ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ
ԿԵԱՆՔԸ
ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒՆ
ՄԷՋ
Մասնաւոր
ուրախութիւն
մը
պատճառեց
ինծի
Ժամանակի
100րդ
թիւին
մէջ
այն
լուրը՝
որ
կը
հաստատէր
թէ
Խարբերդի
մէջ
վերակազմուած
է
«Սմբատեան»
ընկերութիւնը՝
եւ
իր
կանոնագիրը
խրկած
է
Պատրիարքարան՝
վաւերացուելու
համար։
Սմբատեան
ընկերութիւնը
40—50
տարուան
պատմութիւն
մը
ունի։
Այդ
ընկերութիւնը
դեռ
70—80ական
թուականներուն
հիմնուած
է
Խարբերդի
մէջ
ճիշդ
այն
կրթական—կուլտուրական
նպատակներով,
որոնցմով
այս
պահուս
կը
ստեղծուին
հոս՝
Պոլսոյ
մէջ
կամ
այլ
եւ
այլ
վայրեր
բազմաթիւ
ըկերութիւններ։
Սմբատեան
ընկերութիւնը
իր
ատենին
հիմնած
է
Ճեմարան
անունով
վարժարան
մը,
որ
եղած
է
ժամանակին
ազգային
միջնակարգ
վարժարանը,
անշուշտ
իր
ատենուան
պայմաններով
ու
ծրագրով.
հաստատած
է
ժողովրդական
մատենադարան՝
որուն
գրքերը
տակաւին
իմ
մանկութեանս
ժամանակ
կը
տեսնէի
հոս
հոն,
այս
կամ
այն
տանը
մէջ՝
ցրուած,
ցրցքնուած
ու
ապա
բոլորովին
կորսուած
անհետացած։
Դարձեալ
այդ
ընկերութեան
շէնքին՝
Ճեմարանին
մէջ
տրուած
են
այն
հին
թուականներուն՝
թատերական
ներկայացումներ,
տեղական
ուսուցիչներու
եւ
սիրող
խումբերու
կողմէ։
Ընկերութիւնը
նոյնիսկ
ունեցած
է
իր
սպասողական
խանութը,
ի
նպաստ
Սմբատեանի։
Եւ
այս
բոլոր
գեղեցիկ
նախափորձերն
ու
նախաձեռնութիւնները՝
այն
թւականներուն,
երբ
դեռ
մանուկ
էինք
մենք
եւ
թերեւս
այսօրուան
սերունդին
մեծագոյն
մասը
դեռ
աչքն
արեւուն
լոյսին
չէր
բացած։
Սմբատեանի
հոգեվարքին
հասանք
մենք,
երբ
ամէն
ինչ՝
Ընկերութեան
բարոյական
կազմն
ու
Ճեմարանին
նիւթական
շէնքը,
տեսած
կորսնցուցած
մեծատան
մը
աւերակութիւնը
կը
ներկայացնէին։
Արդիւնաւոր
հարստութենէ
մը
կը
մնային
միայն
յետամնաց
խլեակներ,
խեշերանքը՝
անցեալին,
որ
հետզհետէ
կը
մոռացուէր,
ուշադրութենէ
ու
հրապոյրէ
կ՚իյնար,
դէպի
պառաւութեան,
դէպի
զառամութեան
դիմող
պատմական
կիներու
գեղեցկութեան
պէս։
Ընկերութեան
նախկին
գործօն
անդամները
կը
խօսէին
տակաւին
անցեալին
վրայ,
կը
մատնանշուէին
տակաւին
իրենց
արդիւնաւոր
հին
գործունէութեամբը,
բայց
ամէնքն
ալ
բան
մը
չունէին
որ
ներկային
համար
շահագրգռութիւն
բերէր։
Մատենադարանը
կը
մնար
իր
դարակներով
թափուր,
հատակոտոր
գիրքերը
հետզհետէ
կ՚անհետանային
իրեն
տեղերէն,
ապակեփեղկերը՝
փոշիին
տակ
կուտային
անհոգատարութիւն
ու
լքում։
Ճեմարանը
կը
խարխլէր,
կը
հիննար,
կը
քայքայուէր,
տարուէ
տարի
աւելի
մօտենալով
վերջնական
չքաւորութեան
մը։
Կը
մնար
միայն
իր
պողպատէ
եռանկիւնաձեւ
հին
զանգակը՝
զիլ
ու
թռթռացող
ձայնովը,
որ
երկա՜ր
ատեններ
կը
յամառէր
մտաւորական
զարթնումը
եւե
կեանքի
հրաւէրը
հնչեցնել
դէպի
Ս.
Կարապետի
թաղը։
Եղաւ
ատեն
մը
որ
այդ
հնօրեայ
մետաղն
ու
իր
մետաղական
գոչը
թուեցան
ժամանակազանցութեան,
թուեցան
դառն
հեգնութեան,
նորանոր
ցաւերու,
նորանոր
յոյսերու
եւ
պատրանքներու
մէջէն
արձագանգող։
Եւ
այժմ,
սակայն,
երբ
կը
տեղեկանամ
Սմբատեանի
վերանորոգութեան
եւ
վերծանութեան
միանգամայն,
կարծես
հեռաւորութիւններու
ալիքները
ականջիս
կը
բերեն
աղօտ
թրթռումը
այն
վաղնջական
զանգակին
խօսուն
յամառութեանը
եւ
հիացումով
յարգանք
կը
զգամ
դէպի
մետաղին
ստոյիկեան
փիլիսոփայութիւնը։
Սերունդները
կ՚անցնին,
կեանքը
իր
ծփանքներուն
ուղղութիւնը
կը
փոխէ
եւ
անցեալին
խորը
քնացած
բեղմնաւորութիւնը
կ՚արթննայ
եւ
կը
շարունակէ
վերծանութեան
գործը
ու
կը
ծաղկի։
Ինծի
համար
անծանօթ
են
նոր
Սմբատեանի
կանոնագրին
էական
գծերը,
բայց
հաւատացած
եմ
թէ
իրենց
յատկանշովը
հիմնական
տարբերութիւն
պիտի
չի
կրեն
անցեալի
գործունէութեան
ոգիէն,
որովհետեւ,
ինչպէս
դիտել
տուի,
այդ
անցեալը
իր
մէջ
կը
պարունակէր
արդէն
ներկայ
պահանջներու
բոլոր
սաղմերը,
բոլոր
կենսական
ձգտումները։
Կը
յուսամ
թէ
վերանորոգուած
Սմբատեանի
գլխաւոր
ձգտումը
պիտի
ըլլայ՝
երիտասարդութիւնը
համախմբել
գաղափարական
գործունէութեան
մը
շուրջ,
որպէս
զի
նոյ
երիտասարդութեան
միջոցով
կարելի
ըլլայ
ազդել
հասարակութեան
վրայ
եւ
աշխատիլ
անոր
մտաւորական,
բարոյական
ու
քաղաքական
բարձրացումը։
Անտարակոյս
իր
մտահոգութիւներէն
առաջինը
պիտի
ըլլայ
հիմը
դնել
ժողովրդական
մատենադարանի
մը,
ուր
տակաւ
կարելի
ըլլայ
ամփոփել,
նախ
աժանագիններէն
սկսելով,
բոլոր
կարեւոր
գրքոյկներն
ու
հրատարակութիւնները։
Եւ
որպէս
զի
գրադարանը
չի
մնայ
անհրապոյր
եւ
անհետաքրքիր՝
ժողովրդական
խաւերուն,
նոյն
հաստատութեան
մէջ
եւ
յատուկ
այդ
նպատակով
սարքել
թատերական
ներկայացումներ,
վիճաբանական
ժողովներ,
ժողովրդական
լսարաններ
ու
բանախօսութիւններ,
ստեղծելով
կենդանի
ոգեւորութիւն
եւ
ուշադրութիւն
հասարակութեան
մէջ։
Գիտեմ
թէ
տարիներով
անշարժութեան
եւ
գորշ
անտարբերութեան
վարժուած
ժողովուրդի
մը
մէջ
դժուար
է
շարժում,
ոգեւորութիւն
եւ
կենդանութիւն
արծարծել,
գիտեմ
այն
անշէջ
ու
յուսահատական
վայրկեանները՝
որոնք
կը
սպասեն
նման
գործունէութեան
կոչուած
ղեկավարներուն,
երբ
պարտաւորուած
պիտի
ըլլան
յաճախ
դատարկ
տեսնելու
ընթերցատունը
եւ
լսարանական
սրահը,
երբ
ժողովրդական
հեղգ
անհետաքրքրութիւնը
պիտի
փորձէ
ատեն
ատեն
նոյնիսկ
ամէնէն
աւելի
հզօր
լաւատեսութիւններն
ու
ամուր
կամքերը։
Այս
բոլորը
նախատեսուած
եւ
անխուսափելի
պատահականութիւններ
են,
որոնցմէ
պիտի
վհատին
առաջնորդող
անձնաւորութիւնները,
համոզուած
թէ
իրենց
նպատակին
յաջողութիւնը
պայմանաւորուած
է
միայն
նոյն
դժուարութեանց
յաղթանհարման
հետ։
Քաղաքականապէս
անբանացած
եւ
վատասերած,
մտաւորապէս
կաշկանդուած
եւ
անսնունդ
թողուած
հասարակութիւն
մը,
ինչպէս
մերինն
է,
բնականաբար
իր
հոգեբանութեամբ
պիտի
դառնար
եսական,
զո՜ւրկ
թռիչքէ
եւ
բնազդամոլ.
հեշտ
գործ
չէ
ուրեմն
անկէ
սպասել
հակառակ
ուղղութեամբ
արդիւնք
եւ
տրամադրութիւն։
Գիտակցական
պայքարը
եւ
այդ
պայքարին
հաւատքը
միայն
կարող
է
ճամբայ
հարթել
անոնց
համար,
որ
բարեշրջական
գործին
գլուխը
կ՚անցնին։
Առանց
այդ
պայքարը
աչք
առնելու,
առանց
այդ
նոյն
պայքարին
վերջնական
յաղթանակին
խոր
համոզումն
ունենալու՝
չարժեր
գործի
սկսիլ,
որովհետեւ
աշխատութիւնն
իր
գոյութեան
ուժը
չպիտի
պարունակէ
իր
մէջ։
Եթէ
«Սմբատեան»ի
համար
ծանրացանք
այսքան
եւ
տեղ
տուինք
այս
խորհրդածութեանց,
պատճառն
այն
է
որ
այս
պահուս
համանման
«Սմբատեաններ»
կազմուած
են
կամ
կազմուելու
վրայ
են
հայկական
բոլոր
գաւառներուն
մէջ,
նոյն
ձգտումներով,
նոյն
ծրագրով,
նոյն
ոգեւորութեամբ։
Պայմանները
գրեթէ
ընդհանուր
են
ամէն
տեղ
եւ
հոգեբանութիւնը՝
իր
էական
դրոշմով՝
նոյն
է
Հայ
ժողովուրդին
համար
ամէն
գաւառի
մէջ։
Երէկի
երիտասարդութիւնը
եւ
հասնող
սերունդը՝
որ
կամաց
կամաց
կանգնած
էր
ծանր
զոհաբերութեան
առջեւ,
հարկադրուած
ճակատագրական
կռիւ
մղելու
իր
ցեղին
գոյութեան
իրաւունքին
համար,
այս
պահուս
պարտաւորուած
է
քաղաքակրթութեան
ու
խաղաղ
զարգացման
ճամբայ
բանալու
նոյն
ցաղին
առջեւ՝
իբրեւ
ռահահորդ
ու
ռահվիրայ։
Ասիկա
իր
պարտականութիւնն
է։
Ոչինչ
կայ
աւելի
մեծ
ու
աւելի
տեւական՝
քան
աշխատաւոր
ժողովուրդին
ուժը
եւ
այդ
ուժին
գիտակից
գործածութիւնը։
Եւ
ինչ
որ
կրնար
նպաստել
այդ
ուժին
ու
այդ
գիտակցութան
ինչ
միջոց
որ
կրնայ
զայն
բեղմնաւորել
եւ
առաջ
մղել՝
երբեք
արհամարհելի
ու
անգուտ
չէ։
Վաղը
թերեւս
հարկադրուած
պիտի
ըլլանք
տակաւին
պատմական
աւելի
դժուար
ու
աւելի
բազմաճակատ
այքարը
մղելու
նոյն
ժողովուրդին
մէկէ
աւելի
ծանրակշիռ
իրաւունքներուն,
ընդհանուր
ճակատագրին
ազատագրմանն
համար
եւ
միակ
զէնքը՝
որ
պիտի
երաշխաւորէ
իր
յաղթութիւնն
ու
յաղթանակը,
պիտի
ըլլայ
իր
գիտակցութիւնը։
Ահա
ինչո՛ւ
համար
ամէնէն
թանկագինը՝
այդ
գիտակցութեան
մշակութիւնն
է։
«Ժամանակ»,
1909,
թիւ
69,
Երկուշաբթի,
Փետրուար
23—8
Մարտ