ՆՈՐ
ՇՐՋԱՆԷՆ
ԱՌԱՋ
Դպրոցական
աշխատութիւնները
տակաւ
դադար
կ՚առնեն
եւ
կը
սկսին
արձակուրդի
օրերը:
Բոլոր
անոնք՝
որ
աւելի
կամ
պակաս
չափով
մասնակցութեան
բաժին
մը
ունին
կրթական
գործին
մէջ,
անհատ
թէ
հաւաքական
մարմին,
պարտաւոր
են
նոր
շրջանի
համար
խորհիլ
բարեփոխութեանց
վրայ:
Այդ
բարեփոխութեանց
հաշւոյն
կ՚ուզէինք
մեր
կողմէ
այս
անգամ
ներկայացնել
մէկ
երկու
առաջարկ:
Առաջին
բանը
որ
կը
բաղձայինք
իրականացած
տեսնել՝
դպրոցական
յառաջիկայ
տարեշրջանէն
իսկ
սկսեալ,
մարմնամարզի
պարտաւորիչ
աւանդումն
էր՝
ազգային
վարժարաններու
մէջ:
Ճիշտ
է
որ
մանրամարզը
գոյութիւն
ունի
մեր
կրթական
Յայտագիրներուն
մէջ,
բայց
գոյութիւն
ունի
միայն
անուանապէս,
առանց
գործադրութելու
ճշմարտապէս
եւ
տալու
իրմէ
սպասուած
արդիւնքը:
Ոչ
միայն
Հոգաբարձութիւններ
կամ
Թաղականութիւններ
են
որ
մարմնամարզին
վրայ
նային
որպէս
զարդի,
պերճանքի
դասւ
մը,
—
այլ
մինչեւ
անգամ
—
եւ
հո՛ս
է
ցաւին
մեծը
—
ուսուցչներն
ալ:
Եւ
ա՛ս
է
պատճառը
որ
մարմնամարզին
անունը
կայ,
բայց
ինք
չի
կայ
մեր
դպրոցներուն
մէջ:
Կրթական
նախարարութիւնը
այս
տարի
ամենախիստ
հրահանգներով
պարտաւորիչ
հռչակեց
նոյն
դասը
պետական
բոլոր
վարժարաններուն
մէջ,
եւ
իր
պատիւ
թուրք
ուսուցիչներու
պէտք
է
աւելցնել
որ՝
չափազանց
գովելի
եռանդով
մը
անոնք
մեծ
ուշադրութիւն
եւ
մեծ
զարկ
կուտան
թուրք
մանուկներու
մարմնակրթանքին:
Ինչո՞ւ
պէտք
չէ
նոյն
պարտաւորիչ
հանգամանքը
դրուէր
նաեւ
մեր
կողմէն՝
հայ
վարժարաններուն
համար.
եւ
ինչո՞ւ
մանաւանդ
հայ
ուսուցիչները
պէտք
է
ետ
մնային
իրենց
թուրք
պաշտօնակիցներէն՝
մանկավարժական
նպատակի
մը
հետապնդման
մէջ:
Ուսուցի՛չները,
ըսինք,
որովհետեւ
վերջապէս
հարկ
է
համոզուիլ
որ՝
եթէ
երբեք
մեր
դպրոցական
գործին
մէջ
բարեփոխութիւն
մը
պիտի
ներմուծուի,
անիկա
պիտի
ըլլայ
միմիայն
ուսուցիչներուն
միջոցով
եւ
ոչ
թէ
այս
կամ
այն
«պաշտօնական»
տիտղոսը
կրող
մարմնին:
Հայ
ուսուցիչները
իրե՛նք
են
որ
պիտի
իրագործեն
գիտութեան
պատուէրները,
իրե՛նք
են
որ
առաջընթա
պիտի
ըլլան՝
դիմաւորելով
ամէն
ահրաժեշտութիւն
դաստիարակութեան
աշխատանքին
մէջ:
Այդ
անհրաժեշտութիւններէն
մէկն
է
նաեւ
գիւղական
վարժարաններու
ուսման
վերաքննութիւնը,
—
ինչ
որ
ուրիշ
երկիրներու,
մասնաւորապէս
Ռուսաստանի
մէջ
այս
պահուս
բացառիկ
ուշադրութեան
առարկայ
դարձած
է:
Ի՞նչ
ուղղութեամբ,
ի՞նչ
մեթոտով
եւ
ի՞նչ
գլխաւոր
առարկաներու
հոգատարութեամբն
է
որ,
գիւղական
վարժարաններու
մէջ՝
սկսեալ
նախակրթարաններէն,
կարելի
պիտի
ըլլայ
գեղացի
տղան՝
գեղին
համար
նախապատրաստել:
Ի՞նչ
ուսում
պէտք
է
տալ՝
որ
գեղացի
մանուկը
դառնայ
լուսաւոր
գեղացի:
Էական,
մեծապէս
կենսական
հարց՝
որով
պէտք
է
շահագրգռուինք
մենք
եւս:
Պէտք
է
շահագրգռուին
մանաւանդ
հայ
ուսուղիչները,
եւ
հայ
ուսուցիչներուն
մէջէն
գլխաւորաբար
անոնց,
որ
կը
գործեն
գաւառներուն
մէջ:
Տարակոյս
չկայ
որ
մեր
այժմեան
գործադրած
կրթական
ծրագիրը
ոչինչ
ունի
իր
մէջ
գիտակցական,
ոչինչ՝
որ
յարմարցուած
ըլլայ
գիւղացի
սերունդին
պահանջներուն
եւ
պատրաստէ
զայն,
առողջ
կերպով,
իր
հողին
ու
ջուրին,
իր
դաշտին
ու
իր
դաշտային
կեանքին:
Այնպէս
որ՝
իրօք
հարց
կը
ծագի.
—
արդեօք
մեր
այսօրուան
մատակարարած
կրթութիւնը
օգտակա՞ր
թէ
վնասակար
է
գիւղական
սերունդին:
Խնդիրներ
են
ասոնք,
որ
ժամանակ
է,
կը
կարծենք,
քննելո
արժանաւորապէս
եւ
տանելու
իրենց
լուծման:
Եւ
ասիկա
պիտի
ընեն
ուսուցիչները՝
կազմելով
շրջանային
ժողովներ,
ուր
առիթ
ունենան
լսելու
մէկզմէկ,
կատարելու
կարծիքի
փոխանակութիւններ,
հաղորդելու
տեղի
ունեցած
ուսումնասիրութեանց
արդիւնքը,
եւլն.
եւլն.:
Շրջանային
Ժողովները
կրնան
հետզհետէ
ընդլայնուիլ
եւ
հասնիլ
Համաժողովներուն,
որոնց
միջոցով
հայ
ուսուցչութիւնը
առիթ
պիտի
ունենայ
իր
ձայնը
լսելի
ընել
տալ՝
հեղինակութեամբ
եւ
ազդուապէս:
Երթանք
այդ
ուղղութեամբ:
«Ազատամարտ»,
1914,
28
Մայիս
-
10
Յունիս,
թիւ
1523,
էջ
2