ԼԱՀԷՅԻ
Ա.
ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ
Հայկական
գաղութներու
ակնկալութիւնները.
–
Դիմումներ
Վեհաժողովին.
—
Մինաս
Չերազ
պատուիրակ.
–
Նախկին
Պատրիարք
Օրմանեանի
հեռագիրը
Վեհաժողովին.
–
Ընդհանուր
զայրոյթ.
–
Պատասխանատուները
որո՞նք
են։
Ուղիղ
տասը
տարի
առաջ,
այս
օրերուն
էր
որ
Եւրոպական
մամուլը,
դիւանագիտութիւնը
եւ
հանրային
կարծիքը
սաստիկ
հետաքրքրութեամբ
լարուած
էին
դէպի
Լահէյ,
ուր
պիտի
գումարուէր
Խաղաղութեան
առաջին
վեհաժողովը։
Ռուսիոյ
ճակատագիրը
վարող
ընչաքաղց
եւ
արկածախնդիրը
մեծ—դուքսերն
ու
պետական
վարիչները՝
Չինական
ու
Քորէական
աշխարհակալութեան
երազովը
գինով,
ուզած
էին
յանուն
խաղաղութեան
եւ
մարդասիրական
կեղծ
գաղափարներու՝
տիեզերական
խաբէբայութեան
մը
խաղը
խաղալ
եւ
այսպէս
Եւրոպայի
կողմէն
ապահովելէ
ետք
իրենց
ռազմական
թիկունքը,
աներկիւղ
անձնատուր
ըլլալ
ծայրագոյն
Արեւելքի
իրենց
հեռաւոր
ծրագիրներուն։
1899
Մայիսին
պիտի
գումարուէր
վեհաժողովը։
Իւրաքանչիւր
պետութիւն
եւ
իւրաքանչիւր
ժողովուրդ
նոյնպէս
իր
առանձին
հաշիւները,
իր
առանձին
հայեացքները
եւ
իր
հետամտութիւններն
ունէր,
որոնցմէ
թելադրուած՝
կը
պատրաստուէր
մասնակցութիւն
ունենալ
այդ
խորհրդաւոր
Ժողովին,
անունով
խաղաղասիրական,
բայց
էութեամբն
ախտաւոր,
ինչպէս
………………բանեցին
յաջորդական
երեւոյթներն
ու
դէպքերը։
Ոգեւորութիւնը
մեծ
էր
մանաւանդ
Պուլկարիոյ,
Եգիպտոսի
ու
Ամերիկայի
Հայկական
գաղութներուն
մէջ,
որովհետեւ
Պերլինէն
ետք
առաջին
վերաժողովն
էր
որ
կը
գումարուէր
այն
պահուն
մանաւանդ
երբ
Հայ
ժողովուրդի
տանջանքը
կը
հասնէր
իր
ծայրագոյն
յուսահատութեան։
Մահուան
հալածանքէն
փախած
եւ
Կովկաս
ապաստանող
40,
000
Հայ
գաղթականներու
թշուառ
բանակ
մը
դրուած
էր
երկու
սուրի
մէջ։
Ռուս
կառավարութիւնը՝
իր
խազախներ
մտրակին
առջեւ
խառնուած
այդ
մարդկային
անտէր,
անտիրական
ու
անօթի
բազմութիւնը
կը
քշէր
դէպ
ի
սահմանագլուխ,
դէպ
ի
դժոխք.
