Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դիք անուրջի բուրմնաւէտ շոգի պէս

Իջեր էին տաճարին մէջ մեծ յայտնութեան,

Որը ահա ամէն կողմէ լըսել կու գան

Իշխան, ըստրուկ, գեղջուկներ ու ազատներ վէս…,

Կու գան խումբ—խումբ ու կը կանգնին իրարու մօտ։

Մըռայլ ամէնքն, այլ անձկալից, թեւատարած,

Մայրերն իրենց մանուկները ուսն առած,

Կոյսերն անխօս, մունջ, հերարձակ ու վեհերոտ.

Ոչ մէկ ծիծաղ, ոչ մէկ անհոգ դէմք ժըպտագին.

Պառաւներն իսկ յենած ցուպին իրենց տըկար՝

Ընդհատ շունչով կը հառաչեն երկար—երկար

Եւ սըրտոըտած կու լան վըրայ դից մութ փառքին։

Կըռիւն յամառ, կըռիւն յանդուգն, անհաւասար՝

Մարդն է ահա որ բացած է դից դէմ անվախ.

Ըստրուկն է որ ոտքի կ՚ելլէ արիւնթաթախ,

Շըղթան ձըգած ուսին, իբրեւ հըզօր ասպար։

………………………………

Թաւ հեծեծիւն մը բարձրացաւ, յանկարծ, խորէն

Եբենոսեայ սեւ դըռներու քանդակազարդ՝

Իբրեւ մըրմունջ մը դաշնաձայն, երգ մը կախարդ։

Քըրմապետն էր, որ կը մեկնէր պատգամն արդէն։