ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ
ՄԸ
Վերջերս
մեռաւ
շուէտացի
բանաստեղծ
մը,
Կիւսթավ
Ֆրօտինկ։
Գրադատ
մը
զայն
քով
քովի
կը
դնէ
Շէլլիի,
Հայնէի,
Միւսէի
եւ
Վէրլէնի
անուններուն
հետ։
Եթէ
Կէօթէի
մը,
Հիւկօի
մը,
Պիօրնսընի
մը
բանաստեղծական
հանճարը
հիացում
կը
պատճառէ,
այդ
միւս
դասը
կը
յուզէ
մեր
սիրտը,
մեր
սէրը
կը
գրաւէ։
Թերեւս
ո՛չ
մէկ
բանաստեղծ
այնքան
սիրուած
է
որքան
Ֆրօտինկ։
Անհամար
բազմութիւն
մը
կը
հետեւէր
իր
դագաղին։
Ֆրօտինկի
կենդանի,
անմահ
գործը
կը
բաղկանայ
հազիւ
երկու
հարիւր
երգէ,
որոնք
ամփոփուած
են
երկւու
պզտիկ
հատորերու
մէջ։
Ի՞նչ
երգած
է
այս
բանաստեղծը,
որ
կուռքն
է
ոչ
միայն
ընտրեալ
«դասու»
մը,
այլեւ
ամբողջ
ժողովուրդի
մը։
Ինչ
որ
կ՚երգեն
բոլոր
բանաստեղծները,
—
չիրագործուած,
անիրագործելի
երազը։
Իր
բովանդակ
գործը
կարելի
է
բնորոշել
խորաթափանց
մելամաղձութեամբ
բաբախուն
տաղի
մը
սա
երկու
տուներով.
Սերը՝
ես
ստիպուեցայ
հնչուն
դրամով
գնել
–
ինծի
համար
ուրիշ
սէր
չեղաւ
–
եւ
սակայն
երգեցէք,
ո՜վ
տարաձայն
լարեր
–
սիրոյ
չքնաղ
երգը
երգեցէք։
Երազը
որ
երբեք
չիրականանար
–
քաղցր
եղաւ
ինծի
համար
իբրեւ
երազ
—
Եդեմը
միշտ
Եդեմ
է
անոր
համար
–
որ
վտարուած
է
Եդեմէն։
Դպրոցէն
իսկ
թարթափուն
միտք
մը
ունէր։
Պզտիկ
ժառանգութեան
մը
շնորհիւ,
սկսաւ
անկարգ
կեանք
մը
վարել
եւ
վարակուեցաւ
նէօրասթէնի
է,
որմէ
երբեք
չկրցաւ
ազատիլ։
Օրուան
գրականութիւնը,
իրապաշտ
վէպը,
իր
գործը
չէր։
Ապրուստի
համար
հարկադրուեցաւ
գաւառական
յառաջադէմ
թերթի
մը
խմբագրութեան
մէջ
մտնել։
Երեսուն
տարի
անցած
էր
արդէն,
երբ
Ֆրօտինկ
որոշեց
հրատարակչի
մը
դիմել
Պատասխանը
քաջալերական
չէր։
—
Հիմա
«Բանաստեղծութիւն
չի
ծախուիր»։
Իրականութիւնը
հերքեց
այս
տխուր
գուշակութիւնը։
Բանաստեղծը
100,
000
քուրօն
ստացած
էր
իր
գործերուն
հրատարակութեան
փոխարէն։
Բայց
հանրութիւնը
ուշ
ճանչցաւ
զինքը.
լուրջ
կարեւորութիւն
չէին
տար
իրեն։
Եւ
այս
պարագան
ծանրացու
բանաստեղծին
վիճակը։
Եւ
ահա
տեղի
ունեցաւ
այն
դէպքը
որ
ո՛չ
միայն
բովանդակ
երկրին
ուշադրութիւնը
պիտի
հրաւիրէր,
այլեւ
իր
ճշմարիտ
տեղը
պիտի
տար
բանաստեղծին։
Դեռ
նոր
հրատարակած
էր
ժողովածու
մը
որուն
մէջ
կկ
գտնուէր
ոտանաւոր
մը,
Առտուան
Երազ,
որ
ներդաշնակ
ու
վճիտ
տողերով
կ՚երգէր
արիական
մանկամարդ
ամոլի
մը
զգաստ
եւ
մերկ
սէրը։
Բողոքական
կեղծաւորութիւնը
գայթակղեցաւ։
Ֆրօտնիկը
դատարան
քաշեցին։
Աբաստանեալը
ի՛նք
պաշտպանեց
իր
դատը,
պարզ,
չափաւոր
բայց
համոզիչ
փաստաբանութեամբ։
Եւ
ժիւրին
վճռեց
թէ
ո՛ր
եւ
է
յայրատ
դիտում
չկար
իր
գրուածքներուն
մէջ։
Եւ
սակայն
յուզումը
շատ
ծանր
ազդեց
իր
արդէն
խորտակուած
ջղային
դրութեան
վրայ։
Շատ
չանցած
ստիպուեցան
յիմարանոց
առաջնորդել
զինքը։
Երբ,
տարինե՜ր
վերջ,
քիչ
մը
գտաւ
ինքզինքը,
բանաստեղծական
ստեղծագործութեան
ընդունակութիւնը
գրեթէ
ամբողջովին
գրեթէ
ամբողջովին
կորսուած
էր։
«Ազատամարտ»,
Շաբաթաթերթ—Յաւելուած,
Գրական,
գեղարուեստական
եւ
գիտական,
1911,
Թիւ
51,
Յուլիս
3/16