իսկ
Եըլտըղեան
սանդարամէտները՝
ուժգին
կը
գոցէին
այդ
դժոխքի
դռներն
անգամ
անոնց
առջեւ,
որ
հայրենիք
չունէին,
որ
օրէնքի
ամէն
պաշտպանութենէ
դուրս
կը
մնային՝
իբրեւ
բարիաներ,
իբրեւ
աշխարհքէն
լքուած
անիծապար
բորոտներ։
Ու
40,
000
հոգինոց
Հայ
հալածականներու
բանակը
կը
թափառէր
սահմանագլուխին
երկայնութեամբ՝
յուսահատ,
վշտահար
ու
խաղալիկ
երկու
բռնակալութիւններու
անգութ
քմահաճոյքին։
Նոյնքան
սեւ
ու
դժնդակ
էր
երկրի
կացութիւնը։
Սանձարձակ
բռնութիւնները
հասած
էին
անպատկառ
յանդգնութեան
եւ
սովը՝
Հայաստանի
արեւելեան
գաւառներու
մէջ,
ինչպէս
այսօր,
կը
լրացնէր
կառավարութեան,
քուրդ
պէկերուն
եւ
Թուրք
աղաներուն
պակաս
թողուցած
արհաւիրքը։
Փետրուար
քսան
թուականով
Վանէն
գրուած
«Դրօշակ»ի
թղթակցութիւն
մը
կուտար
հետեւեալ
մանրամասնութիւնները։
«Լուրջ
քննութիւն
մը
հաստատեց
գիւղերուն
մէջ
ահռելի
թշուառութեան
մը
գոյութիւնը,
12,
000
հոգի
սնունդէ
զուրկ
են
եւ
անոնց
թիւը
պիտի
աւելնայ
դեռ
երեք
ամսուան
մէջ…։
Մեր
քննիչները
վերադարձան
Թիմարէն
եւ
կը
հաղորդեն
թէ
բազմաթիւ
տուներու
մէջ
կտոր
մը
պաշար
չէ
մնացեր,
մարդիկ
կը
կերակրուէին
մեծ
թեփով,
կտաւատով.
շատերը
մեռած
են
սովէն
եւ
ծիւրումէն։
Հայոց
յանձնաժողովը
հեռագրեց
Պատրիարքին,
անգլիականհիւպատոսն
ալ
դեսպանատան՝
դրամ
ստանալու
համար»։
Կացութիւնը
դարձած
էր
այնքան
տագնապալի
եւ
Հայ
ժողովմորդին
բնաջնջումը
այնքան
վերահաս,
որ
նոյն
միջոցներուն
անգլիական
թերթերէն
ոմանք
նոյնիսկ
աւելի
լաւ
կը
սեպէին
տեղի
տալ
ռուսական
գրաւման
մը
եւ
այսպէսով
գոնէ
մահուան
դուռն
հասած
ժողովուրդի
մը
գոյութիւնն
ապահովել։
Անգլիական
Staandard
թերթին
Պոլսոյ
թղթակիցը
նկարագրելով
Հայ
ժողովուրդին
ահռելի
թշուառութիւնը,
իբրեւ
արդիւնք
ջարդերու,
սիսդէմաթիք
կողոպտումներու,
խմբովին
տարագրումի
եւ
պաշարման
դրութեան,
«անկայուն»
եւ
«յարաբերական»
կը
գտնէր
Եւրոպայէն
խրկուած
դրամական
նպաստները՝
որոնց
հարիւրին
ութսունը,
կ՚ըսէր,
սահմանուած
են
մտնելու
քուրդին
գրպանը.
եւ
կաւելցնէր.
«Իրապէս
հարկաւոր
եղած
հանրային
ապահովութիւնն
է
–
որպէսզի
այդ
դժբաղդները
կարենան
իրանց
սովորական
գործերով
զբաղելու
–
եւ
գիւղէ
գիւղ
հաղորդակցելու
ազատութիւնն
է։
Օտար
պետութեան
մը
հովանիէն
դուրս
տարակուսելի
է
այդպիսի
արդիւնք
մը
ձեռք
….
…
ւական
հովանաւորութիւնն
բաւէր.
բայց
այդ
ուղղութեամբ
բան
մը
ընել
պէտք
է,
եթե
կ՚ուզուի
Հայերը
փրկել
կատարեալ
ջնջումէ
մը
»։
Ֆրանսական
Temps
թերթը,
իր
մարտ
19ի
խմբագրականով
պարզելէ
ետք
Հայ
ժողովուրդի
ահաւոր
վիճակը,
կը
խարազանէր
ուժգնօրէ
«Եւրոպական
համերգին
սնանկացած
քաղաքականութիւնը»
եւ
կը
գրէր
հետեւեալ
տողերը.
«Եւրոպական
ողորմասիրութիւնը
զբաղած
էր
դարմանել
այն
վէրքերը,
որոնց
առաջքը
քաղաքականութիւնը
չէ՛ր
կրցած
կամ
չէ՛ր
ուզած
առնել։
Որբանոցներ
հիւրընկալած
էին
Հայաստանի
որբերը։
Դեռ
նոր
գոցեցին
ամէնքն
ալ
Սուլթանին
հրամանով։
Ճամբաները
լեցուած
են
մանուկներով,
որոնք
ո՛չ
հաց
ունին,
ո՛չ
տուն
տեղ
ո՛չ
պաշտպան
մը։
Եւ
աս
այն
պահուն
երբ
սով
մը
կը
պատրաստուի
պսակելու
քուրդերուն
ըրածը
եւ
երբ
Ռուսիան
անխորհուրդ
կերպով
ետ՝
Թուրքիա
կը
ճամբէ
հազարաւոր
փախստականներ
անողոք
մահուան
մը
դատապարտուած։
Վէսթմինիսդրի
դուքսը
Եւրոպային
կոչ
կ՚ընէ։
Պէտք
է
յուսալ
թէ
ժողովուրդներու
խիղճը
պիտի
արթննայ
եւ
թոյլ
չպիտի
հայ
կառավարութիւններուն՝
որ
թողուն
նոր
ոճրափորձեր
կատարել
մարդկայնութեան
դէմ,
ինչ
որ
միանգամայն
խենդութիւն
մը
պիտի
ըլլայ
եւ
ուղղակի
սխալ
մը՛
քաղաքական
տեսակետով»։
Հայր
Ֆէլիքս
Շարմըթան
ընդարձակ
տեղեկագիր
մը
հրատարակութեան
կը
յանձնէր
հայկական
գաւառներու
վիճակին
վրայ.
անոր
պատճէնները
խրկելով
Պերլինի
դաշնագիրն
ստորագրող
պետութիւններուն
եւ
սրտաճմլիկ
կոչ—յառաջաբանով
մը
կը
հրաւիրէր
զանոնք
«բան
մը
ընել,
ազդու
որոշումներ
ձեռք
առնել
կարճ
միջոցի
մը
մէջ,
ազատելու
համար
հայութիւնը
այն
ահռելի
կործանումէն՝
որուն
անդուլ
կ՚աշխատէին
իր
հարստահարիչները»։
Ահա
այս
ճգնաժամային
րոպէներուն
էր
որ
կը
գումարուէր
Լահէյի
առաջին
վեհաժողովը.
հետեւաբար
շատ
բնական
էր
որ
հայութեան
գոնէ
կենդանի
մասը,
գոնէ
ազատ
խօսքի
եւ
ազատ
բողոքի
տէր
գաղութները
փորձէին
ամէն
կարելի
հնարաւորութիւն՝
օգտուելու
առիթէն
եւ
բնաջնջման
աղաղակը
բարձրացնէին
թէ՛
քաղաքական
եւ
թէ
քաղաքակիրթ
աշխարհին
առջեւ։
Նոյն
ուղղութեան
հետեւեցին
եւ
մակեդոնական
դատին
պաշտպանները,
գումարելով
համաժողովներ
եւ
նշանակելով
յատուկ
պատուիրակ,
երթալու
Լահէյ
եւ
արտայայտելու
մակեդոն
ժողովուրդին
հարստահարութիւններն
ու
տառապանքը։
Հետեւաբար,
Ամերիկայի,
Եգիպտոսի
ու
Պուլկարիոյ
բազմաթիւ
հայ
գաղութները՝
Նիւեօրք,
Ֆրէզնօ,
Պրօվիտէնս
եւ
Պոսդոն,
Գահիրէ
ու
Աղեքսանդրիա,
Վառնա,
Ռուսճուգ
Սլիվէն,
Թաթար—Պազարճըգ
ու
Գարասուբունար
կազմեցին
մեծ
միթինկներ
կոչում
ընելով
եւրոպական
պետութեան
վերջ
մը
դնելու
հայ
ժողովուրդի
անելանելի
եւ
յուսահատական
կացութեան,
կոչում
ընելով
իրենց
պարտաւորութեանց
եւ
հանդիսաւոր
խոստումներուն։
Պուլկարիոյ
հայութիւնը
իր
կողմէն
նշանակեց
յատուկ
պատուիրակ
Մինաս
Չերազը,
որպէս
զի
անձամբ
ներկայանայ
վեհաժողովին
եւ
միջոցներ
խնդրէ
հայ
ժողովուրդին
կեանքի,
գոյքի
եւ
պատուի
ապահովութեան
համար։
Յաջորդ
յօդուածով
կը
անդրանդառնանք
այս
ցաւագին
պատմութեան
աւելի
քան
ցաւագին՝
ամօթալի
վերջին
իրադարձութիւններուն։
«Ժամանակ»,
1909,
թիւ
126,
Շաբաթ,
14
Մարտ