Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈԳԻԻՍ ՀԱՄԱՐ


Սոսկալի է գիշերն երբ այն

Ծառերն ունին սօսափիւն, ձայն,

Շուն մ՚ալ յանկարծ մի փողոցէ

Դէպ՚ լուսընկան կը կաղկանձէ։

* * *

Յաճախ կ՚ուզեմ երգ մը լըսել

Քընարի կամ հովինն անթել.

Երգ մ՚որ անխօս գործիքն հանէ

Կամ ձեռքը նուրբ երգահանէ.

 

Ջութակին հեծն աղերսող, թաւ,

Երգն անիւին տըրտմաթաթաւ

Որ դաշտին մէջ սայլը գեղջուկ

Ակօսելով կ՚երգէ ողբուկ։

 

Ա՜հ, նոյն ախորժն հոգւոյս կ՚ազդեն

Մարդու, փայտի ձայնն անըզգայ,

Երգ մ՚որ աղիքն հանէ իրմէն,

Երգ մ՚որ սիրուն շըրթներ կ՚երգեն։

 

Անշունչ մետաղն, իրն անհոգի

Որոնք՝ անխօս ցաւի, հոգի

արտայայտման միցող եղած

Իրենց մէջէն բան մ՚արտասուաց

 

Կու տան լըռին՝ երգին, ձայնին

Ու կը կրկնեն ինչ որ հոգին

Մարդուն՝ կ՚ըսէ իրենց կամաց,

Ա՜խ, թախծութիւն, վիշտ մը տխրած։

 

Կ՚ազդեն սրտիս, անոնք անշո՛ւնչ՝

Որ շրթունքի, մատի մը մունջ

Լոկ հըպմամբը կ՚ըսեն մարդուն

Ըզգացումներն, յոյերն անհուն։

 

Իրենց մէջէն շեշտ մը ազդու

Ըզգայնութեան, սըրտի, հոգու՝

Բողոք մը խոր կը յայտնեն բաց

Յուզման, վշտի կամ հրճուանաց,

 

Որ անտրտունջ, անգիտակից,

Համակերպող ըզգացման կից՝

Կ՚եղանակեն նըւագ մ՚աննիւթ,

Նըւագ մ՚ուրախ, թախծի մ՚անսուտ։

 

Յաճախ հոգիս երգ մը կ՚ուզէ՝

Ըլլայ իրաւ կամ երազէ,

Հովին երգը, երգն անուրջին

Որ նըւագէ հուրի կամ ճին։

  * * *

Ահռելի է գիշերն երբ, ա՜հ,

Շուն մը ոռնայ ու թողու ահ,

Եւ անդէն ալ աշնան մի հով

Երգէ, պոռայ ժայռերուն քով։

 

1895, Փետրուար 10