը կծկուելով կը կարճնար հետզհետէ: Մինակ էր ու մտածկոտ:

Չես գիտեր ո՛ր անծանօթ անկիւնէն՝ յանկարծ թռչող սեւ բզէզ մը մտաւ սենեակէն ներս, խռպոտ, միօրինակ թրթռումով մը երերաց օդին մէջ, առաստաղին այս այն տեղերուն մէկ—մէկ բարեւ տուաւ, կեցաւ ու բզզաց նորէն, ճնշող լռութեան մէջ բերելով դուրսի վերակենդանութենէն, արեւէն ու գարնան երկինքէն անբացատրելի բան մը, քաղցրութիւն մը, հեշտութիւն մը: Կեանքն էր որ կ՚արթննար, հողին, ջուրին, երկնքին մէջ ու այդ թեթեւ, միամիտ միջատը թեւին վրայ առած բնութեան ուրախութիւնը՝ գիտակից բնազդով մը կը բաշխէր զայն հասած տեղը, մոլորուն աստանդականութեամբ, մռայլ, ցուրտ ու տրտում տեղերուն հաղորդելով գարնան զեղումը:

Եւ բզէզին բերած այդ եթերային մեղեդին, այդ աւետիսը՝ թրթռաց Հայկուհի խաթունին ներքին մտածման վրայ ալ եւ կարծես քսուելով կնոջ հոգիին՝ զայն թեթեւօրէն քերեց ու մառախուղը ճեղքելով ծորումի անցք մը բացաւ. դուրսի բերկրալից ցնծութեան մեղրը խառնուելով իր վշտերուն հետ, մանկական հոգի մը տուաւ անոր այդ պահուն, մանկացուց այդ կնիկը որ լալու բաղձանք մը ունեցաւ. ու արեւի ճառագայթներէն, գարնան մաքուր ու երիտասարդ լոյսէն՝ կարծես քնքշացած իր սրտին ակերը՝ լայնօրէն բացուեցան, ցայտել տալով արցունքները, ինչպէս երեխան մօրը ծիծը քաշած ատեն կ՚եռցնէ եւ կաթը ինքն իրեն ու առանց ճիգի կը հոսի:

Տրտում էր, որովհետեւ էրիկը եար չէր իրեն ու կնկայ անձնասիրութեան սպառնացող այդ կրակը կը մխա՜ր, ու անցնելիք տեսակէն չէր. յետադարձ ակնարկի մը, պապուն տունը անցուցած կեանքի մը հեռապատկերին չպիտի փափաքէր ապահովաբար այդ պահուն. ի՞նչ պէտք անցեալ երջանկութեան մը հեռաւոր հակապատկերին՝ արդի վիճակին բողոքը աւելի ուժգնօրէն, ինք իր համար գրուած այդ լռին աղերսագիրը աւելի արդարութեամբ ստուգել տալու իրեն, քանի որ պիտի չգտնէր. Ընդհակառա՛կը, հօրենական տան յիշատակներէն մխիթարական ոչինչ պիտի տեսնէր:

Աղքատ ծնողքի մը աղջիկն եղած էր, իր մատներովը պահած գրեթէ ինքզինքը. ճրագ—լուսուն առջեւ կութ զարկած, ցորեկը ասեղին հետ թռած, բայց այս բոլոր տաժանքին ու չքաւորութեան կրթանքէն տեսակ մը խստաբարոյ առաքինութիւն, անթերի համեստութիւն շահելով, որը աղջկայ առաւելութեան շատ արժէքաւոր հանգամանք մը տուած էր անշուշտ, քանի որ ծիսական, կեղծ ու հետեւակ գիտակցութենէ մը ծնած չէր իր ունեցածը, այլ բնական ճամբով, ընտանեկան փորձառաւոր ու ցեղային դաստիարակութեամբը ստեղծուած: Այս վայրկեանին պէտք չունէր անկասկած՝ գլուխը շտկելու դէպի այդ խեղճութեան, զրկանքի հեռաւորին, որովհետեւ մոռցուած, հաշիւի չառնուելիք իր անձնական այդ արժանիքը չէր կրնար իյնալ միտքը երբեք ու գուցէ երկու ծայրերուն զուգակշիռը իր հիմակուան ցաւերը աւելի թունաւորէր, աւելի ժանգոտել տար:

