Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱ՜Խ, ԵՍ ՄԵՌՆԷԻ
Բ


Ա՜խ, մայրի՛կ քուրուկ, խարա պաղդիս վրայ սեւ հաւն է կանչեր. աչք ունի, լոս չունի, հա կնիկ մի է եղեր տանը մէջ, հա բոշայ պէսլէմէ մը. օր մը չնստանք թաս մի ջուր մէկտեղ խմեր էինք, որ՝ ես էլ ըսէի քի գլխաւոր ունեցայ, գլխաւորի սէր տեսայ եւ երկու տերեւէն եղայ. ա՜խ, էն բո՜զը, էն բո՜զը…

Էնողին չի մնայ, եավրում, թո՜ւղթ է, թո՜ւղթ, դուն մռէ (լռել, մտիկ ընել) որ քաշողը քաշէ:

Հայկուհի խաթուն իր դարձը կը հէքիաթէր Սռմային՝ որ համբաւաւոր կնիկն էր՝ էրկայ կնկայ, սիրողի ու սիրուողի մէջ իր յանդուգն միջնորդողի համբաւով եւ մոգի ու մոգական ձեռնարկութեանց մասին հռչակ շահած էր այնքան, որ մութին մէջ ականջէ ականջ իր անունը երթալով խոշորցեր, տեսակ մը գերբնական ազդեցութիւն առած էր: Սռման իր համայնքին մէջ ճշմարիտ ջատուի խորհրդանշանն էր ու իր վրան—գլուխը, կռնակի քուրքէն մինչեւ ոտքի նախշուն փապուճը՝ ազնուականի հով մը կու տային իրեն եւ արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել թէ՝ վայելցնել գիտէր ինք ալ. որձեւէգի տարօրինակ խառնուածքով՝ իր առնական ձայնին հզօր ու ազդեցիկ շեշտ մը կու տար, իմացող մտքի ճարտարութեամբ իր քաւդէութեան հեթանոս բանաձեւերուն՝ քրիստոնէական շապիկ կը հագուեցնէր ու այնպէս իր միջավայրի նախապաշարումներուն ու հաւատքին համաձայն՝ գիտութեան մը տիրուհին կը հռչակէր զինք, որով կ՚ապրէր ու կ՚ապրեցնէր իրենները: Քահանայի չափ ու անկէ աւելի՝ ծածուկ մեղքերու, չի խոստովանուող յայտնութիւններու, վերջապէս աշխարհիկ կեանքի եւ ընկերական բոլոր սիրոյ խնդիրներուն՝ գաղտնիքը, եզրակացութիւնը իր քովն էր ու մտքին մէջ աղիւսակի պէս դասաւորուած կը պահէր:

Անոր համար, Հայկուհի երկար մտալլկումներէ եւ վարանքէ վերջ իր քովը կանչած էր զայն իր ցաւին դարման մը գտնելու հաւատքով: Առջի օրէն մինչեւ վերջին օրը՝ պատմած էր անոր մանրամասնօրէն, հառաչանքով ու արցունքով հալածական իր ամուսնութեան բոլոր ճամբորդութիւնը, երջանկութեան սակաւ ամիսներուն քով շարելով դժբաղդութեան տարիները, լքումը, արհամարհուած վիճակի դժնդակ համբերատարութիւնը եւ այդ բոլորին մէջ գծագրելով միւսին, իր արեւն արգիլող նախանձորդին պատկերը՝ բուի գլխով: Սռման մտիկ ըրած էր գլխու ճօճումներով, երբեմն կիսատ ժպիտի, երբեմն լուրջ ու խորհրդածող դէմքի արտայայտութեամբ՝ դիմացինին յայտնապէս նշմարել տալու համար իր վարպետի փորձ գիտակցութիւնը, դժուար հանգոյցները քակելու իր լուսաւոր ըմբռնումը:

Ապսպրած էր որ անոր գլխէն փունջ մը մազ ու շապիկը իրեն տայ՝ որպէս զի տասնեւհինգ օր ետքը՝ ետ վերադարձնէ, շապիկը էրկան հագցնելու, մազին կէսը դուրսի դրան սեմին վրայ, միւս կէսը կրակարանին տակը թաղելու, ասկէ զատ՝ կտոր մը դեղ ալ՝ աղաւնիի լեղուց՝ որ սուրճին հետ պիտի խառնէր ու տար որ առտուանց խմէ՝ շուկայ չգացած:

Տեսնա՛ս, եավրում, եղի մեղրի պէս տի ըլլիք անկէ ետքը, ըսեր էր Սռման վստահ եղանակով մը, ինշալլահ չարը կը խափանի, թո՜ւղթ է, աղջիկս, թուղթի բան է ասիկա, խելքն են առեր, խելքը, կը հասկնա՞ս, մառախ մ’էներ, նէչէ՜ նէչէսիներ ձեռքիս տակէն անցեր են…

Եւ Հայկուհի խաթուն՝ ամբողջ հոգին հաւաքած իր նայուածքին մէջ՝ կը կախուէր այդ կնկան շրթունքներէն, հազար—հազար խոստումներ կ՚ընէր, իր մեղքին տակ չպիտի մնար, էւել էւելոքը պիտի վճարէր անոր եւ իբրեւ կանխավճար՝ պուկէն երկու ղազի փրցնելով Սռմային ափը կը հրէր: