Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱԳԻՆԻՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ


Ահա մենք վառեցինք խարոյկը, որպէս զի խաւար աշխարհին մէջ անոր բոցերը ճարճատելով լոյս տան բոլոր անոնց՝ որ անմխիթար են եւ մոլորա՜ծ գերութեան ճամբաներուն վրայ:

Մենք վառեցինք բագինը՝ որպէս զի հայրենի գեղերն ու քաղաքները անոր նային, որպէս զի տանջուողները իրենց բռունցքները սեղմելով՝ դէպի հոն բարձրանան: Մենք վառեցինք կրակը՝ որպէս զի ազատութեան ճամբան լուսաւորենք:

Քուրմ ենք ու երդուեալ պահապանը՝ օրհնեալ բագինին. զոհած ենք նուիրական կրակին՝ կեանքի բոլոր ցնծութիւններն ու գինովութիւնը, երիտասարդութիւ՜ն, վայե՜լք, գրգա՜նք, ու արեւին բոլո՜ր հաճոյքները, բոլո՜ր սէրը:

Ծուխը որ կը ծառանայ այս տաճարին խորէն՝ մեր սեւ երկրին մռայլ ցաւն է, անէծքի սիւնն է արհաւիրքի անապատին մէջ թափառական ժողովուրդին եւ յայտնութիւնը յղի ապագային:

Ի զու՜ր կ՚ոռնայ բնութեան փոթորկալից յիմարութիւնը մեր գլխուն վրայ, ի զո՜ւր խաւարին շունչը կը փորձէ մարել հրաբորբոք խանձողները. տաք մոխիրն է որ կը ցրուի միայն հեռուները, կայծերն են որ կը թռին դէպի տարածութիւնները՝ հրդեհելու համար ատելութեան նոր մորենիներ, կրակ տալու համար թշուառութեան սեւ անտառին:

***

Ուխտած ենք կրակով հատուցանել այն պարտքը որ թշնամին համայնատարած հրդեհով ու մոխիրով փոխ տուաւ մեզի:

Ուխտած ենք մեր մայրերուն նամուսին վրայ՝ տալ վրէժխնդրութեան այն յարկը՝ որ աւերման անպատիժ օրերը՝ իբրեւ շղթայ մեր վզին վրայ բեռ դրին:

Մենք ամէնքս ալ անժառանգներ, որբ ու սգաւորներ ենք. մեր ետեւէն միայն արցունքի, անօթութեան ու տանջանքի աղաղակը կը գալարուի. մեր ետեւէն անթաղ մեռելներու, անտէր գերեզմաններու յիշատակը միայն կը հետեւի իբրեւ անհանգիստ ստուեր եւ մատով ցոյց կու տայ ճակատագրական ուղին:

Ու մենք տենդահար ձեռքերով կը վառենք խարոյկը, մինչեւ որ անոր բոսորագոյն լոյսը ճառագայթէ բոլոր մութ հոգիներէն ներս, մինչեւ որ ստեղծագործ բարկութիւնը սարսէ բոլոր կամքերը, մինչեւ որ ազատութեան վերջին զոհին մարմինը ճենճերի փրկութեան տաճարին առջեւ:

Ո՞վ է որ պիտի կրնայ մարել դառնութեան, զրկանքի, թշուառութեան այս համայնատարած կրակը… ո՞վ է որ պիտի համարձակի արհամարհել արեան լիճին մէջէն բարձրացող այս ցնորական հրաբուխը:

***

Ինչ որ ոճիրն ու արիւնը պղծեցին, պէտք է որ կրա՛կը մաքրէ զայն:

Մենք կը դառնանք հին հաւատքին ու կ՚երկրպագենք նորէն հուրին ու իր տարերային զօրութեան:

Ահա ստրկութեան ողջակէզը որ կը վառի փայտակոյտին վրայ:

Դարերու նախատինքն ու ամօթն է որ կրակին սրբագործութեանը կը յանձնենք, աղաչանքի, երկրպագութեան, մուրացկան կեանքի աղբակոյտն է որ կը հրդեհենք:

Եւ բոցերուն տաքութիւնը կ՚անցնի մեր հոգիին մէջէն. կ՚իյնայ տառապանքին ծանր բեռը մեր ուսերէն եւ իբրեւ փիւնիկ՝ թարմ աճիւններուն ծոցէն կը վերածնի մեր իտէալը անդադար, կը վերածնի մեր հաւատքը, մեր սերունդներուն անհատնում ուժը:

Բարձրագլուխ ու անյողդողդ՝ կանգնած ենք մահուան դէմ՝ մեր ահաւոր ցաւին հետ՝ որ մեր փառքն է միանգամայն, եւ հպարտութիւնն ունինք պատմութեանն աւանդելու դիւցազնութեանց ամէնէն սխրալին, հպարտութիւնն ունինք հետագայ դեռ տառապող մարդկութեան փոխանցելու ազատութեան ամէնէն հզօր սարսուռները:

Զղջում չենք զգար, ո՛չ վշտակրութիւն, եւ ոչ մէկ ստրջանք՝ մեր հոգեվարքի պահուն՝ եթէ բարբարոս սուրը փշրէ մեր վերջին ոսկորը եւ խմէ մեր արիւնին վերջին կաթիլը. մենք տեսանք թէ ազգերու արդարութիւնը անարգանքի ցիցին զարնուած է, մենք համոզուեցանք թէ տիեզերական խղճմտանքը վաղուց իր կուսութենէն զրկուած է:

***

Թող ուրեմն բռնկի խարոյկը՝ աւելի ուժով, աւելի կատաղօրէն:

Մենք բացինք Տաճարին դռները, որպէս զի համայնական բողոքը, նզովքն ու ոխը հոն թխսեն ապստամբութեան վրէժխնդիր մրրիկը, որպէս զի արդարախոյզ պատուհասը հոն իր աստուածային զրահը հագնի եւ իջնէ կայծակնակերպ՝ հարստահարութեան այն անհամար ամրոցներուն ու բերդերուն վրայ, որոնց պարիսպներուն տակ մեր բիւրաւոր ոսկորները ինկած են, որոնց շինութեան ու շաղախին համար մեր արիւնն ու արցունքը գործածուած են իբրեւ ջուր:

Թո՛ղ ուրեմն վառի կրակը՝ աւելի ուժով, աւելի կատաղօրէն:

Վա՜յ անոնց որ կ՚արհամարհեն զոհերու հսկայական ջայլը, վա՜յ անոնց՝ որ տանջանքի հրեղէն գետին ընթացքը իր զայրոյթէն շեղել կը յանդգնին:

Թո՛ղ բռնկի ոճիրներու սպանդանոցը եւ բոցերը թող լզեն պղծութեան բոլոր անկիւնները, որովհետեւ ժողովուրդի մը չարչարանքն է որ կ՚եփի եւ կ՚եռայ դժոխքի մը պէս:

Թո՛ղ արծարծի կրակը, որովհետեւ յուսահատութեան ու մահուան ցուրտը մեր հոգիէն ներս կ՚անցնի, որովհետեւ չարիքին հեղեղանման կարկուտն ու անձրեւը դադար չունին:

Թո՛ղ բորբոքի խարոյկը՝ աւելի ուժով, աւելի կատաղօրէն: