Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ



Ներկայ ընկերային կարգերը այնպէս դրուած են որ ամենաքաղաքակիրթ երկիրներու մէջ անգամ, ուր կրթութիւնը ու դաստիարակութիւնը առաջնակարգ կարեւորութիւն ստացած են եւ հասած բարձրագոյն զարգացման, հասարակութեան մեծագոյն տոկոսը կը մնայ դարձեալ եթէ ոչ անուս եւ բոլորովին տգէտ, գոնէ զուրկ հիմնական կրթութենէ, զուրկ գիտութեան, արուէստի ու մտածողութեան բազմակողմանի առաւելութիւնները վայելելէ։

Արտօնեալ ու տիրապետող դասակարգերն են վայելողները՝ ինչպէս նիւթական հաճոյքներուն, նոյնպէս գեղարուեստներուն, գիտութեան, բարձրագոյն ուսումներուն եւ ընդհանուր մշակման։

Նիւթական տիրապետութիւնը ստեղծած էնաեւ մտաւորական տիրապետութիւն, քաղաքական տիրապետութիւն եւ ընկերական տիրապետութիւն։ Եւ հասարակութեան հսկայական զանգուածը մնացած ըլլալով նիւթապէս ստրուկ, եղած է նաեւ չքաւոր իր մտաւորական զարգացումովը եւ հոգեկան ազնուացումովը, եղած է տկար ու կրաւորական, նախապաշարուած ու անբախտ, աղքա՜տ իր ընդունակութեանց անկատար մշակութեամբ։

Այս պատճառով է որ միշտ ու ամենուրեք բռնակալութիւնը՝ բազմաթիւ ձեւերով ու դիմայեղութիւններով՝ շարունակած է իր գոյութիւնը պատմութեան վաղնջական թուականներէն մինչեւ հիմա. մշտնջենաւորելով դասակարգի մը տիրապետութիւնը՝ ուրիշ դասակարգերու վրայ, ազգի մը տիրապետութիւնը՝ ուրիշ ազգերու վրայ, մէկ խօսքով մարդուն ստրկացումն ու շահագործութիւնը մարդուն ձեռքով։

Մեր երկրին մէջ տգիտութիւնը աւելի թանձր է ու մեծածաւալ, անհատին գիտակցութիւնը աւելի թոյլ ու անձեւակերպ եւ ամբոխային կրաւորականութիւնը աւելի դիւրագին՝ բռնաւորներու շուկային համար։

Բաւական չէ միայն ուշադրութիւն դարձնել նորահաս սերունդներուն եւ մանկական կրթութեան նուիրել հանրային տաք հոգածութիւն։ Մանուկներուն քով կայ միւս մանկութիւն մը, տգէտ եւ զարգացումէ անմասն մնացած հասարակութիւնը, որ երկրին գործօն մասն է, նոյնքան կարօտ հոգածութեան եւ դաստիարակութեան, նոյնքան արժանի խնամքի եւ մշակման։

Եթէ հետզհետէ հասնող սերունդները պիտի գան լեցնելու կեանքը եւ կազմելու ապագայ ընկերութիւնը, որուն երջանկութեանն ու կատարելութեանը համար պարտաւոր կը զգանք մեզ՝ տրամադրել նիւթական ու բարոյական միջոցներ, չենք կրնար աչքէ թողուլ այն սերունդը՝ որ կը ձեւացնէ իսկական ընկերութիւնը եւ կը ներկայացնէ ինքն իսկ կեանքը։

Ժողովրդային խոնարհագոյն խաւերը՝ աշխատողները, որոնք ամէն երկրի մէջ կը կազմեն ընդհանուր բնակչութեան % 80 տոկոսը գրէթէ, զրկուածներ, անժառանգներ են ոչ միայն նիւթական երջանկութեան, այլ եւ հոգեկան եւ բարոյական վայելքներու տեսակէտովը։ Իրենց դժբախտութեան ու թշուառութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային անհաւասարութեան մէկ գաղտնիքն ալ ուրիշ բան չէ՝ այլ միայն անհատական գիտակցութեան պակասը, որ թոյլ չի տար տկարին՝ զարգացնելու բազմակողմանի կերպով իր ընդունակութիւնները, եւ անոնց շնորհիւ տիրանալու նախ անհատական, ապա հաւաքական ուժի, եւ այդ ուժով ապահովելու իր ազատութիւնը։

Քաղաքական ազատութիւնը ոչինչ կ՚արժէ՝ եթէ հասարակութեան մը անհատները տնտեսապես արգահատելի են եւ մտաւորապէս ու հոգեպէս ազատագրութեան կարօտ։ Դուք ըսէք թէ ի՜նչ կ՚արժէ ժողովրդապետական կառավարութիւն մը, երբ այդ կառավարութեան տէրը՝ ժողովուրդը, իր մեծամասնութեամբ ընդունակ չէ ըմբռնելու իր կոչումն ու իրաւունքը, ի վիճակի չէ հասկացողութիւնն ունենալու անհատական ազատութեան՝ որ հիմն է ու աղբիւրը քաղաքական ազատութեան։

Այս պատճառով է որ Եւրոպայի, ինչպէս Ամերիկայի մէջ ժողովրդային դաստիարակութեան ու զարգացման համար խորհուած են բազմաթիւ միջոցներ եւ հիմնուած մէկէ աւելի այլազան հաստատութիւններ, որոնցմէ մէկն է ժողովրդական համալսարանը։

Կան ժողովրական մատենադարանները, ուր ամէն տեսակ գիրք ու լրագիր կարելի է գտնել եւ կարդալ ձրի, կան հրատարակչական ընկերութիւններ՝ որ հանրամատչելի եւ չափազանց աժան գներով ժողովրդային խավերու մէջ կը տարածեն գրական գլուխ գործողները, ընկերային իմաստասիրական նորագոյն մտքերը՝ դիւրահասկնալի գրականութեան ձեւով. կան գիշերային դասախօսութիւններ, երեկոյթներ, քօնֆէրանսներ եւ դեռ բազմաթիւ ժողովրդանուէր ձեռնարկներ։ Ասոնց մէջ սակայն ամէնէն աւելի գեղեցիկն ու համակրելին ապահովաբար Ժողովրական Համալսարանն է, ուր կանոնաւոր դասընթացներով աշխատաւորներու եւ բանուորներու կ՚ուսուցանուին գիտութեան, գեղարուեստներու, դպրութեանց եւ ընկերային գիտութեանց բոլոր ճիւղերը՝ հաճելի, դիւրատար եւ հասկնալի մեթոտով մը։

Մեր այսօրուան հանրային դաստիարակութեան պահանջներուն մէջ կենսական տեղ մը կը գրաւէ նաեւ չըսենք Ժողովրական Համալսարանը, այլ գոնէ աւելի համեստ բացատրութեամբ՝ Ժողովրական Հանրալսարանը։ Կը գանգատինք որ Օսմանեան պետութեան մէջ ապրող ժողովուրդները տգէտ են, նախապաշարուած, չունին քաղաքական հասունութիւն, չունին ազատութեան խորին ու հիմնաւոր հասկացողութիւն։

Կը գանգատինք որ մտաւորական մակարդակի անհաւասարութիւնը առաջ բերած է հասարակական ձգտումներուն եւ հակումի անհաւասարութիւն, ինչ որ իր կարգին ծնունդ տուած է ազգային ու ցեղային անհասկացողութեանց, հակամարտութեան ու քինախնդրութեանց, ալեկոծելով պետական կեանքն ու կասեցնելով երկրին յառաջխաղացութեան ընթացքը։

Գանգատները ճշմարիտ են։ Բայց ունայն եւ անգործնական գանգատները չեն որ կարող պիտի ըլլան իրականութիւնը յեղաշրջելու։ Պէտք են միջոցներ, պէտք են ազդակներ՝ ժողովրդային լուսաւորութեան համար։

Ահա այդ ազդակներէն մէկը Ժողովրական Հանրալսարանը, որուն իրագործմանը համար ոչ այնքան նիւթական դժուարութիւններ կան, որքան բարի կամեցողութիւն եւ նախաձեռնութեան անրաժեշտութիւն։

