Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԵՔ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ. ԱՆՓԱՌՈՒՆԱԿ ԴԱՍԱԼՔՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՔԱՆԻ ՄԸ ԳԻԾԵՐ ՌՈՒՍ ՆՈՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։


Վերջերս գրական Ռուսիան զբաղեցաւ երեք յոբելեաններով, երեքն ալ յատկանշական՝ իրենց մանրամասնութիւններով։ Յոբելեաններէն երկուքը անցեալին կը պատկանին արդէն, Եասինսքսի եւ Քորոլէնքօ։

Եասինսքսի, որ բոլորովին անծանօթ է արտասահմանի մէջ, Ռուսիոյ ամէնէն բեղնաւոր եւ ամէնէն տաղանդաւոր վիպագիրներէն մէկն է, ռուս գրականութեան վեդերաններէն մէկը։ Անդադար կ՚աշխատի քառասուն տարիէ ի վեր, հրատարակելով պատմուածքներ, նորավէպեր, գրական հանդէսներ խմբագրելով եւ օրաթերթերուն մէջ զանազան բաժիններ թերթօն, քրոնիկ եւն., ստանձնելով։ Կը ստորագրէ նաեւ երկու կեղծ անուններով. Մաքսիմ Պէլինսքի եւ Նէզավիսիմի (Անկախ)։ Ինք հզօր մէկ սիւնն է Ռուսիոյ մէջ եզական՝ հսկայական հրատարակչական Տան մը, որ կը հրատարակէ Պերշէվիա Վէտոմոսթի օրաթերթը եւ ուրիշ կարգ մը պարբերականներ։ Այդ թերթին խմբագրութիւնն էր որ կէս—պաշտօնապէս ստանձնեց հանդիսաւորապէս տօնել Եասինսքիի գրական գործունէութեան քառասնամեայ յոբելեանը։ Եւ արդէն ուրիշ կերպով կարելի չէր յաջողիլ, որովհետեւ Եասինսքի, հակառակ իր տաղանդին, վտարուած է բուն ռուս գրական ընտանիքէն։ Պատճառը ատ բնորոշ է ու թելադրիչ։

Եասինսքի իր գրական ասպարէզը սկսաւ յառաջդիմական հետապնդութեամբ, շարունակելով ռուս գրականութեան գաղափարապաշտ աւանդութիւնները։ Սակայն ռուս պատմութեան տաժանելի պահերուն ԺԹ. դարու վերջին քառորդը ինչպէս ինքն իսկ խոստովանեցաւ յոբելիանական ճառին պատասխանած ատեն, կեանքէն վախնալով, «կռնակ դարձուց իր երիտասարդութեան գաղափարներուն, ձգտումներուն եւ համակրանքներուն եւ իր գրիչը դրաւ թշնամի օրկաններուն տրամադրութեան տակ». ա՛յն աստիճան որ, ատեն մը նոյն ինքն Գրաքննութիւնը զինք իբրեւ պատասխանատու խմբագիր յանձնարարեց զինքը տիրաբար, Փեթերսպուրկի մէկ թերթին։ Եասինսքիի համբաւը խորտակուեցաւ վերջնականապէս։ Յառաջդիմական հանդէսները, որոնք կը համախմբեն ամէն ինչ որ կայ կենդանի ռուս գրականութեան մէջ, ա՛լ չխօսեցան Եասինսքիի մասին։ Ռուս կեանքին դաժան օրերուն, դասալքութիւնը, «դաւաճանութիւնը», նոյն իսկ վայրկենական, արատ մը կը մնայ գրագէտին բովանդակ ասպարէզին համար։ Եւ երբ, Յունվար 21ին, յոբելեանը տօնուեցաւ մեծ հանդիսաւորութեամբ, խնճոյքով մը ուր ներկայ էին քանի մը հարիւր գրագէտներ, արուեստագէտներ, գտիուններ, ակադեմականներ եւայլն, ո՛չ մէկ գրական ընկերութիւն մը, ո՛չ մէկ կարեւոր թերթ, Փեթերսպուրկի մէջ ըլլայ թէ գաւառը, ո՛չ մէկ գրակա հանդէս չխօսեցաւ անոր վրայ։ Ու այսպէս տեղի ունեցաւ եզական երեւոյթ մը, տաղանդաւոր գրագէտի մը յոբելեանը լռութեան մատնուեցաւ ռուս մամուլին գրեթէ ամբողջութեան կողմէ։

* * *

Երկրորդ յոբելեանը ոչ նուազ յատկանշական է Ռուսիոյ համար, թէեւ յոբելեարը հրաժարուեցաւ այդ պատուէն։ Քորոլէնքոյի յոբելեանը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ իր Սիպերիայէ դարձին 25ամեակը։ Մամուլը կանուխէն սկսաւ խօսիլ անոր վրայ եւ զանազան ծրագիրներ առաջարկուեցան այս առթիւ Կոյր Երաժիշտ ին հեղինակը փառաբանելու համար։ Բայծ Քորոլէնքօ երբ իմացաւ, անմիջապէս նամակ մը ուղղեց թերթերուն, ճշդելով իր աքսորէ վերադարձին ճիշդ թուականը որ աննշմար անցած էր մէկ ամիս առաջ, եւ հրաժարեցաւ այդ տարեդարձին տօնախմբութեան գաղափարէն։ Յոբելեանը տեղի չունեցաւ, բայց նամակներ, հեռագիրներ, ուղերձներ եւն. կը հասնին համակրելի գրագէտին։

* * *

Երրորդ գրագէտն է Չիրիքոֆ, որուն յոբելեանը տօնեցին Մարտ 2ին, ռուս գրականութեան բոլոր ներկայացուցիչները, առանց դպրոցի եւ ձգտումի խտրութեան։

1886 Յունվար 19ին, Քազանի մէկ լրագրին մէջ երեւցաւ նորավէպ մը, Շիկահերը, ստորագրուած՝ ուսանողէ մը, Չիրիքոֆէ։ Երիտասարդին բախտը շուտով վճռուեցաւ։ Համալսարանէն արտաքսուած՝ քաղաքական պատճառով, բանտարկուած, աքսորուած, բանտէ բանտ, քաղաքէ քաղաք ինկած Չիրիքօֆ կը մնայ սակայն գրագէտ, գրելով Վոլկայի նահանգին գրական բոլոր մեծ թերթերուն մէջ, թէ՛ իբրեւ քրոնիկագիր եւ թէ մանաւանդ առաջին գործերուն նիւթը կը կազմեն մասնաւորապէս ռուս երիտասարդութեան աշխարհը եւ կեանքը, իր երազներով եւ իղձերով, իր հազուադէպ ուրախութիւններով եւ տրտմութիւններով, իր պատրանքներով եւ յուսախաբութիններով։ Յետոյ, ընդարձակեց իր տեսողութեան հորիզոնը, եւ գաւառական կեանքը սկսաւ նկարագրել խոր ծանօթութեամբ մը, եւ կծու այլ բարի հեզութեամբ որ իրեն միայն յատուկ է։

Մինչ Կորքի որ իրմէ վերջը Անտրէյէֆ աղմկալից, յաղթապանծ մուտք մը գործեցին գրականութեան մէջ, Չիրիքօֆ 16 տարի վերջը ճանչցուեցաւ ռուս գրական քննադատութեան կողմէ։

Ազատամարտ, Շաբաթաթերթ—Յաւելուած, Գրական, գեղարուեստական եւ գիտական, Ա. Տարի, 1911, Թիւ 40, Ապրիլ 17/30 Մայիս