Բայց ինչ ալ ըլլար իր ծննդեան արժէքի վաւերականութիւնը, որքան աղքատիկ ալ ըլլային իր աղջկնութեան լաթերը, բաւական էր որ իր բաղդին դռնակը անսպասելի երջանկութեան մը վրայ բացուած էր ու էրիկը իր ոսկիէ պատուանդանին, իր ազնուականի դիրքին մէջ ամբարտաւան՝ իրաւունք չունէր այդ ամէնով ապտակելու զինքը ու հինցած լաթի մը պէս մէկ կողմ նետելու, ատեն մը անոր նորութիւնը, անոր հրապոյրը անսրտօրէն վայելելէ ետք:

Կին եղած էր ու հարկաւ իրաւունքի մը վրայ. հերիք էր ատիկա: Անոր համար զինքը շրջապատող բոլոր պերճանքը, ոսկի շարոցը, ադամանդէ մատնիները՝ հիմա իժերու լեզուով կը խածնէին զինքը ամէն վայրկեան, ցաւով ու տանջանքով կը դիզուէին իր շուրջը, երբ ինք անքթիթ, կարծես ծնրադիր այդ ամէն անհոգի առարկաներուն մէջ, մազերը վզին երկու կողմերէն կուրծքին վրայ թափած սրբուհիի մը պատկերով՝ լոյսին դարձող արեւածաղկի պէս՝ կը նայէր կողկողագին էրկանը՝ որ աչքը իրեն չէր ուղղեր, որ դժկամակութեամբ երես կը դարձնէր իրմէ, եւ մորմոքի՜չ հակասութիւն, ձանձրացած այդ բռնաւոր անձնուիրութենէն, այդ հետապնդող խանդաղատանքէն՝ ազատիլ կ՚ուզէր անկէ:

Այդ գուլպան՝ որուն չուանը հանգոյց—հանգոյց գալով՝ ձեւ կուտար ու հետզհետէ, գրեթէ անզգալաբար, կը մարմնացնէր առարկան, կը նմանէր իր վիշտերու պատմութեան, ա՛յնքան մօտաւորութեամբ, երբ կամաց—կամաց անորոշ սկզբնաւորութեամբ մը սկսած էր ծայր առնել անիկա, նախ տեսակ մը անհոգ անտարբերութիւն, յետոյ շեշտուած արհամարհանք եւ օր մըն ալ որոշ, յատուկ յայտնութիւնը լքումին. ա՛լ տունը մտնելուն պէս էրիկը զինքը չէր որ կը փնտռէր առաջին անգամ եւ ընտանիքի հօր իր ներկայութիւնն ալ զաւակներուն քով՝ շաբթուան մէջ հեղ մը՝ վրիպած բացառութիւնը կ՚ըլլար երթալով. հիմա իր անունն անգամ բերանը չէր առներ, ստիպողական պարագայի մը տակ իր նախկին կնիկէն մնացած զաւակներուն բերնովն էր որ հրամանը հաղորդել կուտար իրեն: Ետքէն եկող կնիկը այդ տանը մէջ առանձնացած որբեւայրի մըն էր իր աղջկան եւ հազիւ երեք տարու անդրանիկ տղուն հետ, որոնք անոր ալ զաւակներն էին հաւասարապէս եւ սակայն իրենց մօրը պատիժը կը բաժնէին շատ կանուխ անձնուիրութեամբ մը…

Գարնան եղկ լոյսը անդիմադրելի զուարթութեամբ միշտ կը ծաւալէր ներսը, երազի պէս ծորելով կը լեցուէր հոն՝ երկինքի պաշտելի կապոյտէն հետը հեշտութիւն մը բերելով ու հաղորդելով զայն ամէնուն, թափանցելով ամէն առարկայի ու հանդարտ ցնծութեան մը մէջ օծելով իրեն հանդիպած ամէն բանը:

Այդ լոյսը իր անհոգ բաշխումովը եւ միամիտ գգուանքովը կը մտերմանար վշտակիր կնկան հետ, կը հարցափորձէր զայն իր սրտի գաղտնիքներուն մէջ եւ կը ստիպէր, կարծես, որ սրտաբաց յայտնութիւնն ընէ իրեն եւ որ կը լսէր կարծես ու կը պատասխանէր անոր…