Բաւական է որ Հայ, Թուրք եւ Յոյն գիտակից մտաւորականութենէն քանի մը աչքէ ինկած ուժեր իրարու քով գան, ծրագրի մը շուրջ համախմբուին եւ գործնական տրամադրութիւններ ի յայտ բերեն. այն ատեն Պոլսոյ մէջ դժուար պիտի չըլլայ գտնել յարմարագոյն շէնք մը՝ որ թեթեւ նախապատրաստութեամբ մը ծառայելու վիճակին մէջ կ՚ըլլայ ժողովրդային դասախօսութեանց իբրեւ բեմ։

Երեք ազգութեանց պատկանող բազմաթիւ բժիշկներուն, իրաւաբաններուն, ուսուցիչներուն ու գրագէտներուն մէջէն ոչ մէկ կասկած որ պիտի գտնուին ոէկէ աւելի բարեացակամ ու բարեյօժար բժիշկներ, իրաւաբաններ, ուսուցիչներ եւ գրագէտներ՝ քանի մը շաբաթը անգամ մը՝ Կիրակի օրը՝ դասախօսութիւն մը կարդալու ժամ մը, ժամ ու կէս՝ ունկնդիր հասարակութեան։ Ասիկա մեծ աշխատանք եւ չափազանց զոհողութիւն մը չպիտի պահանջէ իրենցմէ, մինչդեռ այս ուղղութեամբ հաղորդուած պիտի ըլլայ հանրային զարգացման՝ ուժեղ եւ բուռն մղում մը։

Փորձը ցոյց տուաւ թէ հասարակութիւնը՝ Հայ, Թուրք թէ Յոյն՝ որքա՜ն ծարաւի է գիտակցութեան, ո՛րքան պահանջ կը զգայ լսելու, հասկնալու եւ սովրելու։ Քաղաքական կուսակցութեանց կողմէ սկսուած հանրային դաստիարակութեան այս շարժումը՝ պէտք է այժմ վերածել սիսդէմի, առանձին ծրագրի մը համաձայն, եւ տալ անոր մնայուն հաստատութեան մը կերպարանքը։

Կ՚իմանանք թէ արդէն ոմանց մէջ այս միտքը բաւական հասունցած եւ բաղձանյ քայ շուտով գործի անցնելու։ Կը մնայ որ նոյն միտքը դառնայ նաեւ սեփականութեան գիտակից լայն խաւերուն եւս եւ այսպէս առնէ ստիպողական պահանջի մը հանգամանքը։ Հասարակութիւն մը որ դէպի կատարեալ եւ իրական ազատութիւնը կը դիտէ, պէտք է շարժման մէջ դնէ իր բոլոր ուժերը. ոչինչ աւելի պատրալից՝ քան ամէն բարեփոխութեան, ամէն բարեշրջութիւն՝ կառավարական տնօրինութենէն սպասել, ոչինչ աւելի վշտագին միամտութիւն՝ քան յոյս կապել վերին խաւերու առաքինութեան եւ ղեկավարող մարմիններու ամենակարողութեանը հետ։

Կառավարութիւնը՝ ոյժ մըն է միայն, ոչ աւելի, ոչ պակաս, մինչդեռ հասարակութիւնը իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ եւ աւելի կենսունակ ուժեր՝ որոնք եթէ արտայայտուին՝ կը լրացնեն նոյնինքն կառավարական ուժը, որ ինք իր գլխուն ձգուած՝ ո՛չ միայն չի կրնար նպաստել ժողովուրդին ընդհանուր երջանկութեանը, այլ եւ շատ անգամ կը դառնայ վտանգաւոր անոր շահերուն։

Ժողովրդական բոլոր այլազան ազդակները պէտք է ժամ առաջ իրականութեան մէջ գործել սկսին եւ վերածնութեան ներզօր շրջանի մը անցնին Օսմանցի ժողովուրդները՝ իրջենց խորհրդարանին, մամուլին, գրականութեան, վարժարաններուն, ընթերցատուններուն եւ Ժողովրական հանրալսարաններուն նորագոյն թռիչքովը, ներդաշնակ գործակցութեամբը եւ ընդհանուր ու միակ նպատակակէտի մը, կատարեալ ազատութեան բուռն ձգտումովը։

«Ժամանակ», 1908, 2—15 Դեկտեմբեր, թիւ 42