Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱ՜Խ, ԵՍ ՄԵՌՆԷԻ
Դ


Վտարուած ուրուկի համակերպութեամբ սեւը գլխուն քաշեց, ճերմակը դուրս ըրաւ՝ դեղինը ներս, խլուրդի մը պէս ինքզինքը աչքէ ու հետաքրքրութենէ պահեց, իր զաւակներուն հետ գերեզմանին վրայ նստող այրիի դժբաղդութիւնը զգաց Հայկուհին՝ երբ էրիկը օտարին ու ինքն օտարացած ըլլալու հարկաւորութիւնը տեսաւ: Մարդէ ու շէնլիքէ հեռու, թաղին ամնէն հեռաւոր ծայրը՝ բունիկ մը գտաւ եւ ծերուկ հօրն ու պառուած մօրը տարաւ իրմէ զատ՝ երկու որբեր ալ, որոնք հեղեղատէ մը դուրս նետուած խլեակներու պէս բան հասկցած չէին կատարուած իրողութիւններէն եւ իրենց մանկական անխռով միամտութեանը մէջ չէին զգացեր բնաւ սոսկալի վայրէջքը, մինչեւ աղքատութեան այս յետին խուցը:

Առաջին օրերուն՝ տակաւին տեսնող կորսնցնող խաթունի հպարտութիւնը անսասան կը կենար եւ երբ անիկա տակաւ խախտեցաւ, ինք իր վրայ կործանեցաւ, առանց մէկուն դպչելուն, այդ ազնուականի ամօթը, Հայկուհին ըմբռնեց իր լքումին վերջին աստիճանի ահաւորութիւնը ու կոպերը արցունքով լեցուած՝ անդրադարձաւ զաւակներուն հացին, վրայ—գլխուն:

Աշխարհ ինքիրմով կը զբաղէր, դուռ—դրացի ամէնքն ալ իրենց համար կ՚ապրէին. դուրսեն մարդ չէր գար ներս, չքաւորի այդ անիծուած դուռը մարդ չէր ծեծեր. ալեւորած հայրը ըսես՝ արդէն ինքն ի վրայ կ՚երերար ու խմորէ սրունքներուն ետեւէն կօշիկին ծանրութիւնն իսկ հեւքոտ շունչով դժուար կը քաշէր. այսօր աշուն, վաղը բուք ու ձմեռ. առաստաղէն անցնող նեպուկն անգամ շուրջինովը չէր զբաղէր ու այս պնդացած, անձնասէր միջավայրին մէջ մարդը մարդուն ցաւովը չէ, մահովն անգամ հետաքրքրուիլ չէր ուզեր: Առաջին խրատն ու թելադրութիւնը դրացնի կնիկները ըրին, երբ ձրի գթութեան ժամանակն եկաւ:

Աղջի՛կ, օղուլ, ամչնալու, կարմրելու ատենը չէ. խելքդ գլուխդ թօփէ, մէկ մատդ մէկալին ֆայտա չունի, ճար—ճարակ ըրէ՝ զաւակներուդ հացին ճամբան գուտ, մտմտալը, լացը օգուտ չի բերեր. մեղք են չոճուխներդ, անոնց հէմ պապ տի ըլլիս, հէմ մեր…

Յամրաբար, տակաւին տեւող հարուստի կնկայ սրբութիւններուն, սրբագործուած տեղերուն, օծուած խորաններուն էր որ կը դպնային անգիտակցաբար այդ խորհրդատու կնիկները, ամէն օր մաս մը փրցնելով անոնցմէ, ամէն օր բան մը պակսեցնելով: Այսպէս, աղքատութիւնը սպառնաց ու ժամանակը համոզեց զինք եւ օր մըն ալ դարձաւ եղաւ բանուոր կնիկ ասոր անոր դրան առջեւ: Լուացարարուհի եղաւ հարուստներու տունը, կար կարեց, հաց բանալ գնաց, վերջապէս ձեռքի աշխատութիւնը ուր որ տարաւ զինք:

