Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՎ ՈՐ ՍՈԻԼԹԱՆ ՄԸ ՈԻՆԻ ԻՐ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋ
Է


Ու այն ատեն հնչեց Իրանի մէջ ձայն մը, ո՛չ աստուածային, ո՛չ ալ մարդկային, այնքա՜ն անբացատրելի էր անոր դաշնակութիւնը, այնքա՜ն գերերկրային էր անոր թովչութիւնը:

Այն ատենն էր՝ որ Իրանի հոգին, իր Վուալէ Սինա բանաստեղծին լեզուովը, թո՜ղ դարերու անմահութիւնը հսկէ անոր գերեզմանին վրայ, արտաբերեց այն երգերը, որոնք դեռ ոչ մէկ մարդկային շրթունք կրցած է արձագանգել Շահնշահներու երկրին մէջ:

Ունկնդրեցէ՜ք, ունկնդրեցէ՜ք, ո՛վ ժողովուրդներ, միւսլիման ու իսավի, փութփերեսթ ու մուսավի. Իրանի մեծ տէրվիշը իր երգերուն հմայքովը գործեց հրաշքներուն հրաշքը…

Վուալէ Սինա բանաստեղծը երգեց, ու անոր տաղերուն ջերմութեանը տակ՝ սառոյցը հալեցաւ վարդի թուփերուն վրայէն եւ Շիրազի վարդենիները, ձմեռնային գիշերուան մը մէջ, կոկոններ տուին ու վարդերով ծաղկեցան:

Վուալէ Սինա բանաստեղծը երգեց, ու անոր մեղեդիներուն մոգական քաղցրութեանը տակ՝ առիւծները անապատներէն եկան ու յովազները Հայաստանի կիրճերէն իջան, անոր գարշապարները լզելու:

Եւ իր երգերը սուրացի՜ն, հովերուն շունչովը, աստղերուն լոյսովը եւ թռչուններուն թեւովը, Իրանի մէկ ծագէն միւսը:

Ամպրոպ մը անցաւ, սասանման պէս, Իրանի հողին ու քարին վրայէն, եւ հրեղէն գետ մը հոսեցաւ, հալած երկաթի գոյնով, անոր երկինքին մէջէն. ու տեսնուեցաւ որ երկաթագործի կռանները վեր վե՜ր կը բարձրանային իրենց սալերուն վրայէն եւ Իրանի բոլոր սուրերը, անտեսանելի ձեռքերով, կը մերկանային իրենց պատեաններէն… կը բարձրանային՝ հարուածելու, կը մերկանային՝ վրիժառութեան համար:

Հանգչեցաւ սասանման ահեղ ջղաձգութիւնը, եւ Իրանի հեծութեան գիշերները լուսցան գիշերուան մը պէս, արագ ու անիմանալի. եւ երբ նշուլեց առաւօտը, ահա արեւին ճառագայթները՝ որ լուսաւորեցին աւերակները Շահ Խուտէվէնտի արքունիքին, գետնին հաւասարած իր փառքին ու իր զօրութեանը հետ, մէկ ակնթարթի մէջ:

Վուալէ Սինա բանաստեղծը, թշնամի՛ գահին ու գայիսոնին, փշրեց Իրանի բոլոր թագերը, փշրեց գերութեան շղթաները, որոնցմով հպատակներու թիկունքն ու բազուկները ասպանդակ կը ծառայէին գահակալի կրունկներուն:

Վուալէ Սինա բանաստեղծը, բարեկա՛մ մերկերուն ու անօթիներուն, ցնցոտապատ մարմինները հագուեցուց զերպապ բեհեզով, եւ սեւ հացի տեղ՝ մեղրով ու համադամով զարդարեց չքաւորներուն սեղանը:

Բայց Վուալէ Սինա բանաստեղծը, մի՜շտ փառք ու մի՜շտ պատիւ իր անուան, չպարգեւեց տեւական երջանկութիւնը մարդոց հոգիներուն…