Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓԱՍՏԻ ՊԷՏՔ ՉԻ ԿԱՅ


Չի կայ անկախ ազգ մը, պետութիւն մը, երկիր մը՝ որ բանակ մը չի պահէ։

Բանակը, այսինքն ազգային բիրտ ուժը՝տակաւին երկար ժամանակներ ազգերու ապահովութեան, անոնց հանրային շահերուն խարիսխը, հիմը պիտի կազմէ։ Ջնջեցէք անգլիական մարտանաւերը աշխարհի բոլոր ցամաքները թռչող ծովերուն ու ովկիանոսներուն վրայէն, ցրուեցէք ֆրանսական, գերմանական, իտալական ու ճաբոնական զօրանոցները, հզօր ճանչցուած տէրութեան մը զինարանները եւ հրդեհեցէք անոր ռազմական բոլոր մթերանոցները, ու դուք կը տեսնէք որ այդ տիրապետող, հուժկու եւ ահաւոր Ազգը կը դառնայ իր դրացի երկիրներուն եւ աշխարհի աչքին առջեւ անվնաս ու արգահատելի ոչխարներու նախիր մը։ Մարդկայնական, բարձր իտէալներու տեսակէտով ո՜րքան ալ ցաւալի, ո՜րքան ալ դատապարտելի ըլլայ պողպատի, վառօդի ու արիւնի այս օրէնքը, իրականութիւն է սակայն՝ որմէ ճողոպրիլ անհնար է առայժմ։

Եւ այս օրէնքը այնքան կտրուկ, հարկեցուցիչ արդարութիւնն է ներկային, որ նոյնիսկ պատերազմի, արիւնահեղութեան եւ թնդանօթի անհաշտ ոխերիմ, զուտ խաղաղասիրական կազմակերպութիւններն անգամ ստիպուած են թողուլ վճռական րոպէին իրենց սիրական վարդապետութիւնները, թողուլ գաղափարային հանգիստ յեղաշրջման քարոզութիւնները եւ վեր կենալ թշնամիին դէմ զէնքով, Անիրաւութիւնը պատժել սպառազէն ուժով։

Նայեցէք դէպի Ռուսաստանը, նայեցէք դէպի Մոսկուայի վերջին հրաբխային ապստամբութիւնը եւ այն պատնէշները՝ որոնց ետեւէն դիւցազնաբար կռուեցաւ ու մեռաւ ռուս գործաւոր դասակարգը, ռուս ընկերվարականութեան մէկ մասը։

Եւ սակայն ընկերվարականութիւնը իր սկզբունքներով, իր ոգիովն ու էութեամբը ինքզինք հակառակ կը հռչակէ զէնքի յաղթանակին ու զէնքի գործածութեան։

Յիւրաքանչիւր կազմակերպութիւն՝ ըլլայ ընկերական թէ քաղաքական՝ անպայման պէտք ունի ուժի մը, կամ ուրիշ խօսքով, հարկադրիչ տիրական միջոցի մը՝ որուն դիմել ստիպուի, երբ տեսնէ թէ իր հեղինակութիւնը յարգել տալու, իր ընդհանրական շահերը պաշտպանելու, իր նպատակներուն իրականացում տալու այլեւս ուրիշ ճար չի կայ։

ԲԱՆԱԿՆԵՐՆ են որ այսօր կ’ապահովեն հայրենիքը, բանակներն ե՛ն որ հեղինակաւոր ու ազդու կը դարձնեն իրենց պետական անձնաւորութիւններուն խօսքն ու առաջադրութիւնները, բանակներն են որ իրենց ուսերնուն վրայ կը կրեն հայրենիքին իրաւունքն ու կամքը։

Այսպէս հայ ժողովուրդն ալ՝ այն օրէն որ դուրս գալով իր կրաւորական, ստորնացուցիչ ու կամակատար վիճակէն՝ մտնել ուզեց քաղաքական դերի, որոշ կազմակերպութեան մը մէջ, անհրաժեշտութիւնն զգաց այդ ուժին, այդ բանակին ՝ իհարկէ որքան որ ձեռնտու կրնային ըլլալ իր միջոցները։

Յեղափոխութիւնը, յեղափոխական զինուորը՝ կը կազմեն հայ ժողովուրդին բանակը։

Քանդեցէք այդ ուժը Հայուն ծոցէն եւ պիտի տեսնէք թէ Հայը եւ Հայկական խնդիրը հաւասարապէս գերեզմանի դադապարտուած մեռելներ են։ Համակերպութեան, անտրտունջ լռութեան, համբերատար նուաստացման յանձնառու ազգը չի կրնար իր իրաւունքներն ու երջանկութիւնը գտնել. եւ բնականաբար, չի կրնար սպասել որ ուրիշները իր վիճակով հետաքրքրուին, այդ վիճակին բարեփոխութեանը աշխատին եւ զայն յեղաշրջելու համար տէր ու պաշտպան կենան։

Բանակը ամէն ատեն զէնքի կոչուած չըլլար, ամէն օր կռիւի դաշտը չերթար, բայց իր գոյութեամբը իսկ լռին սպառնալիքն է արդէն եւ աշխարհի անողոք արդարութեան կը հսկէ։ Եւ հայրենիքը՝ կը պահէ ու կը սնուցանէ Բանակը խաղաղութեան ժամանակ, կը կազմակերպէ, կը կատարելագործէ ու կը սպառազինէ՝ որպէսզի անով իր գոյութիւնը պահպանէ։ Յեղափոխական կազմակերպութիւնն ալ նոյնն է Հայուն համար, ինչ որ է Բանակը անկախ ու ինքնակալ ազգի մը։

Եթէ հայ ժողովուրդը կը փափաքի եւ ասիկա տարակոյսի տակ չի կրնար իյնալ որ իր բողոքն ու աղերսը նշանակութիւն մը ունենան եւրոպական ազգերու առջեւ, եթէ հայ ժողովուրդը կը բաղձայ որ նոյնիսկ երբ պաշտպան հայասէրներուն դիմումները, աս ու ան ձեռնարկները իրենց մէջ որոշ ծանրութիւն մը, կշռող ազդեցութիւն մը ունենան նաեւ՝ պէտք ունի Յեղափոխութեան։

Յեղափոխութիւնը՝ հայուն կամեցումի արտայայտութիւնն է, հայուն պահանջին շօշափելի ձեւն է, Զայրոյթը, Բողոքն է՝ անհանդուրժելի դրութեան։ Առանց այդ Բողոքին, առանց այդ Զայրոյթին՝ մենք գոհունակութիւն յայտնած պիտի ըլլանք մեր վիճակին համար, հետեւաբար արտաքին միջամտութեան մը պէտքը զգալի ու անհրաժեշտ չի դառնար այլեւս մեզի։

Սխալ հասկացողութիւնները, քինալից չէզոքութիւնները, փրկութեան գործին դէմ հպարտ անտարբերութիւնները չեն որ պիտի ստեղծեն մեր դատին Յաջողութիւնը։ Անոնք որ այդ Յաջողութեանը համար կաշխատին, կը չարչարուին կը կռուին ու կը մեռնին՝ ամբողջութիւնը չեն հայ ժողովուրդին, բայց, ապահովաբար ամէնէն ազնիւ, ամէնէն մաքուր ու պաշտելի մասն են։ Անոնց ջանքերուն, անոնց գոյութեանը եւ անոնց գերեզմաններուն կը պարտինք ամէն անգամ որ հայուն փրկութեան գործքը քայլ մըն ալ առաջ կանցնի կամ երբ մխիթարական նոր երեւոյթներ կը պարպէ։

Ժողովուրդը պէտք է ըմբռնէ ասիկա եւ գուրգուրայ Յեղափոխութեան վրայ, ամրապնդէ, սպառազինէ եւ զօրաւոր վիճակի մը մէջ դնէ։ Առանց Յեղափոխութեան՝ ինք կամքէ ու կամեցողութենէ իսպառ զրկուած պիտի ըլլայ եւ այդ կամքը՝ ուրիշներու առջեւ յարգանդի ո՛չ մէկ նշանակութիւն, արժանաւորութիւն պիտի ունենայ։

Փաստի պէտք չի կայ, կեանքը մէջտեղն է։

Ռուսճուգ

Թիւ 30, 1906, Փետրուար 1