Տարիներն անցան ու անցած փառքին յիշատակն ալ թողուց զինքը. կարծես բանով մըն ալ կապուած չէր զգար ինքզինքը անոր հետ, միայն կարօտը, էրկան համար ունեցած մոլեգին գորովը չէր պակսեր երբեք, իր սիրտը չէր թողուր հեռանար. ընդհակառակը աւելի կը լայննար, հիմա իր առանձնութեանը մէջ աւելի կը տարածուէր ու անսահման բան մը կը դառնար. իր հալածանքի, լացի, նախատինքի օրերը՝ երջանկութեան տողանցումով մը կուգային, կ՚անցնէին առջեւէն եւ զանոնք փնտռելու, անոնց վերադառնալու ճշմարիտ բաղձանք մը կ՚ունենար, կ՚ուզէր որ նորէն նոյն տանը մէջ ըլլար, անոր երեսը տեսնելու ազատութիւնն ունենար՝ հոգ չէր թէ արհամարհուած, կերած հացը արիւնով թրջած ըլլար: Ու յանկարծ, այս բոլոր մորմոքիչ ինքնախաբէութեան, անձնատուութեան միջոցին կ՚երեւնար ուրուականը այն լկտի կնոջ՝ որ իր դժբաղդութիւններուն դժոխային արգանդը կը սեպէր, իր ցաւերուն, իր թշուառութեան ու զաւակներուն անկումին վրայ քրքջացող եղեռնագործ քածը, ու նախանձը՝ կարմիր—կանանչ փրփուրով կը մրրկէր իր հոգին ու նայուածքին կատաղութիւնը. բութ ակռաներովն եթէ անոր միսն ալ ծամէր, սիրտը պիտի չպաղէր տակաւին:

Գիշերները երազներ կը տեսնէր, որոնց վրայ առտուանց երկայնամիտ խորհրդածութիւն մը կ՚ունենար եւ որոնք կը մեկնէր կամայական իմաստով մը, միշտ յոյսի, բաղձալի մօտիկ ապագայի մը մխիթարութիւնը փայփայելով. կ՚ուզէր հաւատալ թէ օր մը հանդիսաւոր խայտառակութեան մը մէջ ա՛ն, Միւսը պիտի վռնտուէր իր կարգին, էրիկը յետադարձ զղջումով մը պիտի դառնար նորէն իրեն գար, այս անգամ ա՛լ փուշ չպիտի բուսնէր իրենց երկուքին մէջ, թէ իր էրիկը որքա՛ն ալ օտարին բարձին վրայ քակէր իր գօտին՝ վերջապէս ի՛նք էր անոր կինը եւ ձեռքէն խմած թաս մը ջուրն ալ անշուշտ օր մը չէ օր մը միտքը կ՚իյնար ու խիղճը կ՚արթննար:

Այս պատճառով, գաղտնաբար կը լրտեսէր էրկանը վիճակը, պարագաները, ասկէ անկէ անցողակի լսած կտոր բրդուճ տեղեկութիւնները կը հաւաքէր, կը դասաւորէր զանոնք, յետոյ անոնց վերլուծումը ընելով՝ եզրակացութիւնը կը գտնէր, պզտիկ մանրամասնութիւններէ, իրեն նպաստաւոր երեւցող սնոտի ոչնչութիւններէ շատ ամուր, շատ վստահելի վարկածներ կը կազմէր ու անոնց մարմին տալով կը հագուեցնէր իր ուզածին պէս՝ մանկան մը նման որ իր փայտէ տիկինին շունչ ու հոգի կու տայ եւ դէմն առնելով կը խօսի հետը, ստիպելով որ իրեն պէս խորհի ան ալ:

Աստուած անշուշտ կը տեսնէր վերէն իր արդար մէսումներուն խեղճութիւնը, եթէ իր պատմութիւնն ու դարդերը անոր գթութիւնը շարժել չէին բաւեր: Իր ողորմութեան դռները այսօր փակուած, վաղը փակուած, վերջապէս վայրկեան մըն ալ պիտի բացուէին. չէր յուսահատեր, էրկանը խիղճը պիտի արթննար անշուշտ:

Այդ կրաքարէ հռչակաւո՜ր խիղճը, պիտի չարթննար երբեք սակայն: